2009-09-09 13:33:58

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԻՆՔՆՈՐՈՇՈՒՄԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՅՔԱՐ ՄՂՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՐԿՈՒՄԸ ՄԻԱՅՆ ԿԱՄՐԱՊՆԴԷ ԱՅԴ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ Կ՝ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Խրուաթիոյ նախագահ Սթիեփան Մեսիչի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է որ ՝՝Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Խրուաթիոյ եւ առհասարակ պալքանեան պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու խորացման ու զարգացման անհրաժեշտութիւնը՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ՝՝։ Խրուաթիոյ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ շրջանային փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող խնդիրները, եւ ինք խրուաթ իր պաշտօնակիցին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին բանակցային գործընթացին վերջին զարգացումները։ Խրուաթիան՝ իբրեւ Եուկոսլաւիոյ փլուզման պատճառով անկախութիւն ձեռք բերած երկիր, քաջ կը գիտակցի ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքի կարեւորութեան եւ այդ սկզբունքին դէմ զինեալ ուժ հակադրելու հաւանական հետեւանքներուն։ Ինքնորոշման համար պայքար մղող ժողովուրդներուն դէմ ուժի կիրարկումը միայն կ՝ամրապնդէ այդ ժողովուրդին իրաւունքը՝ ե՛ւ իրաւական, ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ բարոյական մարզերուն մէջ(ընդգծած է Սերժ Սարգսեան)։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ ՝՝Հայեացք՝՝ մամլոյ ակումբին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը պարզապէս դիւանագիտական կապերու հաստատում չէ, այլ կ՝ենթադրէ շատ աւելի լուրջ եւ խորքային հարցերու քննարկում։ Խօսելով հայ-թրքական փաստաթուղթերու մասին՝ Հրանդ Մարգարեան փաստաթուղթէն բխող վտանգներուն մասին հետեւեալը ըսաւ ՝՝Անով մենք կը հրաժարինք մեր սերունդներուն պատկանող իրաւունքներէն, մենք խնդրոյ առարկայ կը դարձնենք Ցեղասպանութեան փաստը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան համար անվտանգութեան հարց է, մեր ազգի արժանապատուութեան հարցն է, արդարութեան հարց է եւ Հայ Դատի պայքարին բաղկացուցիչ մասը՝՝։ Իսկ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը թրքական կառավարութենէն քրտական հարցին եւ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց շուրջ իր վերջին նախաձեռնութեանց ետին կանգնող դրդապատճառներուն մասին յստակացումներ պահանջած է։ Միւս կողմէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր վրացի գործընկերոջ հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը դիտէ Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման լոյսին տակ։ Ան նշած է, որ իր երկիրը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ կարեւոր հանգրուան մը թեւակոխած է։Մեր մեծ փափաքն է որ շրջանի սառեցուած տագնապները լուծուին(ըսած էթուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը)։

ՌՈՊԸՐԹ ՊՐԱՏՔԷ՝ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահ նշանակուած է Ռոպըրթ Պրատքէ։ Ռոպըրթ Պրատքէ դիւանագիտական աշխատանքի 36 տարուան փորձառութիւն ունի։ Մինչեւ այս տարուան յուլիսը եղած է Խրուաթիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, իսկ 2001-2004 թուականներուն եղած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին նախարարի՝ եւրոպական եւ եւրասիական գործերով տեղակալի օգնական, ինչպէս նաեւ՝ ՕԹԱՆ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի հարցերով պատասխանատու։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ նոր համանախագահը մտադիր է մօտ ապագային շրջան այցելել։

Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան կը մասնակցի Յունաստանի Պոլսեցիներու
կազմակերպած միջազգային խորհրդաժողովին։ 1955ին Պոլսոյ մէջ պատահած Սեպտեմբերեան տխուր իրադարձութիւններու 54-ամեակի ոգեկոչման ծիրէն ներս՝ Յունաստանի պոլսեցիներու միութիւնը միջազգային խորհրդաժողով կը կազմակերպէ Շաբաթ 12 Սեպտեմբերին, ժամը 900-1400, Աթէնքի ՝՝Փարնասոս՝՝ սրահէն ներս (Քարիցի հրապարակ)։ Խօսք կ՝առնեն փրոֆ. Իաքովոս Աքցօղլու, պատմաբան Իֆիղենիա Փափագոնսթանտինու, փրոֆ. Իոանիս Իաքովիտիս, պատմաբան Սայիթ Չեթինօղլու։ Կլոր սեղանի զրոյցի կը մասնակցին երեսփոխաններ, պատմաբաններ, լրագրողներ։ Սոյն Խորհրդաժողովին իր ներկայութիւնը կը բերէ ամերիկահայ ծանօթ փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան, որ պիտի անդրադառնայ Ցեղասպանութեան Զոհերու Ժառանգորդներու հատուցումներու հարցին։

ԼՈՍ-ԱՆՃԸԼԸՍ։ Սէմ Նազարեան՝ Լոս Անճելըսի օդակայանի յանձնաժողովի անդամ ։ Լոս Անճելըս-ի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա վերջերս Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանի յանձնաժողովի (LAWA) անդամ նշանակած է Սէմ
Նազարեանը՝ զայն համարելով շրջանի օդակայանները դէպի 21րդ դար առաջնորդող լաւագոյն տարրերէն մէկը։ Եօթը հոգինոց յանձնաժողովը, Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանին (LAX) կողքին, պատասխանատու է նաեւ շրջանին մէջ գործող շարք մը այլ օդակայաններու գործունէութեան։ Սէմ Նազարեան հիմնադիր ու գլխաւոր տնօրէնն է ճաշարաններու, պանդոկներու, զբօսավայրերու եւ կալուածներու առուծախով զբաղող SBE խմբակին։ Ան նաեւ կը զբաղի շարժապատկերի արտադրութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.