2009-09-23 12:43:47

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԽՕՍՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻ՛Ն ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՐԿ Է ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ(Կ՝ըսէ Վեհափառը)։ Հայաստան-Թուրքիա կապերու ծիրին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները, յատկապէս քաղաքական-դիւանագիտական մակարդակներու վրայ տեղի ունենալիք յառաջիկայ բանակցութիւնները(Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնագիրներու հիման վրայ)արդար ընդվզումի ալիք մը սկսած են բարձրացնել թէ՛ Հայաստանի ժողովրդային շրջանակներուն մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Այս կացութեան դիմաց անհրաժեշտ է խոհեմ, իրապաշտ ու շրջահայեաց մօտեցում որդեգրել՝ հեռու մնալով զգացական պոռթկումներէ եւ ժամանակաւոր շահեր ապահովելու վատառողջ մտածելակերպերէ ու գործելակերպերէ։ Չենք ուզեր անդրադառնալ սոյն համաձայնագիրներու երկդիմի, անորոշ եւ վտանգալից բովանդակութեան։ Սակայն, կուզենք կարգ մը կէտերու շուրջ հրաւիրել Հայաստանի իշխանութեան, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ազնիւ ուշադրութիւնը։ Արամ Ա.Կաթողիկոս այս կարգ մը կէտերու մասին արտայայտուելով ըսած է՝՝Այսօր մեր ժողովուրդին դիմաց իբրեւ առաջնահերթ մտահոութիւն ունինք երկու հիմնահարցեր՝ Ղարաբաղի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցերը։ Ցեղասպանութեան հարցը չափազանցօրէն զգայուն հարց մըն է մեր ժողովուրդին համար։ Չմոռնանք, որ Սփիւռքը պարտադրեալ գոյավիճակ մըն է, անոր գոյաւորումը Ցեղասպանութեան արդիւնք է։ Սակայն զգո՜ւշ, պէտք չէ Թուրքիոյ առիթ տալ միջազգային համայնքին ըսելու, թէ՝ Սփիւռքը խանգարիչ դեր կը կատարէ (արդէն իսկ Թուրքիան զանազան ձեւերով կը փորձէ լռեցնել Սփիւռքի պահանջատիրական ձայնը), բայց կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել Հայաստանի հետ,արդարեւ միջազգային համայնքին զօրակցութեամբ Թուրքիոյ կողմէ ականուած դաշտ մը մուտք կը գործէ Հայաստան։ Ամէն բանէ առաջ հարկ է հեռու մնալ Հայաստանը տկարացնող փորձերէ(ըսած է դեռ Արամ Ա.Կաթողիկոսը) ։
ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 18-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԵՆՔ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ԵՆՔ, ՊԻՏԻ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ԵՒ ՍՏԱՆԱՆՔ (Կ՝ԸՍԵՆ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐԸ )։ Նախանցեալ օր, Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման 18-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Ազատամարտիկներու յանձնախումբի անդամները, արցախեան պատերազմին մասնակցած խումբ մը դաշնակցականներու ուղեկցութեամբ, Եռաբլուր այցելեցին։ ՝՝Այստեղ հանգչող տղոց արեան գնով մենք անկախութիւն կերտեցինք։ Այստեղ հաւաքուած ենք՝ մեր ընկերներուն հետ անկախութիւնը տօնելու։ Այսօր ծանր հանգրուանի մը մէջ ենք, մեր անկախ հանրապետութեան ղեկավարները կորոշեն Ցեղասպանութեան, մեր սահմաններուն, եւ արցախեան մեր հողերուն ճակատագիրը ( ըսած է ազատամարտիկներու յանձնախումբի անդամ Իկոր Մուրատեան)։
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԲՈՂՈՔԻ ԱԼԻՔ ՊԷՏՔ Է ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ(Կ՝ԸՍԷ ՎԱՐԴԱՆ ՕՍԿԱՆԵԱՆ)։ Երէկ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար՝՝Սիվիլիթաս՝՝ հիմնադրամի նախագահ Վարդան Օսկանեան ՝՝Երեւան՝՝ պանդոկին մէջ տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստան - Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն վաւերացումը անընդունելի է։ Ես երբեք այսպիսի փաստաթուղթ պիտի չստորագրէի, եւ չեմ նախանձիր այն մարդուն, որ պիտի ստորագրէ զայն։ Քննարկումին կը մասնակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վահան Յովհաննիսեան եւ Ալպերթ Աճեմեան, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, ինչպէս նաեւ ուսանողներ։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն ներկայ էր միայն Դաւիթ Յարութիւնեան։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ։Երէկ, 7-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի կազմակերպած նստացոյց-հացադուլը՝ Հայաստան-Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն դէմ։
ՊՈԼԻՍ։ Թուրք Յօդուածագիրը Հայկական Ցեղասպանութեան Ուրացման Հետեւանքներուն Մասին Կը Գրէ։
Սեպտեմբեր 18ին, թրքական «Թուտէյզ Զաման» թերթին մէջ լոյս տեսած ՝՝Արիւնօտ թուրք» խորագրեալ յօդուածով, Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման հարցին:Գրելէ ետք, թէ «հայերու ջարդերը» կազմակերպուած էին զինուորական հարուածով մը իշխանութեան գլուխ հասած Միութեան եւ Յառաջդիմութեան յանձնախումբին կողմէ( Ittahat ve Terakki) , որուն գաղափարաբանութեան հետեւողները այսօր Թուրքիոյ մէջ գործող «ընդյատակեայ պետութեան» հիմնադիրներն են(Ճէնկիզ կը նշէ թէ) ներկայիս թրքական որոշ շրջանակներ այդ մտայնութեան դէմ կը պայքարին: Ան կ՛աւելցնէ, թէ անցեալ տարի Թորոնթոյի մէջ հետեւած է ցեղասպանութեանց մասին դասընթացքի մը, ուր նկատած է, թէ մինչ տարիներ ցեղասպանութեանց պատասխանատու կը նկատուին երկրի մը որոշ հատուածը, «Հայկական Ցեղասպանութեան պարագային, պատասխանատուն «թուրքերը» կը համարուին»: Ան այս ընդհանրացումը կը համարէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ իշխանութեանց քաղաքականութեան հետեւանքը եւ կ՛աւելցնէ, թէ Հրանդ Տինքը այն քիչերէն էր, որ կը պայքարէր այս «խենթութեան» դէմ, որուն հետեւանքով՝ «ան սպաննուեցաւ ընդյատակեայ պետութեան ցուցմունքներով»:







All the contents on this site are copyrighted ©.