2009-09-12 13:19:56

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


Սերժ Սարգսեան Ֆարիտ Մուխամեթշին հանդիպում։

Երեւան – Հ Հ Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ԱՊՀ երկիրներուն մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ, ԱՊՀ գործերով դաշնակցային գործակալութեան ղեկավար Ֆարիտ Մուխամեթշինը։ Ան Երեւան կը գտնուի այս օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Ռուսական խօսքի օրերու ծիրին մէջ, նախաձեռնութիւն մը, զոր կը հովանաւորեն Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահները։

Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Ռուսական խօսքի օրերու կազմակերպումը Հայաստանի մէջ կը դառնայ բարի աւանդութիւն եւ մարդկային մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան անբաժանելի մաս։

Կողմերը շեշտած են ռուսերէնին դերը՝ որպէս միջմշակութային հաղորդակցութեան կարեւոր միջոց։ Հայրենի նախագահը ըսած է, որ ռուսերէնի դասաւանդումը Հայաստանի բոլոր միջնակարգ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ պարտադիր կը նկատուի, նաեւ կը ձեռնարկուին քայլեր համալսարաններուն մէջ ռուսերէնի դասաւանդման մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ։

Խօսուած է նաեւ Ռուս-հայկական սլաւոնական համալսարանի գործունէութեան, միացեալ կրթական, մշակութային ծրագիրներու իրականացման եւ մարդկային գիտութիւններու մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան նոր կարելիութիւններու մասին։



՜՜Միջազգային ներում իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝՝ կոչ կ'ուղղէ Ճափոնին վերացնելու՝ մահատապատիժը։

Իր հրապարակած նոր զեկուցումին մէջ, ՜՜Միջազգային Ներում Իրաւապաշտպան Կազմակերպութիւնը՝՝ կոչ ուղղած է Ճափոնի նոր իշխանութիւններուն, որոնք յաջորդ շաբաթ պիտի ստանձնեն երկրի ղեկը, որպէսզի դադրեցնեն երկրէն ներս կիրարկուող մահապատիժի օրէնքը։ Զեկոյցի հեղինակներու հաւաստիացումով, քիչ չեն դէպքերը, երբ մահապատիժի ենթակայ անձերը հոգեկան խանգարում կունենան, մեկուսացուած մնալու եւ մօտ ապագային իրականացուելիք պատիժի օրն ու ժամը չիմանալու հետեւանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.