2009-09-05 13:50:19

Հայոց ցեղասպանութիւնն ու միջազգային օրէնքը նիւթով խորհրդաժողովի եզրափակում։


Սոյն երկօրեայ խորհրդաժողովը ունեցաւ բարձրորակ եւ ակադեմական զեկուցումներ ու քննարկումներ



Հայկազեան համալսարանին եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած երկօրեայ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ ՜՜Հայոց ցեղասպանութիւնն ու միջազգային օրէնքը՝՝ նիւթով խորհրդաժողովի փակման նիստին մասնակիցները ներկայացուցին իրենց առաջարկները, որոնք կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ հետագային պիտի խմբագրուին։

Այդ առաջարկներէն կարելի է նշել ՜՜ թրքերէն կայքէջ մը ստեղծելու ծրագիրը՝՝, որպէսզի թուրքերը ուղղակիօրէն ծանօթանան երկրորդ տեսակէտին՝ ՜՜Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրականութեան՝՝։

Ներկաները հաստատեցին, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային օրէնքին մէջ ունի իր յատուկ տեղը, բայց կը մնայ, որ այդ շրջագիծին մէջ տարուի համապատասխան աշխատանք՝ ուժի մէջ դնելու համար օրէնքին արժէքը։

Առաջարկուեցաւ գործակցիլ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ գործող կարգ մը միութիւններու եւ տեղական կազմակերպութիւններու հետ՝ իրականացնելու համար արխիւային աշխատանքներ եւ պահպանելու համար հայկական մշակութային ու ճարտարապետական ժառանգութիւնը։ Վերջապէս առաջարկուեցաւ, որ խորհրդաժողովին անունով նամակ մը ուղղուի Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ հաւաքաբար կազմակերպելու համար միեւնոյն նիւթով աւելի ծաւալուն խորհրդաժողով մը։

Խորհրդաժողովին աւարտին խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր դոկտ Փոլ Հայտոսթեան, որ նշեց, թէ խորհրդաժողովին մեծաթիւ ակադեմականներու ներկայութիւնը նպաստեց, որ նիստերուն զեկուցումներն ու քննարկումները ունենան բարձրորակ մակարդակ ու խորք։

Վերջապէս, կարելի է հաստատել, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը նիւթով երկօրեայ խորհրդաժողովը էապէս ծառայեց իր նպատակին՝ նկատի ունենալով, որ խորհրդաժողովը կայացաւ հայ - թրքական յարաբերութիւններու զարգացումներուն եռուն հանգրուանին, եւ նկատի առնելով մանաւանդ, որ թէ՝ մասնակիցները եւ թէ՝ ընդհանուր մթնոլորտը իրողապէս կ՝արտայայտէին հաւաքաբար ՜՜Հայ դատը հետապնդելու պատրաստակամութիւնը՝ միջազգային օրէնքին ընդմէջէն՝՝ տէր կանգնելու համար հայութեան իրաւունքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.