2009-09-16 13:31:37

Էջ մը հայ գրականութենէն - «Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչում. Լէանտրօ Տեսփուի Եւ Արժանթինի Ներդրումը»


Էջ մը հայ գրականութենէն - «Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչում. Լէանտրօ Տեսփուի Եւ Արժանթինի Ներդրումը»



1973ին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ծիրին մէջ ներկայացուեցաւ Մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբի տեղեկագիրը, ուր Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը յիշատակուէր իբրեւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Թուրքիոյ ներկայացուցիչի բողոքին տեղի տալով՝ տեղեկագրին հեղինակը վերատեսութեան ենթարկուած օրինակին մէջէն հանեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշատակումը:

Պետական հովանաւորութենէ զուրկ Սփիւռքին համար, այդ արարքը իր լրումին կը հասցնէր Ցեղասպանութիւնը՝ անոր յիշատակման իրաւունքն իսկ մերժելով: Հետեւաբար, 1973էն սկսեալ, Սփիւռքի պահանջատիրական զօրաշարժը նոր թափ ստացաւ՝ վերջ տալու համար լռութեան եւ վերահաստատելու Հայոց Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի այժմէականութիւնը: Պահանջատիրական պայքարի մէկ ուղղութիւնը հանդիսացաւ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբի տեղեկագրին մէջ Ցեղասպանութեան յիշատակման վերահաստատումը, որ բացառաբար Սփիւռքի ճիգերով, ի վերջոյ արդիւնաւորուեցաւ 1985ին, երբ բրիտանացի Պենճամին Ուիթէքըր իր տեղեկագրին մէջ ներառաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ պարբերութիւնը: Իրադարձութիւնը, հետեւաբար, իրաւմամբ հանդիսացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առաջին գլխաւոր յաջողութիւնը:

«Ցեղասպանութիւն» բառի ներառման հոլովոյթը իրաւագիտական եւ դիւանագիտական ամբողջ սխրանք մը հանդիսացաւ: Անոր հերոսները եղան այդ օրերուն Հայ ժողովուրդի Դատին արդարացիութեան խորապէս համոզուած յանձնառու բուռ մը միջազգային անձնաւորութիւններ, որոնք տեղի չտուին թրքական ահաւոր ճնշումներուն: Անոնց շարքին էր արժանթինցի իրաւագէտ, մարդկային իրաւանց մեծ պաշտպան Լէանտրօ Տեսփուի:

Արժանթինի «Փլանեթա» հրատարակչատունէն 2009ի Ապրիլին լոյս տեսած «Էլ տեռումպէ…» Ժխտողականութեան փլուզումը. Լէանտրօ Տեսփուի, Ուիթեքէրի տեղեկագիրն ու Արժանթինի ներդրումը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, գիրքին հիմնական նպատակն է պատմութեան համար արձանագրել Լէանտրօ Տեսփուիի վկայութիւնը՝ Ժընեւի մէջ տարուած այդ դիւանագիտական եւ օրէնսդրական պայքարին ու յաղթանակին: Միտքն ու նախաձեռնութիւնը Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբինն է, որ միաժամանակ ֆինանսաւորեց ամբողջ ծրագիրը:

Գիրքին այս սկզբնական նպատակը, սակայն, իր զարգացումը ունեցաւ եւ ի վերջոյ վերածուեցաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի խմբագրութեամբ հատորի մը, ուր տեղ գտած հինգ պատմական թէ վերլուծական աշխատասիրութիւնները կը կազմեն Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ բազմակողմանի խորհրդակցութիւն մը, որ միաժամանակ զգաստութեան ու յանձնառու զօրաշարժի հրաւէր է:

«Էլ տեռումպէ…»ն կը սկսի Փետրօ Մուրատեանի յառաջաբանով: Ան 2006էն ի վեր Արժանթինի արդարադատութեան նախարարութեան ծիրին մէջ գործող Խտրականութեան դէմ պայքարի Ազգային հիմնարկի փոխնախագահ Փետրօ Մուրատեան ատենին եղած է գիրքի ծրագրին գլխաւոր ներշնչողը:

