2009-09-05 11:38:41

Գլաձոր տարեգիրքի ԺԵ տարուան հատորը


Գլաձոր տարեգիրքի ԺԵ տարուան հատորը
2009-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն, Անթիլիաս, լոյս տեսաւ Գլաձոր տարեգիրքի ԺԵ տարուան հատորը (2008 - 2009), խմբագրութեամբ Պիքֆայայի դպրեվանքի խումբ մը ուսանողներու։
Իր յառաջաբանին մէջ, յիշեալ հաստատութեան տեսուչը՝ Շահէ եպս Փանոսեան, կը ներկայացնէ ամփոփ գիծերու մէջ սոյն տարեգիրքին հիմնական նպատակը։ Կ'ըսէ, թէ դպրեվանքի ուսանողները խանդավառութեամբ ձեռնարկեցին սոյն աշխատանքին՝ հակառակ իրենց ուսանողական ծանր պարտաւորութիւններուն, բերին իրենց գործօն մասնակցութիւնը սոյն հրատարակութեան՝ անդրադառնալով համապատասխան ուսումնասիրութիւններով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեմտաւոր եւ կրթանուէր առաքելութեան։
Գլաձորը կը բաղկանայ 304 էջերէ եւ կ'ընդգրկէ հետեւեալ բաժինները Քարոզախօսական, Երիտասարդական, Ուսումնասիրական, Գրական, Վերլուծական եւ Թարգմանական։
Տարեգիրքի առաջին բաժինը յատկացուած է քարոզախօսական բնոյթ կրող հինգ յօդուածներու, որոնց հեղինակները կարծարծեն աշխարհիկ եւ հոգեկան երջանկութեան, հանապազօրեայ հացի, ադամական մեղքի եւ աստուածապաշտութեան վերաբերեալ հարցեր։
Հատորի երիտասարդական բաժինը կ'ընդգրկէ եկեղեցւոյ ներկայ կեանքն եւ աւանդութիւնները ։
Գլաձորի ծանրութեան կեդրոնը կը հանդիսանայ ուսումնասիրական բաժինը, ուր որոշ թիւով ուսանողներ հանգամանօրէն կը նկարագրեն մեր դարաւոր դպրեվանքերն ու իրենց վաստակաւոր ուսուցիչները, Անթիլիասի դպրեվանքը, Գէորգեան ճեմարանը, Հաղբատի մայրավանքն ու ուսուցիչները, Սանահինի վանքն ու ուսուցիչները, Գլաձորի համալսարանն ու ուսուցչապետները, Տաթեւի համալսարանը, Արմաշի դպրեվանքն ու հիմնադիրները։
Ուսումնասիրական բաժինին մէջ կան շահեկան ծանօթութիւններ Գիւտ խաչի եւ Վարագայ խաչի տօներու մասին։ Յյօդուածագիրները կը պատկերացնեն նաեւ թոնդրակեցիներու աղանդաւոր շարժումը, ուրարտացիներու ծագումն ու պատմութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Տարեգիրքի գրական բաժինը կը բաղկանայ ութ պատմուածքներէ, որոնց հեղինակները կը պատկերացնեն իրենց սեփական կեանքէն քաղուած սրտառուչ ապրումներ եւ դրուագներ։ Սոյն հրատարակութեան վերջին բաժինը յատկացուած է օտար եկեղեցականներու գործերէն կատարուած թարգմանութիւններու։ Այս յղացքով, յատուկ արժէք կը ներկայացնեն Պիշօ եպիսկոպոսի Յիսուս՝ սերունդներու ցանկալին հատորէն քաղուած եւ թարգմանուած այն հատուածները, որոնք կը վերաբերին խաչի եւ իսկական ազատութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.