2009-09-30 13:19:43

Լուրեր հայրենի կեանքէն։Լոռիի մարզի Ահնիձոր գիւղին մէջ անձրեւը փրկած է խաչքար մը։


Լուրեր հայրենի կեանքէն։

Լոռիի մարզի Ահնիձոր գիւղին մէջ անձրեւը փրկած է խաչքար մը։

Լոռիի մարզի Ահնիձոր գիւղի բնակիչները յունիսի սկիզբէն ի վեր նկատած են խաչքար մը, որ այդ օրերուն կերեւար անոր միայն մէկ ծայրը։ Ըստ համայնքի ղեկավար Մերուժան Ղազարեանի, գիւղացիները իրենց ուժերով փորձած են խաչքարը դուրս հանել, սակայն ի դերեւ ելած է անոնց ջանքերը, որովհետեւ խաչքարը հողին մէջ շատ խորունկ կերպով թաղուած է։ Հետեւաբար անոնք վախցած են, որ կրնան վնասել խաչքարին, ուրեմն ձգած են հողին մէջ։ Վերջին ամիսներուն անձրեւները վրայի հողը քշելով՝ խաչքարը երեւելի դարձուցած են։ Ըստ գիւղացիներուն, շուրջ 300 տարի առաջ այս տարածքին վրայ բնակած են յոյներ, որոնք ժանտախտէ մահացած են։ Անոնք կը կարծեն, թէ խաչքարը այդ ժամանակէն եկած է եւ ժամանակի ընթացքին հողով ծածկուած ու կորսուած է։



Սիրելի եղբայրս` հայերը Թուրքիոյ մէջ 100 տարի առաջ խորագրով բացիկներու ցուցահանդէս Երեւանի մէջ։

Սեպտեմբեր 15-28, Սիվիլիթաս հիմնադրամի եւ Պիրզամանլար հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է Սիրելի եղբայրս հայերը Թուրքիոյ մէջ 100 տարի առաջ խորագրով բացիկներու ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած է Օսմանեան կայսրութեան օրերուն՝ 1900-1910 թուականներուն, հայ համայնքներու կեանքին մասին պատմել Օրլանտօ Քալումենոյի հարիւրաւոր բացիկներու հաւաքածուն։

Բացիկները հրատարակուած են անցեալ դարասկիզբին՝ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, հայ եւ օտար հրատարակիչներու կողմէ։ Բացիկները կը նկարագրեն Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն ապրած հայերու կեանքին, հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու, հայերու պատկանող բազմաթիւ գործարարներու, ճաշարաններու, պանդոկներու եւ այլ հաստատութիւններու մասին։ Այնթապի, Մարաշի, Զէյթունի, Կեսարիոյ, Մուշի, Վանի, Էրզրումի, Կարսի եւ այլ բազմաթիւ քաղաքներու, գիւղերու, գիւղաքաղաքներու մէջ բնակող հայերու կենցաղին, զբաղմունքին, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու կողմէ հայկական թաղամասերու մէջ իրականացուած բարեգործական աշխատանքներու եւ պատմական տարբեր վայրերու եւ իրադարձութիւններու մասին պատմող աւելի քան 4000 փոստային բացիկներու եւ անոնց պահարաններու հաւաքածոն կը պատկանի իտալացի Օրլանտօ Քալումենոյի, որուն մայրը հայ է։

Բացիկներէն 500-ը թուրք պատմաբան եւ հրատարակիչ Օսման Քեոքերի ջանքերով առաջին անգամ ցուցադրուած է 2005 թուականի յունուարին, Պոլսոյ մէջ, Սիրելի եղբայրս խորագրով ցուցահանդէսի մը ընթացքին, իսկ հետագային՝ եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ եւս։

Օսման Քեոքեր հրատարակած է 400 էջնոց գիրք մը՝ նուիրուած բացիկներու հաւաքածոյին։ Ան բազմիցս խօսած է, թէ գիրքին հրատարակութիւնը բաւական բարդ եղած է, որովհետեւ որեւէ հրատարակչութիւն չէ ստանձնած հրատարակել Օսմանեան կայսրութեան օրերուն հայերուն ունեցած զգալի ներկայութեան, ինչպէս նաեւ անոնց ունեցած մշակութային ու տնտեսական մեծ աւանդին մասին պատմող գիրքի մը հրատարակութիւնը։ Ուստի, ան ստիպուած եղած է հիմնելու սեփական Պիրզամանլար հրատարակչութիւնը, որպէսզի հրատարակէ գիրքը։

Առաջին անգամ ըլլալով հայրենի ժողովուրդը կարելիութիւն ունեցած է ծանօթանալու Թուրքիոյ մէջ անցեալ դարասկիզբին հայերու ունեցած զգալի ներկայութեան մասին պատմող այս բացառիկ հաւաքածոյին։

Յայտնենք, որ բացիկներու ցուցահանդէսին պաշտօնական հովանաւորն է՝ Հայփոստ փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը։ Եւ յիշեցնենք, որ մինչեւ Ա համաշխարհային պատերազմ՝ 1914 թուական, աշխարհի մէջ մօտաւորապէս կապրէր 4,1 միլիոն հայ, որոնց 2,1 միլիոնը կապրէր Օսմանեան կայսրութեան տարածքին։ 1915-1923 թուականները Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող աւելի քան 1,5 միլիոն հայ ոչնչացուած է եւ տեղահանուած է։ Հետագային այս դէպքերը աշխարհի շատ մը պետութիւններ եւ յայտնի գիտնականներ անուանած են 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.