2009-09-25 13:33:52

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն
Հայ Եկեղեցին Կը Մասնակցի Ծոցի Շրջանէն Ներս Միջ-եկեղեցական Խորհուրդի Կազմաւորման Աշխատանքին


Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն
Հայ Եկեղեցին Կը Մասնակցի Ծոցի Շրջանէն Ներս Միջ-եկեղեցական Խորհուրդի Կազմաւորման Աշխատանքին
Սեպտեմբեր 14-17ի միջեւ, Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական համագումար մը՝ մասնակցութեամբ շուրջ 40 ներկայացուցիչներու: Անոնք եկած էին Ծոցի շրջանի զանազան եկեղեցիներէ՝ միասնաբար քննելու ու ծրագրելու շրջանէն ներս միջ-եկեղեցական խորհուրդի մը կազմաւորումը:
Ժողովին կը մասնակցէին նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայացուցիչներ:
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, յիշեալ համագումարին իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին Կորիւն արք. Պապեան՝ Քուէյթի եւ Ծոցի շրջանի կաթողիկոսական փոխանորդը, եւ Թենի Սիմոնեան՝ կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յանձնախումբի փոխատենապետուհին:

Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Խորհրդաժողով Քեսապի Մէջ
Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ, Քեսապի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերակազմակերպման եւ վերաշխուժացման խորհրդաժողովը։
եռօրեայ սոյն խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նոյն կալուածին մէջ մասնագիտութիւն ունեցող 25 անձեր, մանկավարժներ, տեսուչներ, ուսուցիչներ՝ Խորհրդաժողովը նպատակ ունէր միասնաբար քննել Կիրակնօրեայ դպրոցներու ներկայ կացութիւնը, եւ նկատի ունենալով աշխարհի արդիականացման եւ զարգացման ընթացքը՝ նոր թափ ու շունչ տալ Կիրակնօրեայ դպրոցներուն՝ այժմէականացնելով անոնց դաստիարակչական գործունէութիւնը։

Օտարագիր Հայ Գրողներու Երրորդ Համաժողովը UCLA-ի Մէջ
Օտարագիր հայ գրողներու երրորդ համաժողովը պիտի կայանայ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ, Նոյեմբեր 6-7: Նշենք, որ նախորդ երկու համաժողովները կայացած էին Երեւանի մէջ (2004ին եւ 2006ին):
Համաժողովը կազմակերպուած է Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ՝ մասնակցութեամբ UCLA-ի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին, համանախագահութեամբ Լեւոն Անանեանի ու Փիթըր Քաուիի:
Նկատի առնուած նիւթերն են՝ Ընտանիքի դերը իբրեւ ակունք եւ ներշնչման աղբիւր՝ գրական ստեղծագործութեանց համար, Գրողին եւ ընթերցողին միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւնը, Հայրենիքի գաղափարին զանազան անդրադարձները գրականութեան մէջ, Օտարագիր եւ հայագիր գրողներու միջեւ կապերը, Գրական ուշագրաւ նոր ուղղութիւններ եւ ակնկալութիւններ նոր սերունդի գրողներէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.