2009-09-26 12:59:00

Ակնարկ մը հայկական ու միջազգային դէպքերու


Ակնարկ մը հայկական ու միջազգային դէպքերու



ՀՀ նախագահը Սփիւռքի գաղութներ իր շրջապտոյտը պիտի սկսի Փարիզէն

ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը յայտնէ, թէ Սերժ Սարգսեան հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին Սփիւռքի հայրենակիցներուն կարծիքը լսելու նպատակով, ծրագրած է յառաջիկայ Հոկտեմբերին համահայկական ուղեւորութիւններ կատարել։

Նախագահը իր այս մտադրութեան մասին երէկ տեղեակ պահած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Էջմիածինի մէջ անոր հետ ունեցած հանդիպման մը ընթացքին։

Ըստ նոյն գրասենեակի հաղորդման, Գարեգին Բ. ողջունած է նախագահին այս նախաձեռնութիւնը ու յաջողութիւն մաղթած է անոր։

Սերժ Սարգսեան Ամենայն հայոց կաթողիկոսը տեղեակ պահած է այն մասին, որ Հոկտեմբեր մէկին, մէկշաբաթեայ այցելութիւններու շարք մը պիտի սկսի Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի ու Տոնի Ռոսթովի հայկական մեծ գաղթօճախներ, լսելու համար տեղի եւ համեմատաբար մօտակայքը գտնուող այլ գաղթօճախներու հայութեան կարծիքն ու տեսակէտները հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։

Յայտնենք թէ Հայաստան-Թուրքիա կապերու ծիրին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները, յատկապէս քաղաքական-դիւանագիտական մակարդակներու վրայ տեղի ունենալիք յառաջիկայ բանակցութիւնները՝ Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնագիրներու հիման վրայ, արդար ընդվզումի ալիք մը սկսած են բարձրացնել թէ՛ Հայաստանի ժողովրդային շրջանակներուն մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Այս կացութեան դիմաց անհրաժեշտ է խոհեմ, իրապաշտ ու շրջահայեաց մօտեցում որդեգրել՝ հեռու մնալով զգացական պոռթկումներէ եւ ժամանակաւոր շահեր ապահովելու վատառողջ մտածելակերպերէ ու գործելակերպերէ, ըսած է Արամ Ա կաթողիկոսը ընդգծելով թէ Համահայկական մարտահրաւէրները համազգայի՛ն մասնակցութեամբ հարկ է դիմագրաւել



Թրքամէտ Քոնկրէսականները Կը Ջատագովեն Հայ-Թրքական Փրոթոքոլը

Թուրքիոյ աջակից խումբը ներկայացնող երեք քոնկրէսականներ նամակ մը յղած են ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան իրենց գործընկերներուն՝ կոչ ընելով, որ անոնք սատարեն Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտող արձանագրութիւններուն (փրոթոքոլին):

Իրենց նամակով քոնկրէսականներ Ռապըրթ Ուէքսլըր, Էտուըրտ Ուայթֆիլտ եւ Քէյ Կրէյնճըր կոչ ուղղած են հաւանութիւն տալու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Օգոստոս 31ի յայտարարութեան։



Ատանայի Ջարդերու Հարիւրամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրախանութի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին, Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենան քանի մը ձեռարկներ՝ նուիրուած Ատանայի ջարդերու հարիւրամեակին:

Նախ ելոյթ պիտի ունենան պատմաբաններ Արա Սարաֆեան (անգլերէնով) ու Կարօ Մոմճեան (հայերէնով): Ապա, Առնօ Երեցեանի համադրումով ու շրջանի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, տեղի պիտի ունենայ լուսանկարչական ու երաժշտական ներկայացում մը՝ ջարդերուն նուիրուած Սիամանթոյի եւ Զապէլ Եսայեանի գործերուն հիման վրայ:

Նոյն օրը, տեղի պիտի ունենայ Ատանայի ջարդերուն ականատես, գերմանացի լուսանկարիչ Էռնըսթ Ճախի լուսանկարներուն ցուցադրութեան պաշտօնական բացումը: Ցուցահանդէսը, որ սկիզբ պիտի առնէ Հոկտեմբեր 5ին, պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 29:



Թուրք Յօդուածագիրը Գերմանացիներու Օրինակին Հետեւելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքերուն

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սթար» թերթին մէջ, Էրկուն Պապահան կը նկարագրէ Աուշվիցի կեդրոնացման ճամբարին իր տուած այցելութեան տպաւորութիւնները: Հրէական ողջակիզման մասին գրելէ ետք, ան կ՛աւելցնէ, թէ վայրը ներկայիս թանգարանի վերածուած է, որպէսզի մարդիկ նային ու մտածեն, թէ ինչե՜ր եղած են պատմութեան մէջ: «Պայման է, որ մարդիկ դաս քաղեն պատմութենէն, որովհետեւ պատմութիւնը մարդկութեան մեծ դպրոցն է», կը գրէ Պապահան։

Էրկուն Պապահանի յօդուածին վերջին տողերը յատկանշական էին։ Ան կը գրէ. «Իրական քաջութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը կ՛անցնին անցեալի որքա՛ն հպարտացուցիչ, նոյնքա՛ն նաեւ ամօթալի ու մութ էջերը տեսնելու ու անոնցմէ դաս քաղելու ճամբէն։ Օգտակար է, որ այս տեսանկիւնէն նայուի նաեւ Հայկական Հարցին»։








All the contents on this site are copyrighted ©.