2009-09-21 13:44:39

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը եպիսկոպոսական սիւնոդոս կը յայտարարէ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու համար։


Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը եպիսկոպոսական սիւնոդոս կը յայտարարէ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու համար։



Ընդառաջելով Արեւելքի կաթողիկէներու բաղձանքին, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը եպիսկոպոսական սիւնոդոս կը յայտարարէ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու համար որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ 2010ի Հոկտեմբեր 10-24։

Արդարեւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներն ու եպիսկոպոսապետերը, որոնք կը ներկայացնեն 10 ծէսեր, այս բարի լուրը կը սպասէին։ Շաբաթ օրը Սեպտեմբեր 19ին, Սրբազան Քահանայապետը քահանայապետական ամառանոցին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի բոլոր պատրիարքները եւ անոնց յայտնեց իր կամքը եպիսկոպոսական սիւնոդոս կազմել 2010ի հոկտեմբեր ամսոյն մէջ, ունենալով որպէս բնաբան.''Միջին Արեւելքի Եկեղեցին, հաղորդութիւն եւ վկայութիւն. հաւատացեալներու բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էր''։ Ասիկա առաջին անգամն է որ նման եպիսկոպոսական սիւնոդոս մը կը կազմակերպուի Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ համար։

Նման եպիսկոպոսական համագումար մը կազմակերպուեցաւ 1995ին յատուկէն Լիբանանի համար։ Գաղտիացիներու Իրաքի Քիրքուք թեմի առաջնորդը արքեպիսկոպոս Լուի Սագօ բացայայտօրէն խնդրած էր նման սիւնոդոսի մը գումարումը։

Շաբաթ օրը, Սրբազան Քահանայապետը, մեծ շահաքրքութեամբ լսեց պատրիարքներու զանազան խնդրանքները եւ անոնց պատասխանեց ըսելով որ ՜՜հոս չենք գտնուիր անմիջական լուծումներ գտնելու համար, սակայն միասին կը գտնուինք հարցերը ուսումնասիրելու, մտահոգութիւնները կիսելու, որպէսզի աւելի ուշ լուծումներ գտնենք՝՝։

Սրբազան Հայրը անոնց՝ պատրիարքներուն ուղղած ճառին մէջ ըսաւ. ՜՜իմ քահանայապետութեանս առաջին օրերուն եւ այլ առիթներուն խնդրեցիք որ աւելի յաճախակի շփումներ ունենաք Ս. Պետրոսի յաջորդին հետ եւ միասնաբար սերտենք ձեզի յատուկ հարցերը՝՝։ Արդարեւ դիտել Սրբազան Հայրը համամիութենական հորիզոնը յաճախ կապուած է միջկրօնական հորիզոնին հետ։ Ասոր համար, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կը նկատեմ սիւնոդոսի գումարումը որպէս անհրաժեշտութիւն։

Յայտնենք թէ հակառակ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու զանազանութեան, անոնք կը դիմագրաւեն միեւնոյն խնդիրներն ու դժուարութիւնները։ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսը պիտի դիմագրաւէ չորս գլխաւոր կէտեր.


Արեւելեան եկեղեցիները հաստատուած են Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Եգիպտոս, Իսրայէլ, նաեւ Հնդկաստան, Ռումանիա, Ուկրանիա եւ Հայաստան։ Այս եկեղեցիները սփիւռքի մէջ կ'ապրին եւ յաճախ բախումներ ունին տեղական լատին եկեղեցւոյ հետ, մինչ օրթոտոքս եկեղեցիները աւելի ճանաչում կը վայելեն Արեւմուտքի ու առաքելավայրերու մէջ։

Հռոմի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի քարտուղարութիւնը, նախագահութեամբ գերապայծառ Նիքոլա Էդերովիչի, երկուշաբթի օրը, իր առաջին խորհրդաժողովը կը գումարէ Մարոնի, Գաղտիացի, Հայ, , ասորի, ղպտի ու Երուսաղէմի լատին պատրիարքներուն եւ մասնակցութեամբ հաւատոյ ս. ժողովի, եկեղեցիներու միութեան խորհուրդի, միջկրօնական խորհուրդի եւ արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կարտինալներուն, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Թուրքիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներուն եւ կարգ մը մասնագէտներու։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.