2009-09-04 13:25:10

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
Հանրահաւաք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ ՀՅԴ-ը, նախանցեալ օր կազմակերպած էր հանրահաւաք մը՝ նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տօնին։ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները կազմակերպեցին քայլարշաւ մը ՝՝Արցախը մերն է, մենք՝ Արցախին՝՝, ՝՝Ոչ թրքական նախապայմաններուն՝՝ կարգախօսներով ու վանկարկումներով, եւ յայտարարեցին, որ ազատագրուած Քաշաթաղի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքները երբեք չեն կրնար սակարկութեան ենթակայ դառնալ։
ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՐՑՈՎ ՊԻՏԻ ԴԻՄԷ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ։ Հայաստանի Ժառանգութիւն ընդդիմադիր կուսակցութիւնը կը պահանջէ հանրաքուէի դնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ 31 օգոստոսին նախաստորագրուած երկու արձանագրութիւնները՝ ՝՝զուգակցուած երկրին արտաքին քաղաքականութեան համար պատասխանատու Հայաստանի նախագահին վստահութեան հարցով ՝՝, եւ կը տեղեկացնէ, որ այդ փաստաթուղթերու առնչութեամբ Սահմանադրական դատարան պիտի դիմէ։
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ։ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 3ին  առանձնազրոյց մը ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ, որ Արցախ կը գտնուէր մասնակցելու համար ԼՂՀ հռչակման 18րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւններուն։Հանդիպման մասնակցած են ԼՂՀ Աժ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Մարատ Մուսայելեան, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան եւ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան:


Փալոն Եւ Քըրք Կոչ Կ՛ընեն Հայ-Թուրք Կապերը Ճշմարտութեան Վրայ Հիմնելու։Ամե- րիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահներ Ֆրէնք Փալոն եւ Մարք Քըրք Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3ին վերապահութեամբ մօտեցած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով՝ Օգոստոս 31ին հրապարակուած Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեանց համատեղ յայտարարութեան նկատմամբ:Կասկած յայտնելով Թուրքիոյ հետապնդած նպատակներուն նկատմամբ, անոնք շեշտեցին, թէ Անգարա սկսած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացը շահագործելու,ձգձգելով Հայաստանի դէմ իր պարտադրած 16ամեայ ապօրինի շրջափակման վերացումը: Անոնք նաեւ մտահոգիչ կը համարեն Թուրքիոյ նախապայմանները՝ քննադատելով յատկապէս պատմական հարցեր քննելու նպատակով յանձնաժողով մը կազմելու պայմանը, միաժամանակ աւելցնելով, որ Արցախի տագնապը ե՛ւս պէտք չէ կապել Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն:
 Փալոն եւ Քըրք յայտարարեցին, թէ Թուրքիա նախ պէտք է Հայաստանի «ապօրինի շրջափակման» վերջ մը դնէ ու պէտք է պատրաստ ըլլայ Հայաստանի հետ հաստատելու բնականոն յարաբերութիւններ՝ «հիմնուած ճշմարտութեան, արդարութեան, խաղաղութեան եւ համագործակցութեան վրայ»: Նշենք, որ քոնկրէսական Էտըմ Շիֆ եւս նման յայտարարութիւն մը կատարած էր այս շաբթուան ընթացքին:

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի Գրասենեակին, հինշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2009-ին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Պէյ րութի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցան ՝՝Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Միջազային օրէնքը՝՝ նիւթով ակադեմական երկօրեայ խորհրդաժողովին առաջին օրուան երեք նիստերը՝ ներկայութեամբ աւելի քան 80 մասնակիցներու, որոնք եկած էին տարբեր երկիրներէ՝ հաւաքաբար քննելու ճշդուած օրակարգերը։ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Միջազգային օրէնքը նիւթով սոյն երկօրեայ խորհրդաժողովին զուգահեռ, միշտ հինշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2009-ին, սակայան երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի Գրասենեակին, տեղի ունեցաւ զրոյց մը, որուն նիւթն էր ՝՝Միջազգային օրէնքին փորձը՝ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններուն հասցէագրման մէջ՝՝։ Օրուան զեկուցաբերներն էին դոկտ Ալֆրետ Տէ Զայաս, դոկտ Ուիլիըմ Շապաս եւ դոկտ Ռոճըր Սմիթ։ Զրոյցը կը վարէր դոկտ Հենրի Թերիօ։ Զրուցավարը 1999-ին Մասաչուսեց համալսարանէն ստացած է դոկտորական վկայականը փիլիսոփայութեան ճիւղին մէջ։ Անոր ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են ցեղասպանութեան հարցին փիլիսոփայական մօտեցումներուն վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.