2009-09-15 14:14:11

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ – Որքան անոյշ է աղօթքը


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ – Որքան անոյշ է աղօթքը

Գիւղին մէջ մարդիկ կանուխ կ'արթննան։ Ձմեռը քիչ մը նուազ, քան ամառը։ Բայց 1818ի Փետրուարին քահանայատան դրացիները կ'անդրադառնան, որ իրեց ժողովրդապետը իրենցմէ առաջ ելած է։ Արդէն առտուան ժամը չորսին, մերթ նաեւ աւելի կանուխ, կանթեղ մը կ'անցնի պարտեզէն եւ պզտիկ գերեզմանատունէն եւ զանգակատան կողմնակի դուռէն մտնելով աներեւոյթ կ'ըլլայ եկեղեցիին մէջ։

Հետաքրքիրներ մեղմով եկեղեցի կը մտնեն եւ կը տեսնեն իրենց ժողովրդապետը ծունկի եկած տապանակին դիմաց։ Ամէն առտու առնուազն երեք ժամ կ'աղօթէ։ Մերթ կը փոխէ դիրքը եւ տեղը։ Աւանդատան մէջ կ'ըսէ իր ժամերգութիւնը կամ կիսաձայն կ'երգէ, մինչեւ որ հասնի ս. Պատարագի ժամը։

Պատարագի ատեն աշխոյժ եւ արագ է, բայց սրբագործումէն ետք քանի մը վայրկեան կը կենայ , աչքերը նշխարին յառած։ Իր դէմքը կը ցոլացնէ իր զգացած ներքին գոհունակութիւնը։ Երեբէմն զինք կը տեսնեն ժպտուն, կարծես թէ Քրիստոսը տեսած ըլլար։

Հաւատացեալները նոյն ուրախուոթիւնը կը նշմարեն հաղորդութեան պահուն։

Օրուան ընթացքին յաճախ կը վերադառնայ եկեղեցի։ Իրիկունը արեւմուտքէն առաջ կ'ըսէ իր վարդարանը, գովերգները եւ քանի մը ծանօթ աղօթքներ։ Շուտով քանի մը կիներ ու տղաք կը միանան իր աղօթքին։

Երբ գիշերը կ'իյնայ գիւղին վրայ եւ մութը կը կոխէ ամէն կողմ, իր կենթեղը միշտ վառ կը մնայ հաղորդութեան խորանին վրայ եւ հոն երկար կ'աղօթէ քահանայատուն երթալէ առաջ։ Դեռ չի պառկիր , իր սենեակի համեստ կրակարանին դիմաց կը կարդայ իր սիրած գիրքերը։

Ինչ որ կ'երեւի չէ ունեցած ամբողջական աստուածաշունչ մը, բայց ունի հաւաքածոյ մը։

-Ժամագիրքը իմ հաւատարիմ ընկերս է, առանց անոր որեւէ տեղ չեմ կրնար երթալ։

Միթէ մասնաւոր շնորհքներ չկա՞ն, որ կապուած ըլլան Ս. Գրքին։ ժամագրիքը կազմուած է Աստուածաշունչի ամենագեղեցիկ կտորներէն եւ աղօթքներէն։ Չմոռնանք որ այդ շրջանին Ս. Գրքի ուսումնասիրութիւնը շատ տկար էր կղերանոցներու մէջ։ Նոր Կտակարանը կը կարդային լոկ կրթութեան նպատակով։

Ժան Մարի իր հոգեւոր սնունդը կը գտնէր Սուրբերու կեանքին մէջ, որոնք ապրած են Աւետարանի սկզբունքները գործադրելով: Կարծես շատ կը հետաքրքրուէր անապատի հայրերու կեանքով, գուցէ անոնց ճգնողական ապրելակերպին մէջ կը գտնէր արդարացումը իր գործելակերպին եւ միանգամայն քաջալերանք:

Հուսկ ժամը 11ի ատենները կը պառկի իր խշտեակին վրայ, զոր յաճախ գետին կը դնէ մահճակալին մօտ: Չորսէն հին ժամ միայն կը քնանայ: Իր վերջին տարիներուն պատահեցաւ, որ հանգչի հազիւ երկու ժամ:

Ինչոր կ’երեւի քունը իր տկար կողմը չէր եւ կամ կ’ուզէր բառացի կերպով գործադրել Աւետարանի սա խօսքը թէ պէտք է առանց ձանձրանալու աղօթել: Յաճախ կը հառաչէր.

-Հոգին, միայն Աստուծմով կը սնանի: Միայն Աստուած կրնայ լեցնել զայն: Միայն Աստուած կրնայ յագեցնել անոր ծարաւը:

Միւս կողմէ որոշ է, որ իր երիտասարդական տարիներուն, չարչարուած է ներքին ցաւերով ու տագնապներով: Կը զգայ աղօթքին միակերպութիւնը եւ ստէպ՝ ցամաքութիւնը: Մերթ կը յայտարարէ.

