2009-09-21 13:44:54

Լուրեր հայկական կեանքէն

Այսօր երկուշաբթի 21 Սեպտեմբեր 2009, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման ԺԸ. տարեդարձն է։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձը ՀՀ Անկախութեան տօնի առիթով


Այսօր երկուշաբթի 21 Սեպտեմբեր 2009, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման ԺԸ. տարեդարձն է։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձը ՀՀ Անկախութեան տօնի առիթով

Սեպտեմբեր 21-ին, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ ուղղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի առիթով։

Հայրապետական ուղերձին մէջ կ'ըսուի. ՜՜Այսօր ազգովին կը տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ուրախալի տօնը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը համայն մեր ժողովրդի գալիքի յոյսն է, ազգահաւաքութեան երաշխիքը, որով պիտի յարատևէ մեր ժողովուրդը Արարատի յաւերժ հայեացքի ներքեւ։

Հաւատով ու նուիրումով շարունակենք ներդնել մեր ջանքերն ու ծառայութիւնը՝` յանուն Մայր Հայրենիքի բարգաւաճման ու զօրացման, ազգային մեր բոլոր իղձերու իրագործման և աշխարհասփիւռ հայութեան լուսաւոր գալիքի։

Կ'աղօթենք առ Աստուած, որ խաղաղ երկնքի ներքեւ բարգաւաճէ հայրենաշէն ու ազգանուէր բոլոր ձեռնարկներն ու նախաձեռնութիւնները համայն մեր ժողովուրդի զաւակներու, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեանց և հայոց պետական այրերու, և Ամենախնամ Սուրբ Աջով բարօրութեան և ուրախութեան մէջ պահպանէ ազգս հայոց։



Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 18-ամեակը Հռոմի մէջ։

Հռոմաբնակ հայերը եւ իտալացի բարեկամներ հրաւիրուած են միասնաբար տօնելու Հ հ վերանկախացման 18-ամեակը, Երկուշաբթի 21 Սեպտեմբեր 2009-ի ժամը 18.45-ին Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքին մէջ (Salita San Nicola da Tolentino 17 Roma) մասնակցութեամբ Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութեան։ Հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը կը փակուի հիւրասիրութեամբ։



Արամ Ա կաթողիկոսի անձնական վկայութիւնը երջանկայիշատակ Գարեգին Ա վեհափառի վախճանման 10-ամեակին առիթով

Արամ Ա կաթողիկոս սոյն անձնական վկայութիւնը գրի առաւ, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա վեհափառի վախճանման 10-ամեակին առիթով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ երանաշնորհ վեհափառին կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած հատորի մը հրատարակութեան առիթով՝ իբրեւ առաջնորդող խօսք ու վկայութիւն։

Երջանկայիշատակ Գարեգին վեհափառին մասին գրելը կամ խօսիլը ինծի համար միշտ եղած է ու կը մնայ անձնական վկայութիւն։ Միթէ կրնա՞յ ա՛յլապէս ըլլալ շուրջ քառասուն տարիներու վրայ ապրուած փորձառութենէն եկող որեւէ խօսք իր մասին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեանքին ու առաքելութեան մէջ ամբողջ կէս դար մնայուն ներկայութիւն դարձած Գարեգին վարդապետը, եպիսկոպոսն ու վեհափառը միշտ պիտի մնայ, հողէն վեր ու ժամանակէն անդին, ճառագայթող ներկայութիւն՝ հայրապետական այս Սուրբ Աթոռին ծառայութեան բերած իր գործօն մասնակցութեամբ, անոր հաւաքական կեանքին մէջ իր ունեցած տիրական դերակատարութեամբ, անոր մշակութային իրագործումներուն կատարած իր առանցքային ներդրումով։

Տասը տարիներ անցան, եւ դեռ շա՜տ տարիներ կրնան անցնիլ, Գարեգին վեհափառի այս երկրաւոր կեանքէն հեռացման։ Սակայն, Գարեգին վեհափառը մի՛շտ պիտի մնայ մեր կեանքին մէջ իբրեւ մտաւորական փարոս՝ լուսաւորելու ճամբան բոլոր անոնց, որոնք հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, հաւատքին ու աստուածաբանութեան հարստութիւնները կ'ուզեն պեղել։ Ան մի՛շտ պիտի մնայ իբրեւ տիպար ուսուցիչ բոլոր անոնց, որոնք դասարանէն ու դասագիրքէն անդին ուսուցչութիւնը կ'ուզեն վերածել նուիրական կոչումի ու կեանքի մնայուն ընթացքի։ Ան միշտ պիտի մնայ հայ եկեղեցւոյ կեանքի երկնակամարին վրայ փայլող լուսատու աստղերէն մէկը։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.