2009-09-18 12:58:26

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ



Ուրբաթ 18 Սեպտեմբեր2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

Պրազիլի հիւսիս արեւելքի եկեղեցական գաւառի եպիսկոպոսներու մէկ խումբը` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց արքեպիսկոպոս Հիլարիոն Մոսկուայի պատրիարքութեան արտգործ նախարարը,

Իսկ յետմիջօրէին Սրբազան հայրը ընդունեց կարտինալ Պանիասքօ` նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Վատիկանի աստղատիրանի նոր կեդրոնը, որ կը գտնուի Գասթել Կանտոլֆօ`Քահանայապետական ամառանոցը։

Վատիկանի աստղադիտարանը գիտական հետազօտութեան հաստատութիւն մըն է հիմնուած՝ հեռաւոր 1578-ին երջ. Գրիգոր ԺԳ Քահանայապետին օրով։ Իր այս այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ստորագրեց ոսկէմատեանի վրայ։ նաեւ այցելեց կեդրոնի մատենադարանը եւ թանգարանը։



Սրբազան Քահանայապետին պատգամը Հռոմի րաբունապետ Ռիգատօ Սենիին հրէական ամանորի` ՜՜Եօմ Քիպուր՝՝ի օրուան առթիւ։

Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ բարեմաղթութիւն յայտնեց Հռոմի հրեայ հասարակութեան տօնական օրուան առթիւ, հայցելով անոնց վրայ Աստուծոյ առատ օրհնութիւնը։ Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը սիրով կ'ընդառաջէ Հռոմի րաբունապետի հրաւէրին այցելելու Հոռմի ժողովարանը ։

Սրբազան Հայրը մտադիր է այցելելու՝ Հռոմի ժողովարանը աշնան ։ Յայտնենք թէ ասիկաս երրորդ անգամն է որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հրէական ժողովարան կ'այցելէ. առաջինը եղաւ Գոլոնիայի մէջ 2005 օգոստոս ամսոյն , երկրորդը Նիւ-Երքի ժողովարանը 2008ի ապրիլին։

Սրբազան Քահանայապետի Հռոմի ժողովարանի այցելութիւնը տեղի կ'ունենայ իր նախորդին այցելութենէն 23 տարի ետք։ Արդարեւ երջ. Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը 13 ապրիլ 1986ին այցելութիւն կատարած էր Հռոմի րաբունապետ Էլիօ Թուաֆին։








All the contents on this site are copyrighted ©.