2009-09-02 13:03:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 2 սեպտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներուն մասին։ Այսօր ներկայացուց սուրբ Օտոն։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Սուրբ Օտոն ծնած էր 880 թուականներու շուրջ , երբ Եւրոպային մէջ ծաղկած էին բազմաթիւ մենաստաններ, ներշնչուած՝ Ս. Պենետիկտոսի կանոնէն, որ Եւրոպային տուաւ քրիստոնէական ոգի եւ խոր զգայնութիւն։

Սուրբ Օտոն եղաւ երկրորդ աբբահայրը Գլընի աբբայարանին, որ ճանչցաւ արտակարգ ճառագայթում Միջին Դարուն, շնորհիւ ճգնաւորներու աղօթասիրութեան, ուսմանց ու գեղեցիկ ծիսակատարութիւններուն։

Սուրբ Օտոն վանական կոչում ունեցաւ շնորհիւ Ս. Կոյս Մարիամի՝ ''Մայր Ողորմութեան'' հանդէպ ունեցած բարեպաշտութեան եւ լուսաւորուած Ս. Պենետիկտոսի կանոնագիրքէն, ան թողուց իր ծննդավայրը՝ Թուրէն քաղաքը եւ մտաւ մենաստան ։

Որպէս աբբահայր Գլընի, Սուրբ Օտոն մեծ ազդեցութիւն կատարեց Եւրոպայի աբբայարաններու վրայ եւ անոնցմէ շատերը հետեւեցան անոր բարենորոգումներուն։

Վանականութեան տեսլականը իրեն համար եղաւ սրբուհի Մարիամ Մագդաղենացիի փորձառութեան մէջ, օրինակին մէջ։ ՜՜Մագդաղենացին նստած վարդապետին ոտքը, անսալու Տիրոջ խօսքերը եւ անջատուելու աշխարհի աղմուկէն ու մտահոգութիւններէն՝՝։ Անոր տածած սէրը Տիրոջ խօսքին հանդէպ կը լուսաւորէր իր հաւատքը ու բարեպաշտութիւնը Քրիստոսւի մարմնոյ ու Արեան հանդէպ։ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը քաշողական ոյժ մը եղաւ իրեն եւ անվերապահօրէն ապաւինելու աստուածային ողորմութեան։

Անոր մտածականը ողորմած Քրիստոսի վրայ մղեց զինք յառաջանալու կատարելութեան ճամբու վրայ, հետը քաշելով՝ ոչ միայն իր միաբանակիցները այլեւ իր ժամանակի աշխարհականները։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները խրախուսելով զանոնք մտերմութեան մէջ մտնելու Քրիստոսի հետ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք ՜՜Ապրելու Աստուծոյ խօսքին համաձայն՝՝։

Տիրամօր օրինակին հետեւելով, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մենք ամէնքս կանչուած ենք Ս. Կոյս Մարիամի դպրոցը յաճախել, որպէսզի իրմէ սորվինք սիրել զԱստուած ամէն բանէ վեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.