2009-09-15 14:18:39

Լուրեր հայկական կեանքէն


 Հայաստան

ԺԷ.Դարու Հայկական նոր Ձեռագիր մը նուէր՝ Մատենադարանին

 Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու Մատենադարանը  հարստացած է 1689ին գրուած Աւետարանով մը: Մանրանկարներով, լուսանցագրերով եւ զարդագրերով հարուստ այս ձեռագիրը գրուած է Տաթեւի մէջ, Մահտեսի Արիստակէսի կողմէ, Նախիջեւանի Ագարակ գիւղի Մարտիրոս սարկաւագի պատուէրով:

՜՜Վերջին երկու տարուան ընթացքին բարերարներու շնորհիւ հին ձեռագիրներու հայակական պահոցը հարստացած է շուրջ 100 եզակի ձեռագիրներով՝՝ ըսած է Մատենադարանի տնօրէնը՝ Հրաչեայ Թամրազեան:

 Տաթեւի այս ձեռագիրը գնած եւ Մատենադարանին նուիրած է «ԱԳԲԱՅ քրետիտ ակրիքոլ» դրամատան տնօրէն Ստեփան Գիշեան: «Կը ցանկանայի, որ այս օրինակը վարակիչ լինի իմ գործընկերների համար, եւ հին ձեռագրերի հաւաքագրման այս աւանդոյթը շարունակուի», ըսած է Գիշեան։

 Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեան ըսած է թէ՝ ՜՜ձեռագիրը բաւական լաւ պահպանուած վիճակի մէջ է՝՝։

Նշենք թէ  Մատենադարանը շնորհած է նուիրատու-բարերար Ստեփան Գիշեանին, ՜՜Մ. Մաշտոցի անուան յուշամետալ եւ ձեռագիրներու հաւաքածոյի ֆրանսերէն ալպոմ մը՝՝:

Երեւանի մէջ Ատրպեճանական Շարժանկարներու Փառատօն

Հայաստանի մէջ կայանալիք ատրպեճանական շարժանկարներու փառատօնին մասնակցելու համար ներկայացուած է տարբեր տեսակի 60 կարճատեւ շարժանկար՝ փաստագրական, խաղարկային եւ այլ կերպի: Փառատօնի կազմակերպիչ ու ՜՜Խաղաղարար նախաձեռնութիւններու կովկասեան կենտրոնի՝՝, նախագահը Գէորգի Վանեան ըսած է թէ « պիտի ընտրուին լաւագոյն 7 շարժանկարները: ՜՜Մենք հիմնականում ձեռք ենք բերել միջազգային կինոփառատօններում ցուցադրուած մեր հարեւան երկրի արտադրութեան լաւագոյն ֆիլմերը տարբեր մարդկանց, կազմակերպութիւնների աջակցութեամբ: Մինչ մեր կողմից ընտրուած ֆիլմերը ցուցադրելը, անպայման համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի հեղինակների հետ»։ Ըստ անոր, փառատօնը պիտի նպաստէ երկու երկիրներու հասարակութիւններուն միջեւ կապի ստեղծման եւ երկխօսութեան ծաւալման: Փառատօնը պիտի ունենայ միայն մէկ՝ «Հանդիսաստեսի համակրանք» մրցանակը, իսկ հանդիսատեսը պիտի քուէարկէ շարժանկարը դիտելէն անմիջապէս ետք:  Նշենք, որ շարժանկարները պիտի ցուցադրուին ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի տեւէ 3 օր. նախնական տուեալներով անիկա պիտի սկսի 2009ի Հոկտեմբերի վերջը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.