2009-09-27 13:44:42

Հռոմի հայ համայքի խորհուրդի անձանակզմի հանդիպումը Հ Հ նորանշանակ դեսպան Ռուբէն Կարապետեանին հետ


ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ։ Յոյն-Օրթոտոքս Պատրիարքը Երոնիմոս իրենց պաշտօնէն հեռացուցած՝ 56 ժողովրդապետներ,անոր համար որ անոնք չեն ներկայացուցած իրենց Եկեղեցիներուն հայող ելեւմտական տեղեկագիրը։Պատրիարք Երոնիմոս պաշտպան տնտեսական առաւել թափանցկութեան մը՝ Յոյն-Օրթոտոքս Եկեղեցիներէն ներս, պահանջած ու ձեռք ձգած է (ինչպէս որ կը տեղեկացնեն զանգուածային լրատու միջոցները) կրօնաւորներու հրաժարականները,որոնք մինչեւ օգոստոս ամիսը չէին ներկայացուցած իրենցմէ պահանջուած մանրամասնուած տեղեկագիրը իրենց ժողովրդապետութիւններու ֆինանսական կացութեան մասին։Երոնիմոս Պատրիարքի այս որոշումը կուգայ այն պահուն երբ Օրթոտոս Եկեղեցին ու իր ինչքերը հանրային կարծիքի նշանակէտը դարցած են Աթոս լեռան Վադոբէտիի վանքի կալուածական գայթակղութենէն ետք,ու նաեւ ընկերվարական ղեկավար Ճորճօ Բաբաանտրէուի այն յայտարարութեէն ետք թէ ՝՝եթէ ընտրուի տուրքի պիտի ենթարկէ բոլոր մեծ կալուածները, ներառեալ եկեղեցական կալուածները։



Հռոմի հայ համայքի խորհուրդի անձանակզմի հանդիպումը Հ Հ նորանշանակ դեսպան Ռուբէն Կարապետեանին հետ



Ուրբաթ 25 Սեպտեմբեր 2009-ի յետմիջօրէին, Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի անձանակզմը, գլխաւորութեամբ՝ խորհուրդի նախագահ՝ Տիար Միքայէլ ԺանԺէյի այցելեցին Հ Հ դեսպանատունը Հռոմի մէջ, ծանօթանալու եւ բարի գալուստ մաղթելու Իտալիոյ կառավարութեան մօտ Հ Հ նորանշանակ դեսպան Ռուբէն Կարապետեանին։

Վսեմաշուք դեսպանը իր ուրախութիւնը յայտնեց այս հանդիպումին համար նշելով որ դեսպանատունը բոլոր հայերուն տունն է, ծանօթացաւ խորհուրդի աշխատանքներուն եւ պատրաստակամութիւնը յայտնեց ամէն կերպով աջակցելու ձեռնարկներուն։

Տիար Միքայէլ Ժանժէն այս առիթով հրաւիրեց դեսպանը այցելելու Հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին ՜՜Մալոյեան Մշակութային կեդրոնը՝՝ ու ծանօթանալու Հռոմահայ ընտանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.