2009-09-21 13:45:22

Ծիսական ժամանակացոյց 21 Սեպտ.էն 27 Սեպտ. 2009


Երկուշաբթի 21 Սեպտեմբերին հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Մամասի, Փիլիկտիմիոնի եւ Սիմոն Սիւնակեցիի տօնը։

Մամաս ծնունդով կեսարացի էր, որդի աննշան քրիստոնեայ ծնողքի, իր հայրը բանտին մէջ մահացած է իսկ մայրը իր ծնելէն քիչ ետք։

Մամաս դպրոցին մէջ կռապաշտութեան դէմ խօսած է, եւ այդ պատճառաւ 11 տարեկանին տարուած է հալածանքի ատեան, որմէ հրաշքով ազատած ու ապաստանած է Արգէոս լեռը, ուր հովուական կենցաղի մէջ անապատասուն ճկնութեան կեանք մը ապրած է։

Ունէր գեղեցին ձայն, որով նոյնիսկ վայրի գազանները ողոքուած կը մօտենային իրեն, եղնիկները իր խրճիթին մէջ կամ քովը կը ծնէին իրենց ձագերը։

Շնորհիւ Մամասի հետզհետէ կը բազմանայ քրիստոնեաներուն թիւը, ասոր համար ան կը ձերբակալուի, Կեսարիա կը տարուի ու ծանր տանջանքներու կ՝ենթարկուի։

Ան կը մահանայ երեքժանի նիզակի հարուածներու տակ միշտ ցոյց տալով գոհ ու զուարթ սիրտ մը։

Երեքշաբթի 22 Սեպտեմբերին տօնն է Փեփրոնէ եւ Մարիանէ կոյսերուն

Մարիանէն կ՝ապրէր Անտիոքի մէջ Դիոկղետիանոսի օրով. դուստրն էր քուրմի մը եւ հօրմէն գաղտնի կ՝ընդունի քրիստոնէութիւնը հիւանդապահուհիէ մը։

Երբ Մարիանէի հաւատքը ի յայտ կու գայ, կ՝ենթարկուի զանազան չարչարանքներու, ի վերջոյ բանտ կը ձգուի ուր աղօթքով կը յաղթէ փորձութիւններուն զոր կը զգայ վիշապի երեւոյթին տակ տեսնուած ուրուականներու մերձեցումով։

Երկրորդ անգամ կը հարցաքննուի եւ կը մնայ անդրդուելի իր դաւանանքին մէջ որու հետեւանք տանջանքներու կ՝ենթարկուի եւ ի վերջոյ կը գլխատուի։

Հինգշաբթի 24 Սեպտեմբերին տօնն է Անթիմոս եւ Երանոս հայրապետներու։

Անթիմոս եպիսկոպոսը Նիկոմիդիոյ վիճակին հոգեւոր տեսուչն էր, որ նահատակուեցաւ Դիոկղետիանոսի հրամանով։

Զինք ձերբակալելու եկած զօրականները, Անթիմոս կը համոզէ որ ընդունին քրիստոնէութիւնը ու կը մկրտէ զանոնք։

Ան նոյնը ըրաւ նաեւ բանտին մէջ բոլոր կալանաւորուած հեթանոսները քրիստոնեայ դարձնելով։

Երբ թագաւորին առջեւ հանուեցաւ այնտեղ եւս աներկիւղ եւ քաջութեամբ քարոզեց քրիստոսի աստուածութիւնը։

Մահակներով եւ փշոտ գաւազաններով գարկոծեցին զինք, անիւի վրայ կապեցին ու վառած ջահեր մօտեցուցին մարմնին եւ քարերով ծեծեցին ծոծրակին։

Այս բոլոր տանջանքներէն երբ անվնաս մնաց ու կարելի չեղաւ զինք իր հաւատքէն հեռացնել արքայական հրամանով գլխատուեցաւ 302-ին։

Շաբաթ 26 Սեպտեմբերին տօնն է Ս. Գէորգ զօրավարի, Ադոկտոս եւ Ռոմանոս երգեցողին։

Խաչվերացէն 13 օր ետք եկող Շաբաթ օրը կը նշուի Ս. Գէորգի տօնը։

Ան նահատակուած է 303ին Նիկոմեդիոյ մէջ։

Մեծցած է քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ։ Երբ Հռովմէացի Դիոկղետիանոս կայսրը (284- 305) հրովարտակ մը կը հրատարակէ քրիստոնեաներուն դէմ, Գէորգ զօրավար կը պատռէ Նիկոմեդիա քաղաքի հրապարակին վրայ կախուած այս արքունական հրամանը, եւ այս պատճառով կը չարչարուի, եւ կը նահատակուի մերժած ըլլալուն համար ուրանալ քրիստոնէութիւնը ։



Բազմաթիւ աւանդութիւններ հիւսուած են Ս. Գէորգին մասին։

Անոնցմէ ամենածանօթը այն է որ Գէորգ սպաննելով վիշապ մը ազատած է կոյս մը ասոր համար ընդունուած է վիշապասպան սուրբ։

Անգլիացիները Ս Գէորգը ՜՜Սան Ճորճ՝՝ը կը համարեն իրենց պահապան սուրբը։ Ս. Գէորգի անունով բազմաթիւ եկեղեցիներ ունին թէ հայերը եւ թէ եւրոպական ժողովուրդները։

Կիրակի 27 Սեպտեմբերին տօնն է Վարագայ Ս. Խաչին։

Այս տօնը կը վերագրուի ՜՜Ս. Խաչի երեւման՝՝ Վարագ լեռներու բարձունքներուն վրայ կառուցուած վանքին մէջ։

Ըստ աւանդութեան Ս. Հռիփսիմէ այդ տեղ պահեր է իր վիզի խաչը։ Հոն շուրջ 653-ին, երկու ճգնաւորներ Յովել եւ Թոդիկ տեսիլք մը կ՝ունենան ուր հրաշալի լուսաւորութիւն մը զիրենք կ՝առաջնորդէ դէպի Վանի ՜՜Վարագ լեռներ՝՝ ու լուսաւորութիւնը կը կեդրոնանայ եւ ի յայտ կու գայ խաչ մը։

Վարագավանքը կը գտնուի Վան քաղաքի հարաւ արեւելեան կողմը, Վարագ լերան արեւմտեան լանջին։

653 ին երբ յայտնի կը դառնայ Վարագայ Ս Խաչի ՜՜Նշանին՝՝ տեղը, Ներսէս Գ. կաթողիկոս Տայեցին կը կառուցէ Ս. Նշան եկեղեցին եւ կը հաստատէ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը։

870 ին արաբները կը գրաւեն Վարագավանքը սակայն շատ չանցած Աշոտ Արծրունի իշխանը կ՝ազատագրէ զայն։

1857 ին Վարագավանքի վանահայր կը նշանակուէր Խրիմեան Հայրիկը ՜՜Մկրտիչ Ա. Վանեցի՝՝։

1915 ին լքուեր է Վարագավանքը եւ ներկայիս աւերակ վիճակի մէջ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.