2009-09-08 14:05:45

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Սրբազան Քահանայապետին խօսքը Պրազիլի եպիսկոպոսներուն։

Ներկայիս Հռոմ կը գտնուին Պրազիլի արեւմտեան թեմի եպիսկոպոսները, որոնք եկած են հնգամեայ այցը կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսներու առաջին խումբին հետ անհատաբար տեսակցելէ ետք անոնց ուղղեց հետեւեալ ճառը. ՜՜Այսօրուան անորոշ մարդկութիւնը կարիքն ունի քրիստոնեաներու մէջ տեսնելու, այն ինչ որ չի գտներ այլուր. Քրիստոսի մէջ մնալու յոյսն ու սէրը՝՝։

՜՜Այսօրուան երիտասարդները, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որոնք կը փափաքին քահանայ դառնալ, սակայն մեծցած են աշխարհիկ միջավայրին մէջ, կարիքը ունին առաջնորդուելու Աստուծոյ ճշմարիտ մարդոցմէ՝՝։

Հուսկ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, ՜՜աշխարհի մէջ եւ մասնաւորապէս Պրազիլի մէջ Տիրոջ այգիին մէջ աշխատող քահանաները անբաւարար են մեծ հունձքի մը համար՝՝։

Իսկ երկուշաբթի օրը՝ ( 7 Սեպտեմբեր 2009-ին) նորին սրբութիւնը ընդունեց գերապայծառ Նիքոլա Էդերովիչ՝ ընդհանուր քարտուղարը եպիսկոպոսներու սիւնոդոսին։



Վիթերպօ թեմի առաջանորդ՝ գերապայծառ Քիարինելլիի ելոյթը Սրբազան քահայանապետին Վիթերպօ եւ Պանիօրեճիօ այցելութեան աւարտին։

Սրբազան Հօր այցելութիւնը Վիթերպօ եւ Պանիօրեճիօ թեմին, անոր ներկայութիւնը մեր մէջ գերազանցեց այցելութեան նախապատարստութիւններու եւ սպասման շահագրգռութիւնը ու սրտի ամենախոր զգացումները։

Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումը, եկեղեցական ծաւալ ունեցաւ.՜՜ Ս. Պետրոսի յաջորդը որ հանդիպում կ'ունենայ հաւատացեալներու հասարակութեան հետ, անոր ներկայութիւնը մեր մէջ եւ մասնաւորապէս ծիսակատարութեան ընթացքին զգալի ու տպաւորիչ եղաւ։ Հաւատացեալներուն ամփոփումը, լռութիւնը եւ աղօթքը ամէնքը յուզեցին։ Այս եղելութիւնը բարեբեր եղաւ ամէնուս համար, նոյնիսկ անտարբեր դիտողներուն։ հաւատացեալներու սիրտը կը տրոփէ երբ կը գտնուի սուրբ սեղանին շուրջ, ուր եկեղեցին ինքզինք կը գտնէ եւ ոյժ կը ստանայ շարունակելու իր ճանապարհը՝՝ ։ Հուսկ գերապայծառը ըսաւ ՜՜Սրբազան Հօր ներկայութիւնը մեր մէջ սատարեց եւ պիտի սատարէ աւելի գիտակցօրէն ապրելու մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ այս հաւատքը աւելի խորացնելու։



Չեխ հանրապետութեան եպիսկոպոսներու առաջին հովուական նամակը Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան մասին։

Հաւատացեալներուն ուղղած առաջին նամակով ,չեխ եպիսկոպոսները կը յայտնեն անոնց, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կամքը այցելելու Չեխ հանրապետութիւնը, 26-28 Սեպտեմբեր ։

Չեխ եկեղեցական հասարակութիւնը որպէս մէկ ընտանիք հրաւիրուած է լաւագոյնս պատրաստուելու պատշաճօրէն ընդունելու համա՜ր մեր Հայրը, Ս. Պետրոսի յաջորդը։ Որպէս պատրաստութեան նիւթ, չեխ եկեղեցին ընտրեց ՜՜խորացնել աստուածաբանական երեք առաքինութիւնները` հաւատք, յոյս եւ սէր՝՝։

Այս երեք առաքինութիւնները հիմը կը կազմեն մեր քրիստոնէական ինքնութեան։ Եթէ մենք վստահ չենք մեր ինքնութեան ու մեր առաքելութեան վրայ, կարող չենք ըլլար պաշտպանելու քրիստոնէութիւնը։ Քրիստոնեան կանչուած է հռչակելու Քրիստոսի Աւետարանը ու վկայելու ՜՜ Աստուծոյ ճշմարտութեան՝՝։ Չեխ եպիսկոպոսները Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան որպէս նիւթ ընտրած են '' Քրիստոսի սէրը մեր զօրութիւնն է''։ Անցեալի Քահանայապետները մեր աւանդութիւնն ու մշակոյթը սահմանած են որպէս ''սիրոյ քաղաքակրթութիւն'' Մենք քաղաքացի ենք մեր հայրենիքին` Չեխ հանրապետութեան եւ միաժամանակ Քրիստոնեայ ենք։

Հուսկ չեխ եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն հաւատացեալները լաւագոյնս պատրաստուելու այդ այցելութեան համար որպէսզի կ՝ըսեն անոնք ՜՜կարենանք հոգեպէս օգտուիլ։ Ուստի ամէնքս կանչուած ենք անհատական ու հասարակական աղօթք կատարելու եւ Ս. Գիրքի ու մեր հայրապետներու գրութիւններու կարդալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.