2009-09-10 13:06:30

Լուրեր հայկական կեանքէն

Աշխարհահռչակ երգահան, դաշնակահար Միշել Լեգրանի ելոյթը Հայաստանի մէջ։


Աշխարհահռչակ երգահան, դաշնակահար Միշել Լեգրանի ելոյթը Հայաստանի մէջ։

Հայաստանի մէջ,15 Սեպտեմբեր 2009-ին, մենահամերգով առաջին անգամ ըլլալով հանդէս պիտի գայ աշխարհահռչակ երգահան, դաշնակահար Միշել Լեգրան։ Համերգին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արուեստագէտին Լեգրանի կինը՝ տաւիղահար Քաթրին Միշել եւ երգահանին քոյրը, երգչուհի՝ Քրիսթիան Լեգրան։

Համերգը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Պետական երիտասարդական սենեկային նուագախումբի ընկերակցութեամբ, եւ աջակցութեամբ՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Լեւոն Մալխասեան՝ համերգի կազմակերպիչը եւ Հայաստանի ճազ ակումբի նախագահը յայտնելէ ետք որ երգահանը Երեւան պիտի հասնի սեպտեմբեր 12-ին, ներկայացուցած է Միշել Լեգրանի գործունէութեան մանրամասնութիւնները եւ նշած , որ Լեգրան հրապարակած է շուրջ 200 ձայնասկաւառակ, որոնց մէկ երրորդը ճազային ստեղծագործութիւններ են։

Միշել Լեգրան ծնած է Փարիզ, 1932-ին։ Անոր հայրը Ռայմոնտ Լեգրան ֆրանսացի երգահան եւ դերասան էր, իսկ մայրը՝ ազգութեամբ հայ, դաշնակահար՝ Հայկանուշ Մարսել Տէր Միքայէլեանն էր։ Երաժշտական առաջին փորձը Լեգրան ստացած է իր հօրմէ եւ 11 տարեկանին ընդունուած է Փարիզի երաժշտանոցը, ուրկէ աւարտած եւ ապա տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ։ Ան յօրինած է եղանակներ ժապաւէններու համար, ինչպէս՝ Աղջիկները Ռոշֆորէն։ Շերբուրկեան անձրեւանոցներ եւ այլն։ Լեգրանի ստեղծագործութիւնները կատարած են հանրայայտ դաշնակահարներ՝ Օսքար Փիթըրսոն, Քաունթ Պէյս եւ Չարլի Պարկեր ։ Միշել Լեգրան մրցանակակիր է ՜՜Գրեմիի հնգակի եւ Օսկարի եռակի՝՝ ։



Հայ ձեւագէտներ կը մասնակցին Մոսկուայի արհեստներու Դ. միջազգային փառատօնին,

Մոսկուայի մէջ Սեպտեմբեր 3 – 6 տեղի ունեցած արհեստներու 4-րդ միջազգային փառատօնին, մասնակցած են Հայաստանի ձեւագէտներն ու արհեստաւորները ։

Հայկական պատուիրակութեան եւ Արտըն իմէյճ ֆեշըն սենթըրի պատասխանատու Անժելա Դալաքեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ հայ արհեստաւորներն ու ձեւագէտները առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին այս փառատօնին։ Ձեւագէտներու բաժինով հայրենի ներկայացուցիչները ցուցադրած են հինգ ձեւագէտներու հագուստներն ու տարբեր զարդեղէնները։ Ցուցահանդէսի շրջանակներու ծիրին մէջ տեղի ունեցած է ոսկերիչներու, սրբանկարիչներու, փայտագործ վարպետներու, դարբիններու, վառարանագործներու, ժանեակագործներու, բատիկի նկարազարդման, լաքով պատուած մանրանկարչութեան եւ այլ վարպետութեան դասեր։

Ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է համառուսական ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ եւ կազմակերպուած է Մոսկուայի Արհեստներու պալատին կողմէ՝ Ռուսիոյ կառավարութեան հովանաւորութեամբ։





 







All the contents on this site are copyrighted ©.