2009-09-06 14:03:57

կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում
կիրակի սեպտեմբեր 6, Գ Կիրակի զկնի Աստուածածնայ վերափոխման


կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում
կիրակի սեպտեմբեր 6, Գ Կիրակի զկնի Աստուածածնայ վերափոխման

ընթերցում ս. Մարկոսի Աւետարանէն, գլուխ 6, 30-44 համարները
30Առաքեալները հաւաքուեցան Յիսուսի շուրջ եւ պատմեցին իրեն ինչ որ ըրեր ու սորվեցուցեր էին։ 31Յիսուս ըսաւ անոնց. Եկէ՛ք, առանձին, ամայի տեղ մը եւ հանգիստ ըրէք։ Որովհետեւ շատ մարդիկ կ'երթային ու կու գային եւ առաքեալները կերակուր ուտելու ժամանակ չունէին։ 32Նաւակով գացին դէպի մէկուսի եւ անապատ տեղ մը։ 33Բազմութենէն շատեր, տեսնելով անոնց մէկնումը հասկցան ու բոլոր քաղաքներէն, հետիոտն վազեցին վազեցին դէպի այն վայրը ուր կանխեցին զանոնք։34Յիսուս նաւակէն իջնելով, տեսաւ բազմութիւնը եւ գութը շարժեցաւ, որովհետեւ նման էին ոչխարներու որոնք հովիւ չունին եւ սկսաւ շատ բաներ սորվեցնել անոնց։ 35Օրը սկսած էր տարաժամիլ եւ աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին. Այս տեղը անապատ է եւ քանի դեռ ու չէ, 36արձակէ ժողովուրդը որ երթան ու մերձակայ գիւղերէն եւ հիւղակներէն ուտելիք գնեն։ 37Յիսուս պատասխանեց. Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիք ։ Անոնք ըսին. Ուրեմն երթանք երկու հարիւր դահեկանի հաց գնենք եւ տանք, որ ո՞ւտեն։
38Յիսուս ըսաւ. Գացէք, նայեցէք թէ քանի հաց ունիք։ Ստուգելէ ետք, անոնք ըսին. Հինգ հաց եւ երկու ձուկ։ 39Յիսուս հրամայեց որ խումբ խումբ ժողովուրդը տեղաւորէն դալար խոտի վրայ։ 40Նստան շարք շարք, իւրաքանչիւր շարք` յիսուն կամ հարիւր հոգի։ 41Յիսուս առաւ հինգ հացերը ու երկու ձուկերը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց զանոբնք, կտրտեց եւ տուաւ աշակերտներուն որ մարդոց բաժնեն։ Բաժնեց նաեւ ամենուն երկու ձուկերը։ 42Ամէնքը կերան ու կշտացան։ 43Եւ հաւաքեցին հացերէն եւ ձուկերէն մնացած կտորները ու լեցուցին տասներկու սակառներ։ 44իսկ հաց կերողները՝ հինգ հազար մարդիկ էին։







All the contents on this site are copyrighted ©.