2009-09-16 13:30:33

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՆՍՏԱՑՈՅՑ ԵՒ ՀԱՑԱԴՈՒԼ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ։ Սեպտեմբեր 15ի ժամը 14։00ին(Հայաստանի ժամով) Երեւանի մէջ, կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքերուն դիմաց սկսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնած անժամկէտ նստացոյցն ու հացադուլը՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ։ 50 հոգի՝՝Չուրանա՛նք, չզիջե՛նք, ընդվզե՛նք՝՝ եւ ՝՝Նախապայմաններին՝ ո՛չ՝՝ վերտառութեամբ պաստառներով նստած են շուրջօրեայ նստացոյցի, իսկ շուրջ 24 հոգի՝ հացադուլի սկսած։ Վերջիններս պարբերաբար կը վանկարկեն՝՝Ո՛չ մի զիջում թուրքերին. Նալբանդեան հեռացիր՝՝։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն միջեւ Օգոստոս 31ին նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն հետագայ ճակատագիրը պիտի որոշուի երկու երկիրներուն մէջ խորհրդարանական եւ հասարակական քննարկումներէ ետք։

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Թուրքիոյ խորհրդարանի նախաահին
հետ կը քննարկէ Հայաստան-Թուրքիա յ արաբերութեանց կարգաւորման գործընթացը։

Թրքական ՝՝Ճումհուրիյէթ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմս Ճեֆրի իր գոհունակութիւնը յայտնած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչութեամբ։ Դեսպան Ճեֆրի այցելած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Մեհմեթ Ալի Շահինին եւ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցած անոր։ Հանդիպումէն ետք դեսպանը թուրք լրագրողներուն ըսած է թէ ՝՝մենք կ՝աջակցինք հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, եւ տայ Աստուած, որ անիկա շարունակուի՝՝։

Հայաստանի ԱԳ նախարար Նալբանդեանի պաշտօնական այցը Չինաստան։ ՀՀ. Արտործ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը Չինաստանի արտործ նախարար Եան
Ձիեչիի հրաւէրով պաշտօնական այցելութիւն կատարեց Փեքին։Շնորհակալութիւն յայտնելով իր չինացի գործընկերոջը, ջերմ ընդունելութեան համար՝ Էդուարդ Նալբանդեանը նշեց, որ Հայաստանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կուտան Չինաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման։ Նախարար Նալբանդեանը գոհունակութիւն յայտնեց տարբեր բնագաւառներու մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու աշխուժ զարգացման կապակցութեամբ եւ ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ չկայ որեւէ խնդիր, որ կը բաժնէ երկու կողմերը, այլ կան շատ գործօններ, որոնք կը միաւորեն մեր երկիրները։ ԻՐԱՆ- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց որ 13 Սեպտեմբերին Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմէտինեճատ ընդունած է Իրանի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած Դեսպան՝Գրիգոր Առաքելեանը որ անոր յանձնած է իր հաւատարմագրերը։




Երեւանի մէջ տեղի կունենայ ՝՝՝Սիրելի եղբայրս. հայերը Թուրքիայում 100 տարի առաջ՝՝ ցուցահանդէսը ։ Սեպտեմբեր 15-28ը Սիվիլիթաս հիմնադրամը եւ ՝՝Պիրզամանլար՝՝ հրատարակչութիւնը կը հրաւիրեն ՝՝Սիրելի եղբայրս. հայերը Թուրքիայում 100 տարի առաջ՝՝ ցուցահանդէսին։
Ցուցահանդէսի պաշտօնական հովանաւորն է ՝՝Հայփոստ՝՝ փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը։ Ցուցահանդէսին կը ներկայացուի Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1900-1910 թթ հայ համայնքներու կեանքի մասին պատմող Օրլանտօ Կալումենոյի հարիւրաւոր բացիկներու հաւաքածոն։ Բացիկները հրատարակուած են անցեալ դարասկզբին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, հայ եւ ոչ միայն հայ հրատարակիչներու կողմէ եւ կը պատմեն Օսմանեան կայսրութեան մէջ այդ տարիներուն ընթացքին ապրող հայերու կեանքի, հայկական ե-կեղեցիներու, դպրոցներու, հայերուն պատկանող բազմաթիւ գործարաններուն, ճաշարաններուն, հիւրանոցներուն եւ այլ հաստատութիւններուն մասին։ Այնթապի մէջ, Մարաշի, Զէյթունի, Կեսարիոյ, Մուշի, Վանի, Էրզրումի, Կարսի, բազմաթիւ այլ քաղաքներու մէջ, գիւղերու ու գիւղաքաղաքներու մէջ բնակող հայերու կենցաղի, զբաղմունքի, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու կողմէն հայկական թաղամասերու մէջ իրականացուած բարեգործական աշխատանքներու եւ պատմական տարբեր վայրերու ու իրադարձութիւններու մասին պատմող աւելի քան 4000 փոստային բացիկներու եւ ծրարներու հաւաքածոն կը պատկանի իտալացի Օրլանտօ Կալումենոյին, որու մայրը հայ էր։ Բացիկներէն 500-ը թուրք պատմաբան եւ հրատարակիչ Օսման Քյոքերի ջանքերով առաջին անգամ ցուցադրուեցան 2005 թ Յունուարին Պոլսոյ մէջ՝՝Սիրելի եղբայրս՝՝ խորագրով ցուցահանդէսին։ Օսման Քյոքերը սապա հրատարակեց 400 էջնոց գիրք մը ՝ նուիրուած բացիկներու հաւաքածոյին,իր հիմնած սեփական ՝՝Պիրզամանլար՝՝հրատարակչութեան շնորհիւ ։ Երեւանի Ցուցահանդէսի բացման, որը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 15-ին Մոսկուա կինոթատրոնին մէջ, ներկայ էր նաեւ Օսման Քյոքերը (հաղորդեց Սիվիլիթաս հիմնադրամը)։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.