2009-09-17 12:29:10

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ

Սրբազան Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Փրակա


Սրբազան Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Փրակա

Սեպտեմբեր 26-28 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պիտի այցելէ Եւրոպայի կեդրոնը,։ Նորին սրբութիւնը,Չեխ հանրապետութեան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, պիտի այցելէ Փրակա մայրաքաղաքը եւ Պրնօ եւ Պոլեսլավ քաղաքները, ուր պիտի մասնակցի ազգային տօնակատարութեան նուիրուած՝ Սուրբ Վենսեսլասին, որ երկրին պաշտպան սուրբն է։ Սրբազան Հօր առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է.''Ս. Հաղորդութիւնը ողորմութեան խորհուրդն է''։

Այս առթիւ Փրակա թեմի առաջնորդը` կարտինալ Միլոսլաւ Վըլք հաւատացեալներուն ուղղած նամակին մէջ հարց կու տայ. ''համայնավարութեան փլուզումէն 20 տարի ետք եւ համայնավարութեան խաղաղ վերածնութէն ետք, չեխ Եկեղեցւոյ գործունէութիւնները ի՞նչպէս կ'ընթանան։ Համայնավարութեան 40 տարիներուն ընթացքին Եկեղեցին հսկուած էր, միմիայն քահանաները կարող էին գործել Եկեղեցւոյ համար, աշխարհականները չէին կրնար համագործակցիլ, չէին կրնար առաքելական ու հովուական գործ կատարել, որովհետեւ անոնք արտօնութիւն չունէին եւ հսկուած էին։ Համայնավարութեան փլուզումով Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը սկսաւ տակաւ առ տակաւ ընդլայնիլ, վերակենդանանա անոր աշխատանքը եւ աշխարհականները այժմ կանչուած են կատարելու առաքելական ու հովուական աշխատանք։ Եկեղեցին կը քաջալերէ Քահանաները համագործակցելու աշխարհականներուն հետ եւ համոզել աշխարհականները մաս կազմելու եկեղեցւոյ գործունէութեան։ Ասիկա դիւրին գործ մը չեղաւ, սակայն եւ այնպէս հետզհետէ կացութիւնը կը բարեփոխուի։ Աշխարհականացած ընկերութիւն մը ամէնէն առաջ կարիքն ունի կեանքի վկայութեան, հետեւաբար ամէնէն առաջ կանչուած ենք ապրելու՝ Աւետարանը, փորձարկել Աւետարանը եւ ապա աւետարանական վկայութիւն տալ։ Հուսկ կարտինալ Միլոսլաւ Վըլք իր նամակը կ'եզրափակէ գրելով. ''Մենք տակաւին չիրականացուցինք այս ամէնը ։ Ահա թէ ինչ կը պակսի մեզի եւ կը դիմենք անոր հասնելու համար''։



Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի պատգամը Ռամատանի աւարտին` ''քրիստոնեաները եւ մահմետականները միասին, յաղթահարելու՝ աղքատութիւնը''

Ռամատանի աւարտին` իտ ալ ֆիդրի առիթով, Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդը պատգամ մը ուղղած է մահմետական աշխարհին, որով կը մաղթէ խաղաղութիւն եւ ցնծութիւն եւ միաժամանակ խորհրդածութիւն մը կատարէ խնդրելով որ քրիստոնեաները եւ մահմետականները միասնաբար գործեն յաղթահարելու աղքատութիւնը։ Մեր երկուքին կրօնքը կը պահանջէ մեզմէ որ հոգատար ըլլանք կարօտեալին։ Մենք ամէնքս գիտակից ենք թէ չքաւորութիւնը կը խոնարհեցնէ անհատը եւ անոր մէջ կը յարուցէ անընդունելի տառապանք։ Ասոր համար է որ մենք կանչուած ենք գործելու անհատի ամբողջական զարգացումին ի խնդիր։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր վերջին շրջաբերական թուղթին մէջ երկու տեսակ աղքատութեան մասին կը խօսի. առաջինը` աղքատութեան դէմ պայքար եւ երկրորդը` աղքատութեան ողջագուրում։ Աղքատութեան դէմ պայքարը բոլորիս աչքին առջեւն է. սովը, խմելիք ջուրի պակասը, հիւանդութեան դէմ խնամատարութեան չգոյութիւնը՝ ՜՜ անատակ օճախ, դաստիարակութեան ու մշակոյթի բացակայութիւն, անգրագիտութիւն, ինչպէս նաեւ բանաւոր, բարոյական ու կրօնական աղքատութիւն՝՝։ Իսկ ողջագուրելիք աղքատութիւնը. պարզ կեանքի նախասիրութիւնն է, ՜՜մսխումէն հեռացում, նաեւ բնապահպանութեան ու արարչագործութեան բարիքներու յարգանքը՝՝։ Ընտրուած աղքատութիւնը կը հեռացնէ մեզ եսասիրութենէն ու կը բանայ մեր սիրտը ուրիշներուն։ Որպէս հաւատացեալներ կանչուած ենք միասնաբար խորհդակցելու եւ մնայուն լուծումներ գտնելու աղքատութեան մեծ պատուհասին ու մեր ժամանակի ծանր հարցերուն։

Հուսկ Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդը դիտել կու տայ թէ քրիստոնեաները եւ մահմետականները իրար զիրար հանդուրժելէն անցան իրարու հետ տեսնուելու եւ խորհրդակցելու հանգրուան։ Երկխօսութիւնը տեղաշարժի մէջ կը դնէ ողջ ոյժերը անոնց որոնք կ'ընթանան Աստուծոյ ճանապարհին վրայ։ Չքաւորները կը հրաւիրեն մեզ համագործակցելու ազնիւ դրդապատճառի մը համար` այն է աղքատութեան յաղթահարումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.