2009-09-25 13:32:57

Լուրեր հայկական կեանքէն



Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի հանդիպումը Հռոմի քաղաքապետ՝ Ճաննի Ալէմաննոյի հետ


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի հանդիպումը Հռոմի քաղաքապետ՝ Ճաննի Ալէմաննոյի հետ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարք Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. որ 17-24 Սեպտեմբեր 2009 Հռոմ կը գտնուէր մասնակցելու՝ Արեւելեան եկեղեցիներու կաթողիկէ համայնքապետերու յատուկ ժողովին եւ տեսակցութիւններ ունենալու՝ եկեղեցական պատասխանատուներու հետ, հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հռոմի քաղաքապետ՝ Ճաննի Ալէմաննոյի հետ։

Հռոմի քաղաքապետարանին ՜՜Գամբիտոլիօ՝՝ի մէջ, 22 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած՝ հանդիպումին ընթացքին, Հռոմի քաղաքապետը ողջունելով Կաթողիկէ Հայոց պատրիարքը, ըսաւ. ՜՜կ՝ապահովենք մեր ամբողջ զօրակցութիւնը , Հռոմի հայ համայնքին, որպէսզի կարենայ կատարել իր գործունէութիւնը, եւ լուծել քաղաքապետարանի վարչութեան հետ գոյացած հարցերը՝՝ Ալէմաննօ նաեւ ըսաւ թէ այս հանդիպումը առաջինն էր հայ կաթողիկէ համայնքի պետին հետ։ Համայքը որ կարեւոր ներկայութիւն մըն է մեր մայրաքաղաքին մէջ, որովհետեւ բազմաթիւ են տեսչական եւ ուսումնական քննարկումներու նիստերն ու գործունէութիւնները։

Քաղաքապետ՝ Ճաննի Ալէմաննօ յայտնեց թէ մօտ ատենէն փոխադարձ այցելութիւն պիտի կատարէ Հայ Կաթողիկէ համայնքապետին։

Այս հանդիպումէն ետք, մամլոյ կատարած իր յայտարարութեան մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ.՜՜ Քաղաքապետ Ճաննի Ալէմաննոյի հետ հանդիպումիս, գտայ բաց սիրտ եւ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն ՝՝ ։ Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին որ ուզեց աւելի մօտէն ճանչնալ հայ կաթողիկէ համայնքը, որ Յաւիտենական քաղաքին մէջ ունի ՜՜Լեւոնեան քահանայապետական հայ Վարժարանը ուր կը պատրաստուին ապագայ քահանաներ, ու նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութիւնը՝ Հայ մայրապետներու պատրաստման համար, որոնք կը պատրաստեն միսիոնարներ ծառայելու՝ աշխարհասփիւռ հայերուն՝՝։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշեց նաեւ որ Հռոմի հաստատութիւնները կապի մէջ են Հայաստանի մեր եղբայրներուն հետ, որոնք կը տառապին ՜՜ հետեւանք իրենց երկիրը հարուածած երկրաշարժին՝՝ ինչպէս որ պատահեցաւ նաեւ Իտալիոյ Աքուիլա քաղաքին մէջ։

Յիշեցնենք որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիսապետեց Հռոմահայերուն տօնախմբութեան, Հ. Հ. վերանկախացման 18-ամեակին առիթով։

Օտարագիր Հայ Գրողներու Երրորդ Համաժողովը UCLA-ի Մէջ։

Օտարագիր հայ գրողներու երրորդ համաժողովը պիտի կայանայ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, Նոյեմբեր 6-7: Նշենք, որ նախորդ երկու համաժողովները կայացած էին Երեւանի մէջ (2004ին եւ 2006ին):

 Համաժողովը կազմակերպուած է Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ՝ մասնակցութեամբ UCLA-ի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին, համանախագահութեամբ Լեւոն Անանեանի ու Փիթըր Քաուիի:

 Նկատի առնուած նիւթերն են՝ Ընտանիքի դերը իբրեւ ակունք եւ ներշնչման աղբիւր՝ գրական ստեղծագործութեանց համար, Գրողին եւ ընթերցողին միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւնը, Հայրենիքի գաղափարին զանազան անդրադարձները գրականութեան մէջ, Օտարագիր եւ հայագիր գրողներու միջեւ կապերը, Գրական ուշագրաւ նոր ուղղութիւններ եւ ակնկալութիւններ նոր սերունդի գրողներէն:

  Համաժողովին լեզուն անգլերէն է եւ ելոյթներուն համար սահմանուած է 20 վայրկեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.