2009-09-22 13:38:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը նոր եպիսկոպոսներուն։



Քահանայապետական ամառանոցի մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ռէ կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին, ապա ընդունեց գերապայծառ Ռենդաօ Պոքարտոն՝ Սբոլէթօ-Նորչիա թեմի նոր նշանակուած առաջնորդը։

Հուսկ Սրբազան Հայրը ընդունեց ''Նոր Եպիսկոպոսներու Հանդիպում' ժողովին մասնակցողները թիւով 120 եպիսկոպոս։ Անոնց ուղղած ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը ըսաւ . ՜՜Նոր Եպիսկոպոսներու կազմակերպուած այս հանդիպումը բարեպատեհ առիթ մըն է միասնաբար աղօթելու եւ խորհրդածելու եպիսկոպոսական կոչումին վրայ եւ միաժամանակ ընտելանանալու այն պաշտօնին որուն կանչուեցաք եւ աւելի գիտակցօրէն ըմբռնելու առաքելական եզակի մարմնին նշանակութիւնը։ Այս տարի ձեր հանդիպումը կը կատարուի (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ) քահանայական տարւոյն ընթցքին որ հռչակեցի Արսի սուրբ ժողովրդապետի մահուան 150-ամեակին առթիւ։ Քահանայական տարին հրաւէր մըն է ուղղուած բոլոր կղերին, աւելի գիտակցութեամբ ու վճռակամութեամբ աւետարանական վկայութիւն տալու հաւատացեալին ու բարի կամք ունեցող մարդոց։ Բարի Հովիւի նմանութիւնը, ամէն քահանայի համար պարտականութիւն մըն է սրբանալու ,եւ սրբացնելու՝ իրեն յանձնուած հօտը։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ եպիսկոպոսին ամէնէն կարեւոր պարտականութիւնն է, իր օրինակով , օգնել քահանաները հաւատարմօրէն ապրելու իրենց կոչումը եւ խանդավառութեամբ ու սիրով աշխատելու Աստուծոյ Այգիին մէջ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը Քապուլի մէջ ինկած զինուորներուն։

Երկուշաբթի 21 Սեպտեմբեր 2009ի առաւօտեան Հռոմի ՜՜Ս. Պօղոս՝՝ պազելիքայի մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պատարագը Քապուլի մէջ ինկած զինուորներուն։ Այս առթիւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ, յանուն Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Իտալիոյ զինուորական վիճակաւորին,յայտնելով աղօթքը զինուոր զոհերուն ու իր ցաւակցութիւնը իտալական բանակին եւ զուհուած զինուորներու ու անոնց ընտանեկան պարագներուն, խնդրելով Աստուծմէ որ իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը ու սփոփէ անոնց ընտանիքներն ու հարազատները։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.