-Իմ սիրտս փայտի պէս չոր է, խիճի պէս կարծր եւ մարմարի պէս պաղ:

Միեւնոյն ատեն տեւաբար միտքը կու գայ զգացումը իր քահանայ ըլլալու անարժանութեան, եւ անկարողութեան: Արդեօք յանդգնութիւն չէ՞ր քահանայ ըլլալու համարձակութինը: Արդեօք իր ծուխերէն քանի մը հոգիներ չկա՞ն, որ պիտի դատապարտուին իր անկարութեան պատճառով:

Նման մտածումներ զինք կը տանջեն: Երբ խղճի քննութիւն կ’ընէ, ինքզինք կը գտնէ անարժան ու մեղաւոր: Աւելի ուշ իր հոգեզաւակներէն մէկուն կ’ըսէ.

-Օր մը խնդրեցի Աստուծմէ, որ ցոյց տար ինծի խեղճութիւնս եւ լսեց ինծի: ‘Եթէ Աստուած չօգնէր քեզի, յուսահատութեան մէջ պիտի իյնայիր’: Երբ ամէն ինչ վատ կ’ընթանար, տապանակին առջեւ կը նետուէի ինչպէս շնիկ մը իր տիրոջ ոտքրեուն:

Իր մտերիմներէն մին՝ եղբայր Աթանաս, շատ լաւ կ’ամփոփէ իր տագնապներու մասին, մեր գիտցածը:

-Ես ինքնին Ժան Մարիէն իմացայ թէ ներքին տագնապներ ունեցած էր: Իր տգիտութիւնը զինք կը սարսափեցնէր, կը դողար երբ կը մտածէր հովուական պաշտօնին եւ ծանր պատասխանատութեան վրայ: Խնդրած էր Աստուծմէ, որ ցոյց տար իրեն իր ներքին աշխարհը: Եւ զայն տեսնելով այնքան սարսափած էր, որ պաղատած էր քիչ մը նուազ ճանչնալ ինքզինքը, վախնալով որ յուսալքութեան գաղափարներ կ’ունենայ:

Կեանքի վերջաւորութեան, մէկը հարցուց իրեն թէ արդեօք փորձութիւններ ունեցա՞ւ խոնարհութեան դէմ:

-Ո՛չ, պատասխանեց, ասիկա չէ իմ փորձութիւնս, Ես չեմ դժուարանար համոզելու ինքզինքս թէ այս գործերը ես չեմ ըներ: Աստուած է ասոնք ընողը… Իմ փորձութիւնս յուսալքութիւնն է:

Ինչո՞վ կ’ազատինք այս փորձութենէն:

-Սիորվ. ‘Աստուած մեզ կը սիրէ ամենալաւ հայրերէն, ամենագորովալի մայրիկէն աւելի: Մեզի կը մնայ ենթարկուիլ ու յանձնուիլ իր սուրբ կամքին:

Եւ այս տառապանքներէն, լաւատես դաս մը կը հանէ.

-Երբ մխիթարութիւններ չունինք, Աստուծոյ կը ծառայենք Աստուծոյ համար, բայց երբ մխիթարութիւն կայ, վտանգ կայ որ մենք մեր անձին ծառայենք:



Գուցէ այսպիսի ներքին անմխիթար կացութեան մը ատեն է, որ կ’արտասանէ հետեւեալ աղօթքը, լեցուն յուզումով, բայց եւ խաղաղութեամբ.

-Ո՜վ Աստուած իմ, եթէ լեզուս ամէն վայրկեան չկարենայ ըսել, թէ քեզ կը սիրեմ, կ’ուզեմ որ սիրտս կրկնէ զայն իմ շունչիս տուրեւառին չափ:

Աստուած իմ. տուր շնորհքը, որ ես կրկնեմ քեզ սիրելով ու քեզ սիրեմ կրկնելով: Ես քեզ կը սիրեմ, ո՜վ Աստուածային փրկիչս, որովհետեւ խաչուեցար ինծի համար: Քեզ կը սիրեմ, ո՜վ Աստուած իմ, որովհետեւ զիս քեզի համար խաչուած կը պահես երկրի վրայ:

ՇնորհՔ ըրէ, որ ես մեռնիմ քեզ սիրելով եւ զգալով թէ կը սիրեմ քեզ…:

Զգալով թէ կը սիրեմ քեզ, խօսքը կրնայ զարմացնել եւ խորհիլ տալ, թէ արդեօք մեր վարդապետը բացառիկ շնո՞րհք մը կը խնդրէ: Ո՛չ, այլ այդ տառապանքի վայրկեաններուն Աստուծոյ կը դիմէ, ինչպէս զաւակ մը իր հօր, բոլոր վստահութեամբը, որովհետեւ լաւ համոզուած է թէ Աստուած մխիթարութիւն է զինք սիրողին:








All the contents on this site are copyrighted ©.