2009-09-03 14:07:20

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Նացիներու նախայարձակումի 70րդ տարեդարձին առթիւ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ գերմանացի ու լեհ եպիսկոպոսները աղօթելու իրենց ժողովուրդներու ու համայն աշխարհի խաղաղութեան համար։ Մէկ Սեպտեմբեր 1939ին բռնկեցաւ Երկրորդ Աշխարհամարտը՝ ամբողջ երկրագունդը ցնցելով։ Տարբեր ազգերէ աւելի քան 70 միլիոն մարդոց մահուան պատճառ դարձաւ՛ Լեհաստանի վրայ Հիթլէրի հրահանգած նացիական զինուորական յարձակումով, 1 Սեպտեմբեր 1939ին, սկսաւ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմը։Այսօր, 70 տարի ետք, Երկրորդ Աշխարհամարտի բռնկումէն, աշխարհի չորս ծագերուն, կը շարունակուի մղձաւանջը վաղուան օրուան աշխարհակործան վտանգին նկատմամբ։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ըսաւ թէ Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի Եկեղեցիները կանչուած են միասնաբար խնդրելու խաղաղութիւնը երկու ժողովուրդներու ու համայն աշխարհի համար։ Արդարեւ գերմանացի եւ լեհ եպիսկոպոսները Պերլինի մէջ համապատարագ մատուցին եւ աղօթեցին իրենց երկու ժողովուրդներու ու համայն աշխարհի խաղաղութեան համար։
Քահանայապետական անունում։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց.
Գերապայծառ Ժան Մարի Մուսիվի որպէս ենթաքարտուղար Վատիկանի առողջապահութեան,
Ֆրանչիսքեան Հայր Ատել Զագի, որպէս Եգիպտոսի Աղեքսանտրիոյ առաքելական տեղապահ։ Ան միաժամանակ ընդհանուր քարտուղարն է Եգիպտոսի կաթողիկէ եպիսկոպոսական նուիրապետութեան։
Սեպտեմբեր ամսուայ Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութիւնը։
Սեպտեմբեր ամսուան համար Սրբազան հայրը քրիստոնայ աշխարհը կը հրաւիրէ աղօթելու - որպէս աղօթքի ընդհանուր դիտաւորութիւն` որպէսզի Աստուծոյ խօսքը աւելի ճանչցուի ու ապրուի, որպէս աղբիւր ազատութեան եւ ուրախութեան։
- իսկ որպէս միսիոնարական աղօթքի դիտաւորութիւն` որպէսզի Լաոսի, Գամբոճիայի եւ Միանմարայի քրիստոնեաները, որոնք յաճախ կը դիմագրաւեն կրօնական հալածանք, որպէսզի չի յուսալքուին Աւետարանը քարոզելու իրենց եղբայրներուն, ապաւինելով Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ։
Կարտինալ Վիլիպրանտի համամիութենական ժառանգութեան ոգեկոչում
Միջազգային համագումար Հոլլանտայի Ութրիխդ թեմին մէջ, ոգեկոչելու կարտինալ Վիլիպրանտի համամիութենական ժառանգութիւնը, (1909-2006)իր ծննդեան 100ամեակին առթիւ։
նախաձեռնութիւնը կազմակերպած է կարտինալ Վիլլիպրանտի դիւանը համագործակցութեամբ Թիպուրկ համալսարանի եւ Լովան կաթողիկէ համալսարանի։
Համագումարը սկսաւ չորեքշաբթի օրը, երեկոյեան ժամասացութեամբ եւ ապա փրոֆեսոր Ալպեր Տենոյի ներածութեամբ։ Ժողովի ընթացքին պատկերասփռուեցաւ կարտինալ Վիկիպրանտի կեանքը, որուն յաջորդեց վկաներու միջամտութիւնները։ Հինգշաբթի օրը դասախօսները պարզեցին Հոլլանտայի համամիութենական շարժումի զարգացումը 1940-1960, կարտինալ Նիւմանի բերած սատարը համամիութեան շարժումին եւ կարտինալ Վիլլիպրանտի սատարը նախա եւ յետ Վատիկանեան Բ. տիեզերական ժողովի։ Այլ դասախօսներ շեշտը դրին կարտինալ Վիլլիպրանտի յանձնառումը քրիստոնեայ հրեական երկխօսութեան։ Ուրբաթ սեպտեմբեր 4, տարեդարձի օրը պիտի ներկայացուի կարտինալի օրագրութեան առաջին երկու հատորները, որոնք կը ներկայացնեն 1958-1961 եւ 1963-1965 տարիները։ Նոյնպէս պիտի խօսուի կարտինալ Վիլլիպրանտի դերը կաթողիկէ եւ օրթորտոքս եկեղեցւոյ մօտեցումին։
Միջազգային համագումարը պիտի եզրափակուի շաբաթ օրը սեպտեմբեր 5-ին, ուր խօսք պիտի առնէ կարտինալ Գասբեր` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, ունենալով որպէս նիւթ ''կարտինալ Վիլլիպրանտի ժառանգութիւնը եւ համամիութեան ապագան''։







All the contents on this site are copyrighted ©.