2009-09-22 13:36:50

Լուրեր հայ աշխարհէն -Հայ Կամաւորներու ջոկատներ»ու Նոր Գործադիր Վարիչը


Լուրեր հայ աշխարհէն -Հայ Կամաւորներու ջոկատներ»ու Նոր Գործադիր Վարիչը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ կամաւորներու ջոկատներ կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ուսթըրէն Շարիսթան Մելքոնեան նշանակուած է կազմակերպութեան գոծադիր վարիչ, մինչ Սփիւռքէն Հայաստան փոխադրուող հայորդիներու օժանդակող նշեալ կազմակերպութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան տասնամեակը:

Հայ կամաւորներու ջոկատներ կազմակերպութեան վարչութեան անդամ Ալեք Սարտար Շարիսթան կը համարուի փորձառու եւ աշխոյժ ղեկավար մը, որ տասնամեակներէ ի վեր կամաւոր աշխատանք կը տանի ամերիկահայ համայնքէն ներս, ըլլայ ան Նիւ Եորքի, Պոսթընի կամ Լոս Անճելըսի մէջ:

Յայտնենք, թէ Շարիսթան եղած է Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, նաեւ աշխատած է ՀՕՄի եւ հայկական վարժարաններու հետ:

Մելքոնեան Հայ կամաւորներու ջոկատներ կազմակերպութեան աշխատանքը պիտի ղեկավարէ կազմակերպութեան Երեւանի գրասենեակէն՝ մօտէն գործակցելով տեղական կազմակերպութեանց, ընկերութիւններու եւ իշխանութեանց հետ:



Վրացիները Աչք Ունին Նաեւ Պատմական Տայքի Հայկական Յուշարձաններուն Վրայ

Թիֆլիս - Հայկական մշակոյթի հանդէպ վրացիներուն յաւակնութիւնները արձանագրած են նոր դրսեւորումներ, այս անգամ պատմական Հայաստանի Տայք նահանգի յուշարձաններուն նկատմամբ ունեցած ոտնձգութիւններով։

«Երաժշտութեան մէջ կենդանացած խօսք» վրացական փառատօնի ծիրէն ներս, վրացի արուեստագէտներէ կազմուած խումբ մը, օրերս այցելած է Թուրքիոյ Արդուին, այսինքն՝ պատմական Հայաստանի Տայք նահանգ։ Վրացական «Ախալի տաօպա» թերթին տուած տեղեկութիւններով, այցելութեան նպատակն է պատմական արմատներու հետ ծանօթութիւնը եւ ստեղծագործական գործունէութեան եւ կապերու զարգացումը:

Վրացի արուեստագէտները ծանօթացած են հայկական պատմական յուշարձաններուն, ինչպէս՝ Օշքի վանքին եւ Իշխան գիւղի տաճարին։ Ուշագրաւ է, որ երկար ժամանակէ ի վեր վրացիներ հայկական այս յուշարձանները կը ներկայացնեն իբրեւ «վրացական եկեղեցական ճարտարարպետութեան մարգարիտներ» եւ զանոնք ամէն գնով իւրացնելու փորձեր կը կատարեն։

Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող կազմակերութեան Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Սամուէլ Կարապետեանի հաստատումով, վրացիներուն յաւակնութիւնները դատարկ հողի վրայ չեն։ Երեւոյթը իր պատմական պատճառները ունի ըստ Ս. Կարապետեանի։

«Մենք մեր պատմութիւնից լուր չունենք ու օտարուած ենք, հակառակ դէպքում՝ կը գտնէինք միջոցներ մեր մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար», վրդովմունքով յայտնած է պատմաբանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.