2009-09-17 13:35:13

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Ըստ Էդուարդ Նալբանդեանի՝ Արձանագրութիւնները Կարելի Չէ Փոփոխութեան Ենթարկել։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան , 16 Սեպտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ հարցուպատասխանի պահուն, պատասխանելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեանի հարցումին՝ յայտարարեց, որ նախաստորագրուած արձանագրութիւնները որեւէ փոփոխութեան կարելի չէ ենթարկել:Յովհաննիսեան Նալբանդեանին հարց տուած էր այն մասին, թէ՝ արդեօ՞ք նախարարը մտադիր է հանդիպումներ ունենալ քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, եւ եթէ յստակ ընթացակարգ մը կայ նախաստորագրուած արձանագրութիւնները յետ-քննարկումներու փոփոխութեան ենթարկելու: Նախարար Նալբանդեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է հանդիպումներ ունենալու քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ եւ անոնց հետ ծաւալելու քննարկումներ, սակայն նախաստորագրուած արձանագրութեանց մէջ ինք որեւէ փոփոխութիւն չի կրնար մտցնել:
Հրանդ Տինքի Անուան Տարեկան Մրցանակները Յանձնուած։ Երեքշաբթի օր, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին (Պոլսոյ մէջ) «Հրանդ Տինք» Միջազգային հիմնադրամի ղեկավարները տարաբախտ հայ լրագրողի անուան տարեկան մրցանակները յանձնեցին այս տարուայ ընտրեալ թեկնածուներուն: Տինքի ընտանեկան պարագաներուն, մարդկային իրաւանց գործիչներու,մտաւորականներու, խորհրդարանականներու եւ շուրջ հինգ հարիւր հիւրերու ներկայութեամբ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին, մրցանակներ յանձնուեցան թրքական «Թարաֆ» թերթի աշխատակից, լրագրող Ալբեր Կիւրմուշի եւ իսրայելացի լրագրող Ամիրա Հաասի:
Մինսկի Խումբի Նախագահները Պիտի Հանդիպին Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Նախարարներուն ։ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16ին յայտնած է, թէ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներ այցելող Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի, ֆրանսացի եւ ռուս համանախագահներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի ատենապետի ներկայացուցիչին հետ: Ռուս համանախագահը աւելցուցած, թէ հանդիպումը առիթ մը պիտի ըլլայ, որ ան ծանօթանայ ամերիկացի նոր համանախագահ Ռապըրթ Պրետթքիի հետ: Անոր համաձայն, խորհրդակցութեանց գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն յաջորդ հանդիպումը, որ կրնայ տեղի ունենալ Հոկտեմբեր 10ին: Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Հոկտեմբեր 13ին հաւանաբար ստորագրուելիք արձանագրութիւնները դերակատարութիւն պիտի ունենա՞ն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու գործընթացքին վրայ, Մերզլիաքով յայտնած, թէ այդ արձանագրութեանց մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին ակնարկութիւն չկայ: Եօթը տարի առաջ այս պաշտօնին նշանակուած ռուս համանախագահը նաեւ յայտնեց, թէ տարեվերջին պիտի հեռանայ իր այս պաշտօնէն, սակայն աւելցուց, թէ ցարդ իրեն յաջորդողը չէ որոշուած:
Երեսփոխան Զարուհի Փոստանջեանի Յայտարարութիւնը։ Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեան յայտնած թէ ՝՝ Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը ունի քաղաքական որոշում մը,այն է չանդրադառնալ Հայաստանին եւ Հայութեան վերաբերող որեւէ հարցի քանի տակաւին կը գտնուինք Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրման նախաշեմին։ Փոստանջեան այդ ծիրին մէջ կը տեսնէ այն փաստը որ Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն վերաբերեալ հարցը նոյնպէս դուրս մնացած է Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի նստաշրջանի օրակարգէն,որովհետեւ ատիկա նոյնպէս առնչութիւն ունի հայերուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.