2009-09-24 13:52:29

Հոգեբարոյական հարցեր


''Բայց Հեզերը Տեղ Ունի՞ն'' նիւթին մասին

 Համեստութիւն, հեզութիւն, բարութիւն, ազնուութիւն եւ պարկեշտութիւն, վերջին ժամանակներուն սկսեր են նկատուիլ տկարութեան հոմանիշ բառեր եւ արտայայտութիւններ: Եթէ մէկը հեզ է ու բարի, պէ՞տք է անպայման զայն նկատել տկար ու խեղճ: Աւելին, փորձ կը կատարուի նաեւ զայն նկատել տգէտ, կամ՝ շրջապատի անցուդարձերէն անտեղեակ մնացող միամիտ մը:

 Բնականաբար կան տկարամիտներ, որոնք դիւրաւ կը խաբուին, երբեմն ծիծաղի առարկայ կը դառնան, դժուարաւ կը հասկնան մարդոց սրամտութիւնները, չեն հասկնար կատակները, ու աւելի ուշ կամ երբե՛ք չեն խնդար, երբ իսկապէս ծիծաղաշարժ նիւթ մը խօսուի:

 Ոմանց համար ալ կ՛ըսուի, թէ ունին չափազանց արթուն միտք, եւ թէ անոնց բնաւ կարելի չէ «խաղի բերել», խաբել, վրանին ծիծաղիլ կամ ձեռք առնել: Ասոնց արթնամտութիւնն ալ երբեմն պատճառ կ՛ըլլայ, որ մարդիկ զգուշանան իրենցմէ, եւ երբեմն ալ զանոնք նկատեն ինքնահաւան, մեծամիտ, գոռոզ, այլամերժ ու անհանդուրժող:

 Կայ այլ երեւոյթ մը՝ համեստութեան ու հեզութեան առնչուած, որ կը վերաբերի այս կեանքը ապրելու ձեւին: Անոնք, որոնք նիւթական համեստ պայմաններ ունին, բնականաբար չեն կրնար այնպիսի վայելքի կեանք ապրիլ, զոր կ՛ապրին «աւելորդ դրամ» ունեցողներ, որոնց հարստութիւնը համրել անկարելի է, ինչպէս որ անկարելի է համրել ծովուն աւազը:

 Իսկ կան «աւելորդ դրամ» ունեցողներ ալ, որոնք գիտեն թէ ի՛նչ կը նշանակէ ժուժկալ կեանք մը ապրիլ, եւ կ՛ապրին այնպիսի համեստ կեանքով, որ պիտի ապրէր թերեւս աղքատ ու անտէր անձ մը: Բայց հանրային կարծիքը չի՛ հասկնար այն համեստութիւնը որ նման անձի մը հոգեկան ամէնէն թանկագին գանձերէն մէկն է: Մարդիկ շուտով անոր կը կպցնեն կծծիութեան պիտակը, ու կը հագուեցնեն ագահութեան շապիկը:

 Կը պատմուի, թէ Կիլիկիոյ քաղաքներէն մէկուն մէջ կ՛ապրէր Մղտեսի (հաճի) Կիպրիանոս անունով հարուստ հայ վաճառական մը: Արտաքին իր տեսքէն ու հագուածքէն ոչ ոք կրնար գուշակել, թէ ինք էր այդ անուանի վաճառականը, որուն մօտ կ՛աշխատէին երկու տասնեակէ աւելի գրագիրներ, հաշուապահներ, գանձապահներ ու հարիւրաւոր պաշտօնեաներ: Անոր հաստատութեան պաշտօնէութեան թիւը այնքան շատ էր, որ նոյնիսկ անոնցմէ շատեր զինք չէին տեսած ու չէին ալ ճանչնար:

 Կիպրիանոս այնքան համեստ էր, որ իր վաճառատան ու գործատեղիին կողմնակի դռներէն ներս կը մտնէր, որպէսզի պաշտօնեաներուն ու գործաւորներուն «պարտադիր» յարգանքը անդրանցած ըլլար: Այնքան համեստ էր ան, որ ընդհանուր գործավարի մը միջոցաւ կը կատարէր առեւտուրը: Զայն նաեւ վերակացու նշանակած էր պաշտօնէութեան վրայ, եւ անոնք միայն այդ մարդը կը ճանչնային իբրեւ հաստատութեան տէրը:

 Պատահեցաւ, որ գրագիրներէն մէկը, որ գործի մէջ ալ ծանօթ էր իր ամբարտաւանութեամբ, աշխատանքի ժամէն ետք շուկայէն անցաւ, ու բանջարեղէնով լեցուց հսկայ սակառ մը: Զայն տուն տանելու համար բեռնակիր մը կը փնտռէր, երբ միջին տարիքը անցած մարդ մը, կամաւորաբար մօտենալով սիրայօժար կերպով կռնակը առաւ սակառը, ու սկսաւ քալել այն ուղղութեամբ, ուր զինք վարձողը կ՛երթար:

 Կիպրիանոսի հիմնարկին մէջ աշխատող գոռոզ այս գրագիրը, փոխանակ օգնելու բեռնակիրին, յաճախ ետեւ կը դառնար ու բարկացոտ նայուածքով կը պատուիրէր, որ աւելի արագացնէ քայլերը, հասնելու համար իրեն: Թերեւս ալ կը վախնար, որ բեռնակիրը զայն առնելով փախչխի…:

 Տուն հասնելուն, երբ գրագիրը քանի մը աննշան մանրուք դրամներ կը դնէր բեռնակիրին ձեռքին մէջ, ան մերժեց առնել դրամը, եւ անոր հարցուց, թէ ի՞նչ գործ կ՛աշխատէր: Գրագիրը աւելի եւս գոռոզանալով՝ յայտնեց, թէ անուանի Մղտեսի Կիպրիանոսին գրագիրն է: Իսկ բեռնակիրը անոր ձեռքը թօթուելով, ափին մէջ օսմանեան կարմիր ոսկի մը դրաւ՝ յայտնելով, թէ ի՛նք էր այդ Կիպրիանոսը…: Գոռոզ գրագիրը իր կեանքին մեծագոյն դասը առած էր…:

 Յաջորդ օրէն սկսեալ, նոր մարդ մը դարձած էր գրագիրը: Պաշտօնակիցներուն թէ գործաւորներուն, յաճախորդներուն թէ հաշուեքննիչներուն հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերատեսութեան ենթարկած էր: Իր գործատիրոջ համեստութիւնը զինք նուաճած էր, խորտակած էր իր հոգիին մէջ լայնանիստ հիմնաւորուած բուրգը ամբարտաւանութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.