2009-09-26 12:59:13

լուրեր հայ աշխարհէն - Վէմ համահայկական հանդէսի անդրանիկ թիւին շնորհանդէսը Երեւանի մէջ։


լուրեր հայ աշխարհէն - Վէմ համահայկական հանդէսի անդրանիկ թիւին շնորհանդէսը Երեւանի մէջ։
Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ, չորեքշաբթի օրը, տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Վէմ համահայկական հանդէսի ապրիլ-յունիս 2009 թիւին, որ առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ՝ Սիմոն Վրացեանի կողմէ 1933-1939 թուականներուն հրատարակուած եւ 70 տարիներ շարունակ լոյս չտեսած թիւերէն ետք։
Հանդիսութեան ներկայ էին մեծ թիւով ակադեմականներ, մտաւորականներ, հայրենի հասարակական գործիչներ եւ լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ։
Այս առիթով խօսք առնողները, ՝ լուսարձակի տակ առին այն հանգամանքը, որ Վէմը ճշմարտութեան խարիսխն է ու զայն տարածողը, Վէմը գիտական հանդէս է՝ առարկայական ու ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած, ինչպէս նաեւ անիկա ունի համահայկական բնոյթ ու տարողութիւն։ Անոնք նաեւ դիտել տուին, որ ասիկա մեծ երազի մը իրականացումն է ու կը հետապնդէ յստակ նպատակ՝ ճշմարիտն ու իսկականը հասցնելու ընթերցողին, անաչառ գիտական իմաստութիւնը վերականգնելու, առանց խտրականութեան բոլոր գիտական միտքերը համախմբելու իր շուրջ եւ նոր հորիզոններ բանալու ինքնուրոյն մտքի ու գաղափարի ձեւաւորման դիմաց։
Բոլորը ողջունեցին, գնահատեցին ու քաջալերեցին նման հրատարակութիւն մը՝ մաղթելով, որ անիկա կը շարունակէ իր սկսած հաստատաքայլ ուղին, որովհետեւ նման հրատարակութիւններու կարիք կայ ներկայ հանգրուանին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հայ դատի առնչուող ճշմարտութիւններուն։
Խմբագիր Գէորգ Խուդինեան իր կարգին յառաջիկայ ծրագիրները ներկայացուց ներկաներուն՝ նշելով, որ անոնց մաղթանքները իրականութիւն դարձնելու ջանք, ճիգ ու վճռականութիւն չի պակսիր, ինչպէս նաեւ ծրագիրներ կան աւելի ընդարձակելու աշխատանքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.