2009-09-15 12:42:03

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն.


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն.

Այսօր կը սկսի ՄԱԿ-ի 64-րդ ընդհանուր ժողովի նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Ազրպէյճանի նախաձեռնած "գրաւեալ տարածքներուն մէջ" տիրող իրավիճակին վերաբերեալ բանաձեւը։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան ՝՝Արմենփրես՝՝ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հայաստանեան քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարները 17 սեպտեմբերին հրաւիրած է քննարկումի մը՝ նուիրուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ հանգրուանին։Ասիկա նախագահ Սարգսեանին կողմէ այս ձեւաչափով հրաւիրուած երրորդ խորհրդակցութիւնն է(ըսած է Ֆարմանեան)։

ԹՈՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԱՅՍՕՐ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ
ՆԱԽԱՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ։Թրքական Թէ.Ռէ.Թէ պետական պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կը շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ թրքական քաղաքական ուժերուն հետ ունեցած իր քննարկումները։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդդիմութեան հետ հանդիպումներու արդիւնքները պիտի փոխանցէ վարչապետ Էրտողանին եւ նախարարներու խորհուրդին։ Իսկ Թրքական ՝՝Սապահ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 21 սեպտեմբերին պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ։Օրաթերթը կը յայտնէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ հաւանական է, որ Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունենայ՝ մասնակցութեամբ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ահմեթ Տաւութօղլուի։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան հերքելով Սապահ թերթի հաղորդած լուրը, յայտնած որ Նիւ Եորքի մէջ Սարգսեան - Էրտողան հանդիպում մը նախատեսուած չէ։
ԸՍՏ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ՓՈՐՁԱԳԷՏ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՌԱՐ-ի՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇԱՀԵՐԷՆ ԿԸ ԲԽԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼ ԹԷ՛ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ԹԷ՛ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ։ Ուժանիւթի եւ ԱՊՀ-ի երկիրներու հարցերով եւրոպացի փորձագէտ Ալեքսանտր Ռար՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի ՝՝Նապուքօ՝՝ ծրագիրին միանալը, որքանո՞վ իրատեսական է, պատասխանած է, որ Հայաստան հիմա շատ դժուար իրավիճակի մէջ է։ Հակառակ անոր որ ան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ Ռուսիոյ դաշնակիցն է, սակայն այդ երկիրներուն միջեւ կը գտնուի նաեւ Վրաստանը, որ շատ բարդ յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ եւ այդ մէկը վնաս կը պատճառէ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն։ Այդ իրավիճակէն օգտուեցաւ Եւրոպական Միութիւնը, այդ պատճառով ալ ներկայիս Եւրոպական Միութիւնը շատ լուրջ ճնշումի կ՝ենթարկէ Թուրքիան, որպէսզի բանայ Հայաստանի հետ իր սահմանը։ Այդ պարագային Հայաստան դուրս կուգ այ դէպի Եւրոպական Միութիւն, եւ որպէսզի Հայաստանին աջակցին սահմաններու բացման հարցին մէջ, կը խօսին ՝՝Նապուքօ՝ ծրագիրին անոր միանալուն մասին։

ԱՐՑԱԽ։Արցախի Լրագրողներու Միութեան Նախագահ Վերընտրուեցաւ Կիմ Գաբրիէլեանը։ Սեպտեմբեր 13ին տեղի ունեցած է Արցախի Լրագրողներու միութեան 3րդ համագումարը, որուն ընթացքին համագումարի մասնակիցները քննարկած են Ղարաբաղի լրատուական դաշտին ու լրագրողներու մասնագիտական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր եւ ծանօթացած են միութեան վարչութեան կատարած աշխատանքներուն, որոնց մասին հաշուետուութեամբ հանդէս եկած է միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեանը: Ըստ իրեն, միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած են մամուլի ասուլիսներ, իրականացուած են հասարակական հարցումներ, օժանդակութիւն ցուցաբերուած է շրջանային խմբագրութիւններուն եւ այլն: Համագումարի ընթացքին կատարուած է նաեւ միութեան վարչութեան եւ նախագահի ընտրութիւն: Նշենք, որ միութեան նախագահ վերընտրուած է Կիմ Գաբրիէլեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.