2009-09-22 13:39:12

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Հովուական Այցելութիւններ


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Հովուական Այցելութիւններ

Գաթերին Լազան, որ 1848ին 12 տարեկան է, կը պատմէ.

-Արս հասնելուն առաջին օրերէն այնքան բարի, մարդասէր եւ սիրալիր երեւցաւ, որ անմիջապէս սիրուեցաւ բոլորէն: Կ’այցելէր բոլոր ծուխերուն, չգոհանալով երթալ ուր կանչուած է, այլ կը ներկայանար առանց կանչուած ըլլալու: Յետ հարցնելու ընտանիքի լուրերը, կ’աւելցնէր քանի մը շինիչ խօսքէր… Ես կը յիշեմ թէ մեր ընտանիքին մէջ, ամէնուն համար երջանկութիւն էր ընդունիլ իր այցելութիւնը:

Ժան Մանտի, գիւղապետին որդին, կ’ըսէ.

-Սիրով կը նախընտրէր ճաշի ժամը, ներկայ գտնելու համար բոլոր ընտիանիքը միասին: Չխանգարելու եւ յանկարծակիի չբերելոու համար, հեռուէն ձայն կու տար ու կը կանչէր տանտէրը, յետոյ կը մտնէր եւ վայրկեան մը կը կռթնէր կարասիի մը:

Կ. Վիլիէ. խեղճ մշակ մը կը շարունակէ.

-Գրեթէ բնաւ չէր նստեր: Մեծ արհամարանք ունէր աշխարհի ինչքերուն, բայց երբ մեզի հետ էր, հաճոյքով կը խօսէր մեր գործերուն եւ հունձքին մասին: Երբ իրեն կը տանէինք փայտ կամ ցորեն, մեզ սիրով կ’ընդունէր, ըմպելի կը հրամցնէր եւ ազնուօրէն կը վարուէր մեզի հետ:

Վիաննէ քիչ անգամ դղեակ կ’երթար եւ երբէք չէր ընդունէր ճաշի հրաւէրը: Սակայն Փրոսբեր տը Կարէ կը վկայէ թէ երբեմն կ’այցելէր իրեն:

-Մեզի հետ ընտանեբար եւ ազնւօրէն խօսելէն ետք, միշտ կռթնած սեղանի մը, յանկարծ կը կտրէր խօսակցութիւնը ըսելով. ‘Պատիւն ունիմ ձեզի բարի գիշեր մաղթելու եւ արագօրէն գլխարկը կ’առնէր ու կը մեկնէր: Այս գլխարկը գլուխը կը դնէր միայն անձրեւոտ օրերուն: Քալուածքը արագ էր եւ դիւրին դիւրին կարելի չէր միասին քալել, մանաւանդ երբ հիւանդի մը կ’երթար:

Անոր հակառակ, կանգ կ’առնէր ճամբուն վրայ կամ դաշտին մէջ ամէն անգամ, որ կը հանդիպէր տղու մը, մանաւանդ հովիւներու:

Փոքրիկ աղջիկները աւելի բաղձալի վիճակ չունէին. աղքատները հազիւ 10ը տարեկան, տուները կ’երթային աշխատելու եւ տէրերը յաճախ զիրենք ազատ չէին ձգեր Կիրակի օրուան պատարագին:

Հազիւ պաշտօնի սկսած, կրցածին չափ կը հաւաքէր տղաքը, առտու կանուխ, գործի սկսելէ առաջ եւ կը սորվեցնէր կրօնի դասերը: Ճարտարութեամբ կը համոզէր ծնողները, որ տղաքը եկեղեցի ղրկեն սորվելու քրիստոնէական վարդապետութինը:

Գաթերին Լազան այդ փոքրիկներուն մէջն էր եւ կը յիշէ.

-Երբ ես Առաջին Հաղորդութիւն առի, իր հասնելէն երեք ամիս ետք, ժողովուրդը արդէն մեծ համարում ունէր նոր քահանայի առաքինութիւններուն վրայ եւ ընտանիքի մայրերը կ’ըսէին. –‘Շատ երջանիկ պիտի ըլլանք, եթէ մեր զաւակները Առաջին Հաղորդութեան պատրաստուին այս ժողովրդապետին ձեռքով. սուրբ քահանայ մըն է եւ կրնայ տեղափոխուիլ ապագային’: Անոնք կը վախնային որ զինք ուրիշ տեղ մը ղրկէին:

Կրօնի դասերը ընելու ատեն ուրիշ դժպուարութեան մը կը հանդիպի: Տղոցմէ շատեր ֆրանսերէն չեն գիտեր. ինքն ալ տակաւին ընտանեցած չէ Արսի գաւառաբարբառին: Այն ատեն կը խնդրէ մեծերէն, որ իր ըսածները թարգմանեն պզտիկներուն:

Գուցէ այս դժուարութեններէն մղուած գաղափարը կը ծնի իր մէջ կանոնաւոր դպրոցներ բանալու գիւղին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.