2009-09-22 13:37:04

Իրաքի Առաջնորդ՝ Աւագ արք. Ասատուրեանի Հովուական Այցը Քիւրտիստանի Հայաբնակ Շրջաններ


Իրաքի Առաջնորդ՝ Աւագ արք. Ասատուրեանի Հովուական Այցը Քիւրտիստանի Հայաբնակ Շրջաններ

Շարունակելով իր հովուական այցելութիւնները, Իրաքի հայոց առաջնորդ՝ Աւագ արք. Ասատուրեան, ընկերակցութեամբ՝ թեմի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Պարոյր Յակոբեանի, վերջերս, այցելեց Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի հայաբնակ վայրերը:

Արպիլ քաղաքին մէջ, սրբազանը եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենապետը հանդիպում ունեցան Մուսուլի հոգեւոր հովիւի եւ թաղական անդամներու հետ, որոնք եկած էին տեղւոյն համայնքի դիմագրաւած դժուար պայմանները ծանօթացնելու: Նշենք, որ Մուսուլէն մեծ թիւով հայ ընտանիքներ տեղափոխուած են Քիւրտիստանի ապահով վայրեր, յատկապէս՝ վերաշինուած Հաւրէզք զուտ հայաբնակ գիւղը:

Այսօր Մուսուլի մէջ կը բնակի 91 ընտանիք:

Առաջնորդը եւ Ազգային իշխանութեան ատենապետը ընդունուեցան Քերքուկէն ժամանած հոգեւոր՝ հայր Աւետիք քհնյ. Մարտիրոսեանի ու Թաղական խորհուրդի անդամներուն կողմէ:

Աւագ առաջնորդը,Ազգային իշխանութեան ատենապետը եւ Արպիլի նորակազմ համայնքի Ազգային յանձնախումբի նախագահ՝ Ռազմիկ Մուրատեան այցելեցին յաջորդաբար Տըհօք, Աւզրուկ զուտ հայաբնակ գիւղը։

Նկատի ունենալով, որ բոլոր հաւատացեալները (շուրջ 70 ընտանիք) միայն քրտերէն լեզուին կը տիրապետեն, քարոզի թարգմանութիւնը քրտերէնով կատարեց Աբէլ աբղ. Աբրահամեան: Իր քարոզին մէջ, առաջնորդը յորդորեց, որ ամրապէս փարած մնանք քրիստոնէական մեր հաւատքին: Այնուհետեւ, ի պատիւ առաջնորդ սրբազանին եւ հիւրերուն, ճաշկերոյթ սարքուեցաւ:

Առաջնորդը իր շքախումբով այցելեց նաեւ վերջին հինգ տարիներուն վերաշինուած պատմական Հաւրէզք հայբնակ գիւղը։ Հուսկ այցելեց Զախօ քաղաքը:

Նշենք թէ ինքնավար Քիւրտիստանի ֆինանսի նախկին նախարար՝ Սարգիս Աղաջան մարդասիրական գործեր եւ բարերար օգնութիւններ շնորհեց Իրաքի քրիստոնեայ բոլոր համայնքներուն անխտիր, եկեղեցիներու, համայնքային կառոյցներու, գիւղերու ու ապաստաններու շինութեամբ կամ վերանորոգութեամբ: Այս առթիւ Իրաքի հայոց առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի միջնորդութեամբ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Սարգիս Աղաջանը պարգեւատրած է բարձրագոյն պատշաճ շքանշանով:

Յիշատակութեան արժանի է, որ հովուական այս այցելութեան ընթացքին, առաջնորդը տեսակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցած է նշեալ շրջաններու քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու բարձր հոգեւորականներուն հետ, Իրաքի համայն քրիստոնեայ համայնքապետերու խորհուրդի մը կազմութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:





 








All the contents on this site are copyrighted ©.