2009-10-01 12:51:37

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Հանդէս Կու Գայ Յայտարարութեամբ։

Մայր Աթոռէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ Սեպտեմբեր 30ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողով՝ նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին: Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ ընթացող քննարկումներուն՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ.  «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը ողջունում է Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ առանց նախապայմանների դիւանագիտական կապերի հաստատման եւ հայ-թրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացը՝ ի խնդիր տարածաշրջանում անվտանգութեան ապահովման, խաղաղութեան պահպանման եւ համագործակցութեան զարգացման: «Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դրական է գնահատում գործընթացի շրջանակներում ծաւալուած համահայկական քննարկումները: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը վերահաստատում է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անվիճարկելի իրողութիւն է, ինչպէս եւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութեան եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Մեր ժողովուրդը եւ հայրենի իշխանութիւնները երբեք չեն հրաժարիր հետապնդելու եւ պաշտպանելու մեր ազգային արդար իրաւունքները: «Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յորդորում է ազգի բոլոր զաւակներին դրսեւորել առաւելագոյն իրատեսութիւն եւ շրջահայեացութիւն, որպէսզի խուսափենք ազգավնաս բեւեռացումներից եւ միաբանութեան մէջ դիմագրաւենք մեր ժողովրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:

Ամերիկահայերու Մտահոգութիւնները Կը Փոխանցուին Զուիցերիոյ Դեսպանին. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29ին, ամերիկահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Ուրս Զիսուիլըրի հետ՝ անոր փոխանցելու համար Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ գոյացած Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել միտող արձանագրութիւններուն նկատմամբ ամերիկահայութեան մտահոգութիւնները, միաժամանակ շեշտելով, թէ այդ արձանագրութիւնները վտանգ կը սպառնան հայութեան իրաւունքներուն, ապահովութեան եւ պատիւին: Զուիցերիոյ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ մը եղած է ամերիկահայութեան եւ աշխարհի տարածքին ապրող հայութեան համար կենսական նշանակութիւն ունեցող այս հարցին շուրջ կարծիքներու անկաշկանդ փոխանակման: Զուիցերիոյ եւ հայութեան ու Հայաստանի միջեւ բարեկամութիւնը երկարամեայ պատմութիւն ունի: Արդարեւ, Զուիցերիա կարեւոր օժանդակութիւն տրամադրած է հայութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն եւ վերջերս վաւերացուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, ինչպէս նաեւ զայն ուրացողները պատժող օրէնք մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ ՄԵՐԺՈՂ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ։
Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ տարուող արշաւին ծիրին մէջ, բնականաբար լիբանանահայութիւնը չէր կրնար լուռ մնալ։ Այս առնչութեամբ չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ քարոզչական եւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն, տեղի ունեցաւ ՝՝Մերժե՛նք թրքական նախապայմանները, մերժե՛նք Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները՝՝ կարգախօսով ժողովրդային հաւաք։ Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Եպս. Խաչերեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդի անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, հոգեւորականներ, պատկան մարմիններու, միութիւններու ու մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ բազմահազար հայորդիներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.