2009-09-26 12:58:46

Տօն Վարագայ Ս Խաչի - Կիրակի սեպտեմբեր 27 հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Վարագայ Ս Խաչի տօնը։


Տօն Վարագայ Ս Խաչի - Կիրակի սեպտեմբեր 27 հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Վարագայ Ս Խաչի տօնը։



Ի՞նչ է Վարագայ Ս Խաչը եւ ո՞ւր է անոր տեղը եւ արժէքը մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Վարագը Վան քաղաքի մօտ գտնուող լեռ մըն է, որ կը գտնուի Վանայ Հարաւ-արեւելեան կողմը, Վանայ լիճէն 10 քմ դէպի արեւելք եւ որուն բլուրներէն մէկը կը կոչուի Գալիլիա։

Հայ եկեղեցին տարուայ մէջ Քրիստոսի Խաչափայտին նուիրուած քանի մը տօներ ունի։ Այսպէս Գիւտ Խաչի տօնը, Երեւումն Ս Խաչի, Վերացումն Ս Խաչի կամ Խաչվերացի տօները։ Այս տօներէն անկախ ունի նաեւ այլ տօն մըն ալ որ կը կոչուի Վարագայ Ս. Խաչի տօնը։

Աւանդութիւնը կ'ըսէ, որ հայոց Տրդատ թագաւորի օրով, երբ հռոմէական բանակներէն հալածական Հռիփսիմեան կոյսեր Հայաստան կուգան ու բնակութիւն կը հաստատեն Վարագայ լեռներու բարձունքներուն վրայ։ Իր ժամանակին անոնք կունենան գաղտնի աղօթակիցներ եւ հետեւորդներ։ Հռիփսիմէ իր վզին կը կրէր Կենաց Փայտէն խաչ մը, որ հալածանքի օրերուն զայն կը յանձնէ հաւատաւոր ճգնաւորներու ու կը թելադրէ որ պահեն Գալիլիա կոչուած լեռներու ծերպերուն մէջ հալածիչներու ձեռքը չիյնալու համար ու ինք իր հետեւորդներով կը մեկնի դէպի Վաղարշապատ, հայոց մայրաքաղաքը, որը ներկայիս Էջմիածինն է։

653 թուականին, Գլակայ վանքի վանահայր Թոդիկ Ճգնաւոր, իմանալով որ Քրիստոսի Խաչափայտէն մասունք մը պահուած կայ Վարագ լերան ժայռերուն մէջ, իր աշակերտներէն Յովէլի հետ կը լծուի փնտռտուքի։ Եւ օր մը, Թոդիկ իր աղօթքներուն մէջ վերացած, յանկարծ հրաշալի լուսաւորութիւն մը կը տեսնէ Վարագայ լերան գագաթին, շրջապատուած 12 լուսեղէն սիւներով։ Թոդիկ իր հետ առնելով Յովէլը կը փութայ դէպի լոյսը, որը կամաց-կամաց կը տեղափոխուի դէպի Վարագայ վանք ու կը հանգչի Ս Սեղանին վրայ։ Թոդիկ եւ իր աշակերտը կը մտնեն եկեղեցի եւ հոն լոյսերու ողողումին տակ կը տեսնեն Ս Խաչը հանգչած է Ս Սեղանին վրայ։

Հրաշալի լուսաւորութիւնը կը տեւէ 12 օրեր։ Հեռաւոր շրջաններէն հաւատացեալներ խուռներամ կը փութան վանք Ս Խաչը տեսնելու համար։ Օրուան կաթողիկոս Ներսէս Գ Շինող հայրապետ (640-661), իր հետ առնելով Ռշտունեաց Թէոդորոս նախարարի Վարդ անունով որդին, կուգայ դէպքին վայրը իր աղօթքով ժողվուրդի ուրախութիւնն ու մխիթարանքը բաժնելու։ Շուտով կը կառուցուի Ս Նշան անունով եկեղեցի մը ներքին Վարագի մէջ եւ Սրբութիւնը հոն կը փոխադրուի։ Այս առիթով Ներսէս Շինող կաթողիկոս խաչին եւ անոր տեսիլքովն հիացած կը յօրինէ նշանաւ ամենայաթ խաչիւդ քո Քրիստոս գեղեցիկ շարականը, կը նուիրագործէ սրբազան երեւոյթը, շաբթուայ մը պահեցողութիւն կը թելադրէ ու կը տնօրինէ յատուկ տօնախմբութիւն, ամէն տարի կատարելի։

Այստեղ յիշատակենք, որ Ս Խաչը ճգնաւորներու նախանձայուզութեան առարկայ եղած է։ Կեանքի գերագոյն երազ եւ առանձնաշնորհում։

Մեծ վանեցին՝ Խրիմեան Հայրիկ, վանայ իր առաջնորդութեան շրջանին, Վարագայ վանքին մէջ կը բանայ դպրոց, ձեռագրատուն, տպարան ու զարկ կուտայ մշակութային եռուն գործունէութեան։ Վարագայ վանքը այնուհետեւ կը դառնայ գաւառի մշակութային կեդրոնը։ Այս վանքին մէջ է որ լոյս կը տեսնեն Խրիմեանի Արծուի Վասպուրական թերթը եւ այլ գրական գործեր։ Յիշատակութեան արժանի է, որ այս դպրոցէն ընթացաւարտ եղած է Գարեգին եպիսկոպոս Սրւանձտեանց։ Որոշ ժամանակ մը այս դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն ըրած է նաեւ մեծ վիպասան Ռաֆֆին։

Ամերիկահայոց նախկին առաջնորդ հոգելոյս Մեսրոպ արք Աշճեան ամերիկահայ ուխտաւորներով դէպի Արեւելեան Հայաստան իր ուխտագնացութեան ընթացքին այցելած է նաեւ Վան եւ մօտակայ շրջանները։ Հոգելոյս սրբազան հօր թելադրանքով պատրաստուած վիտէօ-երիզին մէջ ի յայտ կուգայ, որ երբեմնի ճոխ ու հարուստ Վարագայ վանքէն աւերակներ միայն մնացած են, որուն խոռոչներուն մէջ քիւրտ ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած ու երկրաշարժներէն քանդուած վանքի քարերն ու խաչքարերը առած ու իրենց տուներուն պատերը հիւսած կամ տան անկիւնաքարերը ըրած են։ Գրեթէ ոչինչ մնացած է անցեալէն։ Ամէն կողմ լուռ ամայութիւն մը։ Տեղացի բնակիչները կը վկայեն, որ իրենց գողցած կամ առած քարերը երբեմնի վանքի մը քարերն են, ուր ժամանակին հայեր ապրած են այդ շրջանները։ Վան, Այգեստան, Վարագայ վանք, այս բոլորը պատմական յիշատակներ են այսօր ու կը մնան այդպիսին։ Ապրիլեան Եղեռնով ամէն ինչ կործանած ու քանդուած է։ Այսօր ո՛չ Վարագայ վանք կայ եւ ո՛չ ալ դպրատուն։ Այդ բոլորի յիշատակն է որ կապրի մեր մէջ։ Անուններն են որ մնացած են մեր ժողովուրդի պատմութեան էջերէն ներս ու գործը, Խրիմեանի գործը, որ խօսուն վկայութիւնն է իր ժողովրդանուէր ծառայութիւններուն, պիտի մնայ ներշնչումի աղբիւր եւ ոգեզինման խորունք գրաւական գալիք սերունդներու կեանքին եւ գործունէութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.