2009-10-01 13:54:00

Հոգեբարոյական հարցեր ''Բայց Հեզերը Տեղ Ունի՞ն'' նիւթին մասին


Հոգեբարոյական հարցեր ''Բայց Հեզերը Տեղ Ունի՞ն'' նիւթին մասին

 Համեստութիւն, հեզութիւն, բարութիւն, ազնուութիւն եւ պարկեշտութիւն, վերջին ժամանակներուն սկսեր են նկատուիլ տկարութեան հոմանիշ բառեր եւ արտայայտութիւններ: Եթէ մէկը հեզ է ու բարի, պէ՞տք է անպայման զայն նկատել տկար ու խեղճ: Աւելին, փորձ կը կատարուի նաեւ զայն նկատել տգէտ, կամ՝ շրջապատի անցուդարձերէն անտեղեակ մնացող միամիտ մը:

 Բնականաբար կան տկարամիտներ, որոնք դիւրաւ կը խաբուին, երբեմն ծիծաղի առարկայ կը դառնան, դժուարաւ կը հասկնան մարդոց սրամտութիւնները, չեն հասկնար կատակները, ու աւելի ուշ կամ երբե՛ք չեն խնդար, երբ իսկապէս ծիծաղաշարժ նիւթ մը խօսուի:

 - Բայց հեզերը տեղ ունի՞ն,- պիտի ըսէր կեանքի մէջ միշտ իր հեզութեան պատճառաւ հարուածուած բարեկամ մը:

 Տուժող կողմ նկատուած են հեզեր, խոնարհ մարդիկ: Իսկ ամբարտաւանութեան աշտարակին վրայ կանգնողներ՝ յաղթական կողմ: Եթէ այս է ճշմարտութիւնը, կը նշանակէ, թէ աշխարհի սկզբունքները փոխուած են: Իրենց համեստութեան ու պարկեշտութեան զոհ գացողներ անպայման տկար մարդիկ չեն: Անոնց մէջ կան այնպիսի անձեր, որոնք գիտակցաբար յանձն կ՛առնեն զոհուիլ, քան թէ հրաժարիլ իրենց կեանքի սկզբունքէն՝ համեստութենէն:

 Սա առաքինութիւն մըն է ինքնին, որ վարժութեամբ ձեռք կը ձգուի: Կը ճանչնամ մեծահարուստներ, որոնք օդանաւի սովորական տոմսակներ կը գնեն, մինչ կրնային առաջնակարգ ու հանգստաւէտ պայմաններով ճամբորդել: Երբ անոնցմէ մէկուն հարց տրուեցաւ, թէ ինչո՞ւ այդքան երկար թռիչքներ առաջնակարգ պայմաններով չես կատարեր, ան պատասխանեց ըսելով, թէ երկու կարգերն ալ՝ թէ՛ առաջնակարգը եւ թէ երկրորդականը, նոյն երկիրը պիտի հասցնեն: Յետոյ իմացանք նաեւ, որ տարուան ընթացքին բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կատարող այս անձը, օդանաւի երկու կարգերուն տարբերութիւնը եղող գումարը խնայելով՝ կարիքաւոր ուսանողներու կրթաթոշակ կը յատկացնէր…:

 - Բայց հեզերը տեղ ունի՞ն…,- դարձեալ պիտի հարցնէր նոյն բարեկամս:

 Այո՛, հեզերը տեղ ունին, եւ Յիսուսի խոստումին համաձայն, անոնք «պիտի ժառանգեն երկիրը» (Հմմտ Մտ 5.5): Այս բաժնին մէջ, Յիսուս երանի՜ կու տայ հեզերուն, որովհետեւ անոնք երկիրը պիտի ժառանգեն: Ճշմարիտ է այս խօսքը նաեւ այն իմաստով, որ մարդիկ անպայման պիտի խպնին ու ամօթով մնան, երբ տեսնեն, թէ իրենց տկար ու խեղճ կարծած մարդուն հոգիին մէջ բազմած է վեհանձն ու մեծ անհատականութիւն մը. մէկը, որ գիտէ իր հաճոյքն ու հանգիստը զոհել ուրիշին համար: Երկիրը իր բնակչութեամբ, նման մարդոց սովէն կը տառապի: Եւ ի վերջոյ իրենց համեստութեամբ պիտի թագաւորեն այդպիսիներ՝ ամբողջ երկրին տիրելով, ու Աստուծոյ կողմէ զանիկա իբր ժառանգ ստանալով:

 Հեզերը ո՛չ միայն տեղ ունին, այլ միակ ժառանգորդները պիտի ըլլան այս երկրին: Պէտք չէ՛ յուսահատիլ, ո՛չ ալ պէտք է յոգնիլ հեզ ըլլալու առաքինութենէն…:








All the contents on this site are copyrighted ©.