2009-09-07 12:44:40

Ծիսական ժամանակացոյց

Կիրակի 6 Սեպտեմբերէն Շաբաթ 12 Սեպտեմբեր 2009։


Կիրակի 6 Սեպտեմբեր 2009 Վերափոխման Գ. Կիրակին է։

Երկուշաբթի 7 Սեպտեմբերին սկիզբ կ՝առնէ Խաչվերացի պահքը որ տաղաւար տօն է։

Երեքշաբթի 8 Սեպտեմբերին Ս. Կոյս Մարիամի ծննդեան տօնն է։

Տիրամօր ծնունդը Աւետարանին մէջ գրուած չէ, բայց հաստատուն աւանդութեամբ գիտենք թէ անոր ծնողքներ էին Յովակիմ եւ Աննա. Յովակիմ Դաւթի ցեղէն էր եւ Աննա դուստրը Յակոբի՝ Ղեւեայ ցեղէն. գիտենք նաեւ թէ Աննա մուլ էր եւ իր կեանքը աղօթքով եւ ուխտով կ՝անցնէր եւ իր միամօր զաւակը Մարիամը ունեցաւ շնորհիւ իր աղօթքներուն։

Մարիամի ծննդեան վայրը յայտնի չէ բայց հաւանաբար Բեթղեհէմէն կամ Նազարէթէն տարբեր տեղ մը չէր։ Իսկ իր ժամանակը պէտք է ըլլայ Քրիստոսի Ծնունդէն 17 կամ 18 տարի առաջ քանի որ սովորաբար Մարիամ 16 կամ 17 տարեկան եղած կը կարծուի Աւետման ատեն։

Ս. Կոյս Մարիամի տօնը կը կատարուի հաստատուն կերպով Սեպտ. 8-ին, շաբթուան որ օրն ալ հանդիպի. բայց հայ եկեղեցւոյ մէջ ԺԳ. դարուն միայն սկսած է հաստատուն կերպով տօնուիլ Աստուածածնի ծննդեան յիշատակը, եւ հին տօնացոյցներուն մէջ Խաչի Բարեկենդանի Կիրակիին ալ միացած կը գտնուի։

Շաբաթ 12 Սեպտեմբերը, Նաւակատիք է Սուրբ Խաչի

Նաւակատիքը կը կատարուէր ի յիշատակ Տաճարին Բ. սրբագործումին Յուդա Մակաբայեցիի օրով Ն. Ք. 165-ին ։ Այս սրբագործումը կատարուած էր Անտիոքոս Եպիփանի սրբագործութենէն ետք։

Փարիսեցիներու հետ վիճաբանած ատեն, Յիսուս դարձեալ կը մէջբերէ Բարի Հովիւի պատկերը եւ կը հաստատէ թէ ոչ ոք կրնայ մօտենալ Աստուծոյ ժողովուրդին, եթէ ոչ Յիսուսի միջոցաւ։

Կիրակի 13 Սեպտեմբեր, ՜՜Խաչվերաց է՝՝ Խաչի վերացման Տօնն է։














All the contents on this site are copyrighted ©.