Գիրքի ներկայացման յատկացուած գլխուն մէջ, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան յատուկ կերպով կը շեշտէ 1980ական թուականներուն, Արժանթինի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումէն յետոյ, արժանթինեան հասարակութեան զօրաշարժը եւ Հայ Դատի աշխատանքներու տեսական եւ գործնական հանդիպման երեւոյթը:

Առաջին ուսումնասիրութիւնը Ֆապիան Պոսօէրին կը պատկանի: Արժանթինցի մտաւորականը կամուրջ մը կը տեսնէ 20րդ դարու ցեղասպանութիւններուն եւ 21րդ դարուն միջեւ, այն իմաստով, որ անպատիժ մնացած ոճիրները իրենց անդրադարձը կ՛ունենան նորանոր սարսափներու ներշնչում հանդիսանալով: Յաջորդ գլուխին մէջ, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան կը վերլուծէ Սփիւռքի զօրաշարժը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ի խնդիր, զայն տեղադրելով միջազգային ոլորտի պայմաններու զարգացման տրամաբանութեան մէջ: Հետեւաբար, Ֆապիան Պոսօէր եւ Լէանտրօ Տեսփուիի տարիներու գործակից Ֆլօրենգիա Թեռուզի կը ներկայացնէ արժանթինցի իրաւագէտին դերակատարութիւնը 1984-1985 թուականներուն ՄԱԿի ենթայանձնախումբին մէջ ընթացած բանակցութիւններուն ընթացքին: Տեսփուիի վկայութիւններուն վրայ հիմնուած այս կեդրոնական գլուխը միաժամանակ կը վերլուծէ Արժանթինի ներդրումը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին, ինչպէս նաեւ կ՛անդրադառնայ արժանթինցի իրաւագէտին պայքարին ի խնդիր՝ մարդկային իրաւանց բռնատիրութեան ամենասարսափելի տարիներուն, որուն համար ալ ան մահուան սպառնալիքին տակ ստիպուեցաւ երկրէն պարտադիր աքսորի երթալ:

Միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ Խուան Կապրիէլ Թոքաթլեանի ստորագրութիւնը կրող գլուխը զուգահեռ մը կը գծէ 20րդ դարու սկզբնաւորութեան տիրող միջազգային պայմաններուն եւ ԱՄՆի այսպէս կոչուած՝ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ի ոլորտին միջեւ դիտել տալով, թէ ցեղասպանութեան սպառնալիքը աշխարհի մէջ այսօր նոյնքան առկայ է, որքան այն ժամանակ: Թոքաթլեան իր յօդուածի աւարտին կոչ կ՛ուղղէ «խոցելիներու միջազգային համադաշնակցութեան մը յառաջացման»՝ առաջքը առնելու համար անցեալի ողբերգութիւններու կրկնումին: Գիրքը կ՛աւարտի Տեսփուիի մէկ անտիպ աշխատասիրութեամբ, որ կը վերլուծէ «ճշմարտութեան իրաւունք»ի յղացքը իր պատմական զարգացման ու տիեզերական բնոյթին ընդմէջէն:

Իր լոյս ընծայումէն ի վեր գիրքը ցարդ ունեցած է չորս հրապարակային ներկայացում: Անոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ Պուէնոս Այրէսի Գիրքի Միջազգային ցուցահանդէսին ընթացքին, Ապրիլ 26ին: Միջազգային մասշտապով Ֆրանքֆուրթի ցուցահանդէսէն ետք ամէնէն կարեւորը նկատուող սոյն ցուցահանդէսին տեղի ունեցած շնորհահանդէսին ներկայ եղան մօտ 600 հոգի, որոնց շարքին՝ դիւանագէտներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, իրաւագէտներ, մտաւորականներ: Գիրքին ի նպաստ գրախօսականներ լոյս տեսած են արժանթինեան մամուլին մէջ: Միջազգային հարցերու նուիրուած ամսաթերթ մը գիրքէն ամբողջ գլուխ մը արտատպած է: Կը ծրագրուի անոր ներկայացումը այլ քաղաքներու մէջ, յատկապէս՝ Գորտոպայի, ինչպէս նաեւ՝ անոր թարգմանութիւնը անգլերէնի ու հայերէնի:








All the contents on this site are copyrighted ©.