2009-09-16 13:32:00

Օրուան խորհրդածութիւնը։ Քրիստոնեայ ըլլալ խաչակրութիւն կը նշանակէ։


Օրուան խորհրդածութիւնը։ Քրիստոնեայ ըլլալ խաչակրութիւն կը նշանակէ։



Այս խորհուրդը մեծ է եւ առանց զայն իւրացնելու, ոչ ոք թող պնդէ, թէ ըմբռնած է Քրիստոսի Խաչելութեան իմաստը։ Միայն այս զոհողութեան խորհուրդին թափանցողներն են, որ կրնան իրենց խաչերը սիրով կրել, ...իրենց աչքերը յառած՝ Քրիստոսի խորհրդաւոր մահուան. §Ով որ իր խաչը չառներ ու իմ ետեւէս չի գար՝ արժանի չէ ինծի¦ (Մտթ. 10։38)։ Փրկչին Խօսքը, քրիստոնեաներուս համար աւելի կարեւոր պատգամ մը պէտք է ունենայ, քան մեր վզերէն ոսկեայ խաչեր կրելը։ Այս խօսքը Պօղոս Առաքեալի նման պէտք է հասկնանք. §Իսկ անոնք, որ Քրիստոսիններն են, խաչը հանեցին իրենց մարմինները՝ կիրքերով ու ցանկութիւններով մէկտեղ ... Քրիստոսի հետ խաչը ելայ. այլեւս կենդանի եմ. ոչ թէ ես, այլ իմ մէջս կենդանի է Քրիստոս¦ (Գղտ. 5։24, 2։20). §Եսասիրութիւնը¦ աշխարհի ամենամեծ խնդիրն է։ Խորքին մէջ մարդկութեան դէմ հանդիման եկած եւ կամ յարուցած բոլոր հարցերուն արմատն է եսասիրութիւնը իր տգեղագոյն բոլոր տեսակներով։ Սակայն շատ լաւ գիտենք, թէ բոլոր ասպետական յաջողութիւնները կ՚իրականանան զոհողութեան մը արդիւնքով։ Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած հաւատքով պէտք է քաջալերուինք զոհողութիւններ ընելու եւ հոգեւոր այն կարգապահութեամբ ապրելու, որով պիտի կարենանք եսասիրութիւնը թողուլ եւ մեր շուրջիններուն հետ վարուիլ՝ սիրով, անձնազոհութեամբ, բաժնեկցութեամբ եւ զօրակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.