2009-09-06 14:04:11

Զրոյց Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկի հայկական բաժնի վարիչ-տնօրէն, հայագէտ, դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի հետ


Զրոյց Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկի հայկական բաժնի վարիչ-տնօրէն, հայագէտ, դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի հետ
Քանի մը օրուան համար Իսդանպուլժամանած էր Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկի հայկական բաժնի վարիչ-տնօրէն, հայագէտ, դոկտ. Զաւէն Եկաւեան, որուն կ'ընկերանար իր ազնիւ կողակիցը՝ նկարչուհի Ինկրիտ Եկաւեան։ Մարմարայի խմբագրատան երդիքին տակ Զաւէն Եկաւեան համայնքային ու ազգային կեանքը մօտէն
շահագրգռող հարցերու մասին զրոյց ունեցաւ։
Յայտնենք թէ Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը նախախնամական դեր կը կատարէ հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ, հակառակ որ, ինչպէս կ'ըսէր պր Եկաւեան, որ Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը հայկական հիմնարկութիւն մը չէ։
Ահաւասիկ՝ քանի մը հարցումներ ու պատասխաններ, որոնք փոխանակուեցան զրոյցի ընթացքին։
Հ- Պր Եկաւեան , ներկայիս քանի՞ ուսանողներու կրթաթոշակ կու տաք։
Պ- 650 ուսանողներու կրթաթոշակ կու տայինք, բայց այս թիւը այս անգամ զեղչուեցաւ 570-ի։ Պարտաւոր ենք խնայողութիւն ընել մեր յատկացումներուն մէջ, այս պատճառով ջանացինք զեղչել նաեւ նպաստը այն ուսանողներուն, որոնք գիտենք, թէ ուրիշ հաստատութիւններէ ալ նպաստ կամ կրթաթոշակ կը ստանան։ Մեր կրթաթոշակները, որոնք նախապէս աւելի համեստ էին, հիմա բարձրացած են զանազան մակարդակներու։ Ունինք մինչեւ 5000 տոլար ստացող ուսանողներ։

Հ - Խօսքի սկսաք կրթաթոշակները յիշելով։ Կրթական հարցը ձեզի համար առաջին հարցերէն մէ՞կն է։
Պ - Կրթական ֆոնտը մեզի համար գլխաւորն է, եւ անշուշտ կարեւորութիւն կու տանք բոլոր երկիրներէ մեզի եկած դիմումներուն։ Բայց երկու գլխաւորները Սուրիան եւ Թուրքիան են։ Ասոր վրայ կրնանք աւելցնել նաեւ Լիբանանը։ Առաջնահերթ օժանդակութիւն ստացող երկիրներն են՝ Լիբանան, Սուրիա ու Թուրքիա։ Բայց գիտենք, որ շատ նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք թեկնածուներուն դիմումները դիմաւորելու ընթացքին, պէտք է ամէնէն առաջ յատկացում ընենք անոնց, որոնք ամէնէն նեղ կացութեան մէջ են, այսինքն պէտք է ամէնէն առաջ տանք, փոխաբերական իմաստով, որբուկին ու այրիին։

