2009-09-07 12:43:25

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Վիթերպօ եւ Պանիօրեճիօ


Կիրակի 6 Սեպտեմբեր 2009-ի' առաւօտեան ժամը 9ին, քահանայապետական ինքնաթիռը հասաւ Վիթերպօ։

Սրբազան Հայրը, բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք, բացօդեայ համապատարագ մատոյց ՜՜Վալլէ ֆօ՝՝ կոչուած հրապարակի վրայ ներկայութեամբ' աւելի քան 15 հազար հաւատացեալներու ։ Ս. Զոհի եւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը այցելեց սրբուհի Ռոզայի սրբավայրը, մեծարելու' սրբուհի Ռոզայի մարմնինը, որ անաղարտ կը հանգչի։ Հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքին Նորին Սրբութիւնը դարձեալ վերակոչեց իր այցելութեան նպատակը ''հաստատել եղբայրները''։ Յիսուսի այս հրաւէրը, ուղղուած ինծի, զայն յատուկէն կը զգամ, ըսաւ Սրբազան Հայրը ։ Աղօթեցէք ինծի համար, սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, որպէսզի կարողանամ հաւատարմութեամբ ու սիրով կատարել ինծի տրուած հովիւի պաշտօնը։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը քաջալերական խօսք մը ուղղեց Գրագովիայի մէջ տեղի ունեցող ''մարդեր ու կրօններ'' ժողովի մասնակցողներուն, որուն նիւթն է ''հաւատքները ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ'' երկրորդ աշխարհամարտի պայթումէն 70 տարի ետք, որուն հետեւանքով աւելի քան 10 միլիոն զոհեր ինկան պատճառելով աննկարագրելի տառապանք սիրեցեալ լեհ ժողովուրդին։ Ընդհարում մը որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ ողջակիզումը հրեայ ժողովուրդին եւ այլ անմեղ հասարակութիւններու։ Այդ դէպքերու յիշատակը կը մղէ մեզ աղօթելու զոհերուն համար եւ բոլոր անոնց որոնք տակաւին կը կրեն իրենց մարմնին ու սրտին մէջ խոր վէրքերու հետքերը եւ ասիկա առիթ մըն է զգուշացնելու մարդկութիւնը նման բարբարոսութիւններ կրկրնելէ եւ կրկնապատել ջանքերը կերտելու համար խաղաղութիւնը եւ ջամբելու նոր սերունդին ՜՜մշակոյթը եղբայրակցութեանեւ զօրակցութեան՝՝։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ ՜՜Կաղնիի Տիրամօր՝՝ նուիրուած սրբավայրը։

Սոյն Սրբավայրին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ, Ս. Հաղորդութեան երկիրպագութիւն կատարեց եւ ապա աղօթք մը արտասանեց ուղղուած Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, մասնակցութեամբ՝ շրջանի փակեալ կրօնաւորուհիներուն։ Անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜Դուք ճգնաւորական կեանք ապրող քոյրեր, ձեր առաքելութիւնն է բարձր պահել հաւատքի ջահը, աղօթք եւ գովաբանութիւն բարձրացնելով Տիրոջ, ձեզի կը վստահիմ աղօթքիս դիտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ թեմի առաջնորդի աղօթքի դիտաւորութիւնները՝՝։ Քահանայական այս տարւոյն ընթացքին, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ,աղօթեցէք քահանաներուն, ժառանգաւորներուն ու կոչումներուն համար։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց զանոնք միասնաբար աղօթք մը արտասանելու Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։

Յետմիջօրէին՝ Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով ուղղուեցաւ Պանիօրեճիօ եւ այցելեց սուրբ Նիքոլայի նուիրուած եկեղեցին։ Այնտեղ Ամենասուրբ Հաղորդութեան առջեւ, պահ մը աղօթեց, եւ ապա մեծարեց հոն գտնուող Ս. Պոնավենդուրայի միակ մասունքը։

Պատասխանելով քաղաքապետի բարի գալուստի խօսքին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜ հոս Պանիօրեճիօյի մէջ սուրբ Պոնավենդուրան անցուց իր մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը եւ ապա հետեւելով Ս. ֆրանչիսքոսի օրինակին դարձաւ ֆրանչիսքեան կրօնաւոր մը ։ Անոր լայնածաւալ աստուածաբանութենէն կարելի է մատնանշել թէ՝ ան եղաւ Աստուծոյ անխոնջ փնտռտողմը։ Ան սուրբ ֆրանչիսքոսի նման կոչուած է հրեշտակային երգիչը Աստուծոյ մեծութեան իր բոլոր արարածներու միջոցաւ, որոնք կը ցոլացնեն Արարիչին ամենակալութիւնը, իմաստութիւնը եւ բարութիւնը։ Ս. Պոնավենդուրան նաեւ եղաւ յոյսի պատգամաբերը։

Քաղաքապետը իր բարի գալուստի ուղերձին մէջ հարց տուաւ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Պանիօրեճիօն։ Արդարեւ ամէնքս հարց կու տանք մեր ապագային մասին ու աշխարհին մասին։ Նման հարցում մը սերտօրէն կապուած է յոյսին հետ։ Թող սուրբ Պոնավենդուրան օգնէ մեզի բանալու մեր յոյսի թեւերը եւ բարձրանալ դէպի Աստուած՝՝։

Այս արարողութենէն անմիջապէս ետք, որ տեղի ունեցաւ Ս. Օգոստինոսին նուիրուած հրապարակի վրայ, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ ինքնաթիռով վերադաձաւ Գասդել Կանտոլֆօ։





Հարիւր տարի առաջ կը ծնէր կարտինալ Վիլիպարնտս` համամիութեան ռահվիռան։



Հարիւր տարի առաջ 4 սեպտեմբեր 1909ին, Հոլլանտայի Պովընգարսբելի մէջ կը ծնէր կարտինալ Վիլիպարնտս՝ Եկեղեցւոյ համամիութեան մեծ ռահվիռաներէն մէկը։

2 Օգոստոս 2006-ին ի լուր անոր մահուան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը որակած է կարտինալ Վիլիպարնտսը՝ անխոնջ հովիւ մը Աստուծոյ ժողովուրդին ի սպաս, որ նոր խթան մը տուած էր համամիութենական երկխօսութեան։

Արդարեւ կարտինալ Վիլիպարնտս իր բոլոր կեանքը տուած էր քրիստոնեաներու միութեան ի սպաս։

Ան 1969-1989 եղաւ նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, ունենալով որպէս կեանքի բնաբան. ''ճշմարտութիւնը ապրիլ սիրոյ մէջ''։

Հանրաճանաչ են կարտինալին համամիութենական նախաձեռնութիւնները ՜՜ օրթոտոքս, անկլիգան եւ բողոքական եկեղեցիներու հետ՝՝։ Այս ուղղութեամբ Կարտինալ Քասբեր` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, հաստատած է ըսելով. ՜՜Կարտինալ Վիլիպարնտս մեծ տեսութիւններու մարդ էր եւ միաժամանակ շատ խոհեմ։ Շատ բան տուաւ քրիստոնեաներու միութեան համար եւ մենք երախտապարտ ենք անոր կատարած աշխատանքին համար՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.