2009-09-11 12:52:37

Քահանայական տարի, Քահանային մեծութիւնը

խորհրդածութիւն


Քահանայական տարի, Քահանային մեծութիւնը

խորհրդածութիւն



Ո՞վ ուրեմն պիտի համարձակէր ըսել՝ թէ քահանան ոչ մէկ բանի օգտակար է, որովհետեւ ան ոչ ընտանիքի հայր է, ոչ գործաւոր, ոչ վաճառական, ոչ ճարտարապետ: Եւ սակայն, անոր տուած կեանքը Աստուծոյ կեանք է: Քահանային ձեռքը Քրսիտոսի ձեռքն է, որ կ’օրհէ, կը ներէ ու կը սրբացնէ: Քահանան, որպէս անտեսանելի Տիրոջ ներկայութիւն, ուրիշներուն կ’օգնէ ապրելու եւ մեռնելու որպէս Աստուծոյ որդիներ: Այս միայն արժէք ունի յաւիտենական կեանքին համար:

Աշխարհը ի՞նչ պիտի ըլլար առանց Աւետարանի եւ առանց քահանայի, որ անոր վկան ու պատգամաբերն է: Այն որ Եպիսկոպոսի կողմէ օծուած է՝ որպէս Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ քահանայ, պարտի ըլլալ ամէն տեղ ուր հոգիներ կան որոնք պէտք ունին ուսումի, սրբացումի եւ ներումի: Քահանան ներկայ է կեանքի բոլոր ճամբաներուն վրայ:

Քահանան քրիստոնեայ ընտանիքի ուրախութիւններն ու ցաւերը կը բաժնէ: Եւ որովհետեւ հրաժարած է յատուկ ընտանիք մը հիմնելէ, ամէն րոպէ տրամադիր է, միշտ պատրաստ՝ ամէն կոչի պատասխանելու, սիրտը բաց ու ազատ ունկնդրելու, հասկնալու, դաստիարակելու եւ մխիթարելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.