2009-09-18 12:59:32

Քահանայական տարի, խորհրդածութիւն


Քահանայական տարի, խորհրդածութիւն



‘Հունձքը առատ է, սակայն մշակները սակաւաթիւ են: Խնդրենք ուստի հունձքի Տիրոջմէ, որ մշակներ ղրկէ դաշտը:

Հետաքրքրուեցէք ձեր քահանաներուն կեանքով, եւ մի թողուք զանոնք զուրկ անհրաժեշտ պէտքերէ: Նիւթապէս օգնեցէք անոնց պարզ եւ վայելուչ կեանք մը վարելու:

Ապահովեցէք ձեր քահանաներուն հետ, մաքրութիւնը ձեր եկեղեցւոյն, որ Աստուծոյ տունն է՝ բաց ամէնուն, եւ նորոգութիւնը անոր զգեստներուն ու զարդերուն:

Ամէնքդ կարող էք զանոնք հասկնալու, յարգելու, սիրելու:

Եղէք Անդամնրը ձեր ժողովրդապետութեան, քրիստոնէական վարդապետութեան, բարեսիրական յանձնախումբերուն:

Դիմեցէք ձեր քահանաներուն մեծ վստահութեամբ: Այժմ գիտէք՝ թէ ո՞վ են անոնք եւ ի՞նչ կ’ընեն:

Եւ եթէ Տէրը ունենար ձեզի ուղղուած յատուկ նայուածք մը. եթէ ձեր սրտին մէջ արթննար փափաքը բարի քահանաներուն ըրածը կատարելու, այդ շնորհքը մի՛ մերժէք:

Հաւատացէք ինծի. նոյն իսկ եթէ դժուար երեւի Քրիստոսի կոչին ‘Այո’ պատասխանել, չկայ աւելի մեծ պատիւ, աւելի մեծ երջանկութիւն:

‘Անոր, որ կը սիրէ մեզ…

որ քահանաներ ըրաւ մեզ,

Փա՜ռք եւ իշխանութի՜ւն,








All the contents on this site are copyrighted ©.