Հ- Գիտենք, թէ հիմնարկութեան համար միշտ կարեւոր եղած են կրթական գետնի վրայ օժանդակութիւնը, կրթաթոշակներ շնորհելու հարցը։ Բայց որպէս մշակութասէր մարդիկ, մեզ շատ մօտէն կը շահագրգռէ նաեւ մշակութային գետնի վրայ ձեր հիմնարկութեան գործունէութիւնը, որովհետեւ հինէն ի վեր գիտենք, թէ ինչ-ինչ մշակութային ձեռնարկներ ու հրատարակութիւններ կրցած են կեանքի կոչուիլ Կիւլպենկեան հիմնարկի հսկայական յատկացումներով։ Այս մասին ի՞նչ լուրեր ունիք մեզի տալու։
Պ - Կրնաք վստաք ըլլալ։ Այնքան ատեն որ հիմնարկութեան մէջ ես կամ եւ այնքան ատեն որ մեզի հետ է նաեւ մեր բաժնի պետ Մարթին Էսայեանը, մշակութային մարզին մէջ մեր գործունէութիւնը կը շարունակուի։ Մարթին Էսայեանը անձ մըն է, որ գիտէ, թէ մշակոյթը որքան կարեւոր է մեր ժողովուրդին համար։ Մենք միշտ կուզենք ըլլալ մեր մշակոյթին ողնայարը։ Շատ գոհ եմ, որ Մարթին Էսայեան այս մարզին մէջ ճիշդ ինծի նման կը մտածէ։ Ուրեմն մշակութային մարզին մէջ պիտի շարունակենք մեր օգնութիւնը։ Զուտ մշակութային արժէք ունեցող ամէն ձեռնարկ մեր ուշադրութեան պիտի արժանանայ։ Պիտի շարունակուի նաեւ գիտահետազօտական աշխատանքը մշակութային բազմատեսակ մարզերու մէջ։ Սահմանափակած ենք միայն շինարարութիւնը, շէնքերու շինութեան կամ նորոգութեան համար պահանջուած ծախսերը։ Հոս ալ անշուշտ բացառութիւն կրնան կազմել քանի մը շատ կարեւոր բարեսիրական հաստատութիւններ, որոնցմէ գլխաւորն է մեզի համար Ս Փրկիչ հայոց հիւանդանոցը։ Ս Փրկիչ հիւանդանոցը մեր ուշադրութեան կիզակէտին վրայ է միշտ, եւ չմոռնանք անշուշտ, որ այս հիւանդանոցը շատ մօտիկ կապեր ունեցած է Կիւլպենկեան գերդաստանի անդամներուն հետ։ Ըսեմ նաեւ, որ Փորթուգալի ժողովուրդը հպարտ է Պոլսոյ Ս Փրկիչ հայոց հիւանդանոցով, մասնաւորաբար՝ հիւանդանոցին ծերանոցով եւ մնայուն բնակիչներու բաժիններով կամ փոլիքլինիքով կամ դարմանատան բաժիններով։ Ծերանոցը օրինակելի բաժին է ամբողջ աշխարհի համար։ Եւ այս հաստատութիւնը միայն մեր հիմնարկութեան հայկական բաժնին համար չէ, որ ուշադրութեան կեդրոն է, այլ ամբողջ հիմնարկութեան համար ունի իր նախամեծար տեղը։

Հ- Բայց այս անձերը եւրոպական երկիրներու մէջ մասնագիտանալէ ետք կը վերադառնա՞ն Հայաստան։ Զանոնք կորսնցնելու վախ չկա՞յ։
Պ - Կը վերադառնան, անպայման կը վերադառնան, որովհետեւ Եւրոպան ալ դիւրութեամբ վար չի դներ զանոնք, գործի պայմաններ չի ստեղծեր։ Այսպիսի մտահոգութիւն չունինք։ Բայց ունինք արտասահմանեան երկիրներու մէջ հայեցի դաստիարակութիւնը զարգացնելու մտահոգութիւնը։ Այս տեսակէտով լաւ լուր մը կրնամ նկատել այն է, թէ Լոնտոնի համալսարանի (ՍՕԱՍ) Արեւելեան եւ Ափրիկեան լեզուներու բաժնին մէջ տարուան վերջաւորութեան պիտի բանանք հայեցի դաստիարակութեան ամպիոն մը։ Հ- Հայեցի դաստիարակութիւնը անպայման շատ կարեւոր է որպէս բարձրագոյն ուսում եւ կը հասկնանք ձեզ։
Պ - Մեր պատրաստածը բարձրագոյն ուսումէն, համալսարանէն վերջուան հանգրուանն է։ Ընելիք շատ բան կայ։ Ի՜նչ մեղք, որ հայկական գաղութներու մէջ դպրոցներուն կացութիւնը մտահոգիչ է, աշակերտներուն թիւը տակաւ կը նուազի։

Հ- Հոսկէ Հալէպ պիտի երթաք եւ վստահ ենք, որ շատ ուրախ էք, որ կրկին Հալէպ կ'երթաք։
Պ - Հալէպը իմ ծննդավայրս է, իմ երկիրն է։ Ան կը շարունակէ մնալ մեր սիրտը, մեր ոգին, մեր ամէն բանը։ Արտասահմանի մէջ ամէնէն շատ արտադրող կեդրոնն է Հալէպը։ Պէտք է պահպանենք այն, ինչ որ այստեղ կայ որպէս սիրուած ու սիրելի բան։ Հալէպը մարդու ուժի մտքի ուժի շտեմարան մըն է։ Բայց դուք գիտէք, որ Պոլիսն ալ նոյնքան սիրելի է ինծի համար։ Մենք միշտ Պոլիսը նկատեցինք մեր ազգային ապրումներուն ամէնէն կարեւոր ու բախտորոշ մէկ կեդրոնը։ Եւ դուք որքան ալ թերութիւններ, կաղացումներ կամ նահանջներ տեսնէք ձեր համայնքին մէջ, մենք գիտենք, որ Պոլիսը այսօր ալ օրինակելի համայնք մըն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.