2009-09-29 13:09:38

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ շաբաթ առաւօտ հեռաձայնային խօսակցութիւն մը տեղի ունեցած է Արամ Ա կաթողիկոսի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ։ Բաժանմունքը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ շաբաթ նախագահ Սերժ Սարսեան նաեւ պիտի այցելէ Լիբանան եւ այդ առիթով առանձին հանդիպում պիտի ունենայ Վեհափառին հետ։
ՔԼԻՆԹԸՆ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ։
Հայաստան - Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան(որ տեղի պիտի ունենայ 10 հոկտեմբերին՝ Ցիւրիխի մէջ) կը նախատեսուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ներկայութիւնը։ Գերմանական NZZ online հրատարակութիւնը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւնը արդէն յատուկ սենեակ ապահոված են պանդոկին մէջ։ Ըստ լուսաբանողներուն, Քլինթընի ներկայութիւնը ապացոյց պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու շահագրգռուածութեան՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ՝ ՀԱՅ - ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋՆՈՐԴԵԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կը շարունակէ իր հանդիպումները Նիւ Եորքի մէջ։ Շաբաթ օր ան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ, Աւստրիոյ, Զուիցերիոյ, Սերպիոյ, Ղազախստանի, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ջերմ եւ անմիջական հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը երկկողմանի, շրջանային եւ միջազգային հարցեր։ Էդուարդ Նալբանդեան Սերկէյ Լաւրովին ներկայացուց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն մանրամասնութիւնները։
Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Միշլին Քալմի Ռէյի հետ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին, Նալբանդեան անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան մարզերու ընդլայնման հարցերուն՝ նշելով, որ այդ գործին մէջ լուրջ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Երեւանի մէջ բացուած Զուիցերիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան գրասենեակը։

ԿԼԵՆՏԷՅԼ -ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ՝ ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ Կլենտէյլի մէջ կազմակերպուած 27 սեպտեմբերի համա-գաղութային հաւաքին նախօրեակին, Հորիզոն պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ չորս ժամնոց յատուկ ծրագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ ՀՅԴ-ի, Սոցիալ Դեմոկրատ հնչակեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ լոսանճելըսահայ կրօնական, հայրենակցական, մշակութային, հասարակական, կրթական, գրական, բարեգործական, սկաուտական եւ այլ բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, հաստատութիւններու եւ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ։ Միւս կողմէ թուրք պաշտօնատար մը կիրակի օր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան բացայայտեց, որ Հայաստանն ու Թուրքիան 10 հոկտեմբերին Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ պիտի ստորագրեն Հայաստան-Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւնները։ Այս բացայայտումէն կարճ ժամանակ ետք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հաստատեց լուրը՝ յայտնելով, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները 10 հոկտեմբերին հանդիպում պիտի ունենան եւ պիտի ստորագրեն նախաստորագրուած փաստաթուղթը։ Այս արարողութեան հաւանաբար մասնակցի նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին միջնորդութիւն կատարած Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Միշլին Քալմի-Ռէյը։







All the contents on this site are copyrighted ©.