2009-09-09 13:49:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 9 Սեպտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներու մասին։ Այսօր ներկայացուց սուրբ Պետրոս Տամեանը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Սուրբ Պետրոս Տամեան ծնած է Իտալիոյ Ռավեննա քաղաքը 1007 -ին։ Փոքր տարիքին որբացած է , սակայն կարողացած է իրաւական ու գրական ուսումներ կատարել, ու անոնցմով փայլած ։ Զգայուն ՜՜գեղեցկութեան ու աշխարհի գեղատեսիլ ներկայութեան՝՝ ան կարցաւ յատնաբերել հարստութիւնը ներքին կեանքին ու գերբնական իրադրութիւններուն։ Յափշատկուած Աստուծոյ բացարձակութենէն, ան քաշուեցաւ Ս. Խաչի նուիրուած ՜՜ֆոնթէ Ավելլանա՝՝ Մենաստանը եւ հոն յօրինեց Կանոնագիրք մը օգնելու՝ վանականները հաղորդակցութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ հետ խոր լռութեան մէջ , աղօթքի ու Ս. Գիրքի ընթերցումի միջոցաւ։ Ս. Խաչի խորհուրդը կը լուսաւորէր անոր կեանքը, ասիկա ի յայտ կու գայ իր շարադարած աղօթքներէն։ Ս. Գիրքի մէջ կատարած մտածականներէն, միշտ կը գտնէր Քրիստոսի դէմքը, կեդրոնը վանական կեանքին։ Աղօթքս է , ըսան Նորին Սրբութիւնը, որ Յիսուս նաեւ մեր կեանքի կեդրոնը ըլլայ եւ օգնէ մեզի անջատուելու առօրեայ մտահոգութիւններէն։

Մեծ աստուածաբան Պետրոս Տամեան Ս. Երրորդութեան ու Քրիստոսի մասին իր աստուածաբանութիւնը հիմնած է Ս. Գիրքի վրայ, ան նաեւ գիտցած է ներկայացնել Աստուծոյ Եկեղեցին որպէս հաղորդութիւն, ժամանակի մը մէջ ուր լարուածութիւնները բազմաթիւ էին Եկեղեցւոյ մէջ։ 1057ին նշանակուեցաւ եպիսկոպոս ու կարտինալ Օսդիա թեմին եւ այսպէսով կարողացաւ սատարել Եկեղեցւոյ բարեփոխումին։ Սակայն էութեամբ՝ ան մնաց հաւարտարիմ վանական կեանքին։ Մեզի համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, Պետրոս Տամեան կը մնայ պերճախօս վկայ մը Աստուծոյ բացարձակութեան, եւ մեզ ամէնքս կը կոչէ սրբութեան, բոլորովին անկաշկանդ հանդէպ աշխարհի փոխզիջումներուն։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները խրախուսելով զանոնք մտերմութեան մէջ մտնելու Քրիստոսի հետ եւ աղօթելու քահանաներու համար եւ անոնց օգնութեան հասնելու իրենց առաքելութեան մէջ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ երեքշաբթի սեպտեմբեր 8-ին տօնեցինք Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի ծնունդը, Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը Տիրամօր մասին խօսելով կը գրէ թէ Ան մեզ կը կանխէ, կ'առաջնորդէ հաւատքի ճանապարհին վրայ։ Իրմէ հայցենք հաւատքի շնորհքը։ Մենք ամէնքս կանչուած ենք յաճախելու Ս. Կոյս Մարիամի դպրոցը որպէսզի իրմէ սորվինք սիրել զԱստուած ամէն բանէ վեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.