2009-09-25 12:27:50

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։





ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ քննարկեցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ներկայ զարգացումներուն վերաբերող հարցեր։ Սերժ Սարգսեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տեղեկացուց, որ 1 հոկտեմբերէն սկսեալ մէկ շաբաթ տեւող այցելութիւններու շարքի մը պիտի սկսի դէպի Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի եւ Տոնի Ռոստովի հայկական մեծ Գաղթօճախներ՝ լսելու տեղւոյն եւ այլ Գաղթօճախներու հայութեան կարծիքն ու տեսակէտները հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։ Վեհափառը ողջունած է երկրին նախագահին համահայկական ուղեւորութեան նախաձեռնութիւնը։ Սփիւռքը մեր ժողովուրդի կարեւոր եւ անբաժանելի մասն է, եւ ճիշդ է, որ Սփիւռքի մեր զաւակները, որոնք այս օրերուն բուռն կերպով կը քննարկեն Հայաստան - Թուրքիա նախաստորագրուած փաստաթուղթերը, կարելիութիւն ունենան ձեզմէ անձամբ պատասխաններ լսելու զիրենք յուզող հարցերուն վերաբերեալ։ Ինչպէս նաեւ Դուք ծանօթանաք Սփիւռքի մեր զաւակներու մտածումներուն, տեսակէտներուն եւ մտահոգութիւններուն(ըսած է վեհափառը)։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս յայտնեց, որ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը իր յառաջիկայ նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 25-29 սեպտեմբեր Նիւ Եորք պիտի այցելէ՝ ՄԱԿ-ի 64-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու նպատակով։ Նախատեսուած է նախարար Նալբանդեանի ելոյթը Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանին ընթացքին եւ հանդիպումը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ։ Այցելութեան ծիրին մէջ ան պիտի հանդիպի նաեւ շարք մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախաահներուն հետ։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԱՐԾԱՐԾԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։ Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդը երէկ երեկոյեան իր հերթական ժողովը գումարեց ՝՝Շաղզոյեան՝՝ կեդրոնին մէջ։ Հիմնական օրակարգը կը վերաբերէր Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու նորագոյն զարգացումներուն։ Խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած Թուրքիոյ քողարկուած նախապայմաններուն առումով։ Խորհուրդը նաեւ հիմնական նկատեց լիբանանեան հանրային կարծիքին փոխանցել թրքական նախապայմաններուն վերաբերող մտահոգութիւնները։

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՌԱՋԱՐԿԷ ԲԱՆԱՎԷՃԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԵՒ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆՆԵՐՈՎ։ Ժառանութիւն կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Արմէն Մարտիրոսեան եւ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան երէկ պաշտօնապէս դիմած են Հայաստանի Հանրային Պատկերասփիւռի եւ Ռատիոյի ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Ալեքսան Յարութիւնեանին, Հանրային պատկերասփիւռի կայանի եւ Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէններ Արմէն Արզումանեանին եւ Արմէն Ամիրեանին՝ ՝՝Հ-1՝՝ի եւ Հանրային Ռատիոյի ամէնէն շատ դիտուող եւ լսուող ժամերուն բոլոր խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ հայ-թրքական նախաստորագրուած արձանագրութիւններու քննարկման նուիրուած բանավէճեր կազմակերպելու առաջարկով։



ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ ԵՒ ՖԼՈՐԱ ՆԱԽՇՔԱՐԵԱՆ՝ ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ։ Հայաստանի անկախութեան հռչակման 18-ամեակին առիթով՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է հայրենի ՝՝Ազգ՝՝ Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանին եւ ՝՝Գոլոս Արմենիի՝՝ թերթի գլխաւոր խմբագիր Ֆլորա Նախշքարեանին Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր լրագրողի պատուաւոր կոչում շնորհելու մասին։ Նախագահ Սարգսեանի մէկ այլ հրամանագիրով, ՝՝լրագրութեան մարզի զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին եւ մասնագիտական բարձր վարպետութեան համար՝՝ պատկերասփիւռի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւա եւ՝՝Ռաշա Թուտէյ՝՝ պատկերասփիւռի կայանի գլխաւոր խմբագիր Մարկարիթա Սիմոնեան պարգեւատրուած են Մովսէս Խորենացիի շքանշանով։








All the contents on this site are copyrighted ©.