2009-09-30 13:00:31

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՍԼԷՅՄԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ։ Հայաստանի հանրային ռատիոն կը հաղորդէ, որ 1 հոկտեմբերին սկսող Համահայկական Ուղեւորութեան նախօրեակին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյմանի հետ։ Հաղորդակցութեան ընթացքին Լիբանանի նախագահը անգամ մը եւս ընդգծած է Լիբանանի ժողովուրդին առանձնայատուկ համակրանքը հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Երկու նախագահները բարձր գնահատած են երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական սերտ յարաբերութիւնները՝ ընդգծելով լիբանանահայ համայնքին ծանրակշիռ ներդրումը հայ-լիբանանեան բարեկամութեան զարգացման գործին մէջ։ Նախագահները միտքեր փոխանակած են նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։

ՀԱԿԱՌԱԿ ԲՈԼՈՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, ՖՈՒԹՊՈԼԱՅԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ՏԱԼ (Կ՝ԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ) ։ ՄԱԿ-ի 64-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ այլ հարցերու շարքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան խօսած է շրջանային խնդիրներու եւ, մասնաւորապէս, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին։ Ըստ Նալբանդեանին, դրացի պետութիւններու միջեւ վստահութիւնն ու իրարու հաշուետու ըլլալը շրջանին մէջ համագործակցութեան ու կայուն անվտանգութեան երաշխիքներ են։ Մենք հարաւային Կովկասի մէջ պէտք է տակաւին ատոր հասնինք։ Մեր շրջանը աշխարհի քաղաքական քարտէսին վրայ ամէնէն զգայուն կէտերէն մէկն է, որ լի է անվտանգութեան սպառնալիքներով ու վտանգներով։ Փակ սահմաններն ու խաթարուած յարաբերութիւնները կենսակերպ դարձած են։ Այսուհանդերձ, յոյս կայ, որ համարձակ քայլերն ու անոնց համարձակ պատասխանը իրավիճակի բարելաւումը կարելի կը դարձնեն։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, որ անցեալ սեպտեմբերին սկսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ ու կոչուեցաւ ֆութպոլային դիւանագիտութիւն, կը խոստանայ արդիւնքներ տալ՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն( ըսած է Է. Նալբանդեան)։

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ 1 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ։ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, Տաւուշի մարզին մէջ ԵԱՀԿ-ի իրականացուցած դիտարկման նուիրուած ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 1 հոկտեմբերին Երեւան պիտի այցելեն։ Քասփրչիք նաեւ յայտնեց, որ համանախագահներ Ռոպերթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ), Եուրի Մերզլեաքով (Ռուսիա), եւ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա) պիտի այցելեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, ապա Պաքու պիտի մեկնին։ Համանախագահներուն այցելութեան նպատակը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հերթական հանդիպումը նախապատրաստելն է։

ԸՍՏ ԼԱՐԻՍԱ ԱԼԱՎԵՐՏԵԱՆԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆՕՐԷՆ ԿԸ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻՆ (Կ՝ԸՍԷ ԼԱՐԻՍԱ ԱԼԱՎԵՐՏԵԱՆ)։ Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Լարիսա Ալավերտեան, խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին, ըսած է, որ ժառանգութիւնը չէ մերժած հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը, այլ պարզապէս այդ յարաբերութիւնները գործնական չէ նկատած։

ՊԷՅՐՈՒԹ։ ՀՅԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՍԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ 5-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ։ 25 եւ 26 սեպտեմբեր 2009-ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուեցաւ Ասիոյ քաղաքական կուսակցութիւններու 5-րդ համաժողովը (ICAPP)։ Համաժողովին մասնակցած էին աւելի քան 76 քաղաքական կուսակցութիւններ, որոնք կը ներկայացնէին Ասիոյ ցամաքամասի շուրջ 40 երկիրներ։ Համաժողովին առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէին արաբական հետեւեալ երկիրները՝ Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Յորդանան, Պահրէյն եւ Պաղեստին։ Լիբանանէն ներկայ էին Մուսթաքպալ հոսանքի, լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներ։ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւօ Կիտանեանէն եւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանէն։ Համաժողովի գլխաւոր թեման էր ՝՝Դէպի ասիական դար՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.