2009-09-12 13:19:21

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Հինգ նոր եպիսկոպոսներու օծում։


Հինգ նոր եպիսկոպոսներու օծում։

Շաբաթ 12 Սեպտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հինգ նոր եպիսկոպոսներ օծեց, որոնք վերջերս Սրբազան Քահանայապետէն առաքելական դեսպան անուանուած են։ Նորօծ հինգ եպիսկոպոսները նախապէս կ'աշխատէին Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան մէջ։

Իր ուղղած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորահակալութիւն յայտնեց անոնց տարած աշխատանքին համար Պետական Քարտուղարութեան մէջ եւ ըսաւ. ՜՜ վստահ եմ որ նոյն սիրով ու եռանդով պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը Աստուծոյ Եկեղեցւոյ մէջ՝՝։

Սիրեցեալ եղբայրներ, Տիրամօր աղօթենք եւ խնդրենք որ ձեզ առաջնորդէ դէպի իր Որդին, աղբիւր ամէն բարիքի, ձեզի համար կ'աղօթենք որպէսզի դառնաք հաւատարիմ սպասաւորներ, խոհեմ եւ բարի, որպէսզի օր մը Տիրոջմէն լսէք սա խօսքը, ՜՜բարի ու հաւատարիմ սպասաւոր, մտիր Տիրոջդ ուրախութեան մէջ՝՝։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.