2009-09-13 09:57:09

Պոլսահայ կրթական հաստատութիւնները։ Նուպար-Շահնազարեան վարժարանը։


Պոլսահայ կրթական հաստատութիւնները։ Նուպար-Շահնազարեան վարժարանը։

Նուպար-Շահնազարեան վարժարանը հիմնուեցաւ 1866-ին, Խասգիւղի մէջ, Ներսէս եպիսկոպոս Վարժապետեանի (հետագային՝ պատրիարք) ջանքերով, Կարապետ վարդապետ Շահնազարեանի կտակին, ինչպէս նաեւ Նուպար փաշայի նուիրատուութեան շնորհիւ։

Կարապետ վարդապետ ծնած էր 1814-ին, Իրանի Համատան քաղաքը։ Ուսումը ստացած էր Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին մէջ եւ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին վերատեսուչը եղած էր։ 1849-ին փոխադրուած էր Պոլիս, ուր ազգային, հասարակական ու եկեղեցական բեղուն գործունէութիւն ունեցած էր։ 1855-ին փոխադրուած էր Փարիզ, ուր տպարան հիմնած էր՝ հրատարակելով հայ մատենագիրներու երկերը։ 1862-ին Մանչեսթըրի հոգեւոր հովիւը եղած էր եւ հրատարակած՝ Երկրագունդ թերթը։ 1865-ին Պոլսոյ մէջ վախճանած վարդապետը բաւական կոկիկ գումար մը աւանդ ձգած էր՝ զայն կտակելով կրթական գործին եւ վարժարանի մը կառուցման։

Ներսէս եպիսկոպոս, կտակին համաձայն, որոշեց նոր վարժարանը հիմնադրել Խասգիւղի մէջ, նկատի ունենալով շրջանին մէջ գործող Ներսէսեան վարժարանին դժուարութիւնները։ Նոր վարժարանի մը կառուցման մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ նաեւ Սկիւտարի ճեմարանին անշքացումը։ Նախատեսուած էր նոր վարժարանը օժտել գիշերօթիկ բաժինով։

Սակայն Կարապետ վարդապետին կտակած գումարը անբաւարար ըլլալով վարժարանի մը կառուցման համար, Ներսէս եպիսկոպոս դիմեց Եգիպտոս՝ Նուպար փաշային, խնդրելով անոր նիւթական աջակցութիւնը փաշան ընդառաջեց խնդրանքին՝ յանձնառու ըլլալով վճարել յաւելեալ բոլոր ծախսերը։

Այսպիսով, Խասգիւղի մէջ կառուցուեցաւ դպրոցական նոր շէնք մը նորակառոյց վարժարանը իր երկու բարերարներուն անունով կոչուեցաւ Նուպար-Շահնազարեան ժառանգաւորաց գիշերօթիկ վարժարան։ Ներսէս եպիսկոպոս ստանձնեց դպրոցին տնօրէնութիւնը, լուծել տուաւ Ներսէսեան վարժարանին վերին կարգերը եւ անոնց աշակերտները ուսուցիչներով միասին փոխադրեց նոր վարժարանը։

Նուպար-Շահնազարեանի կրթական ծրագիրը կընդգրկէր՝ հայերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն, անգլերէն, թուաբանութիւն, հանրահաշիւ, երկրաչափութիւն, տիեզերագիտութիւն, հաշուապահութիւն, ընդհանուր եւ ազգային պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն։

Նուպար-Շահնազարեանի սաներէն ելան անուանի մտաւորականներ եւ ազգային-հասարակական գործիչներ, որոնցմէ յիշենք՝ Գրիգոր Զօհրապը, Եղիա Տէմիրճիպաշեանը եւ Մինաս Չերազը։ Դպրոցը աշակերտներ ունէր ոչ միայն Պոլիսէն, այլ նաեւ՝ գաւառներէն։ Աշակերտները, տնօրէնութեան աջակցութեամբ եւ ուսուցչական կազմին մասնակցութեամբ, 1870-1871 հրատարակեցին Երկրագունտ շաբաթաթերթը։

Նուպար-Շահնազարեանի դրամագլուխը կապուած էր օսմանեան արժեթուղթերուն։ 1876-ին, սուլթան Ապտիւլ Ազիզի մահուան, Մուրատ Եի գահակալութեան եւ անկէ ամիս մը ետք, պալատական յեղաշրջումով մը Մուրատ Եի գահազրկման եւ սուլթան Համիտի գահակալութեան պայմաններուն տակ օսմանեան ելեւմտական շուկան ծանր հարուած ստացաւ եւ արժեթուղթերը մեծապէս արժեզրկուեցան։ Այս պայմաններուն տակ վարժարանին դրամագլուխը ծանր հարուած ստացաւ։

Ստեղծուած կացութեան առջեւ վարժարանը նոյն տարին իսկ՝ 1876-ին փակեց իր դուռերը եւ իր ուսուցչական կազմով ու աշակերտութեամբ փոխադրուեցաւ Ներսէսեան վարժարան։








All the contents on this site are copyrighted ©.