2009-09-02 13:37:06

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն

Եւրոպական և Միջինասիական երկրների կրօնական կազմակերպութիւններու ֆորումը Մինսկի մէջ


Եւրոպական և Միջինասիական երկրների կրօնական կազմակերպութիւններու ֆորումը Մինսկի մէջ

Օգոստոս 31-էն՝ 2 Սեպտեմբեր, Մինսկի մէջ տեղի կ'ունենայ Եւրոպական և Միջինասիական երկրներու կրօնական կազմակերպութիւններու ֆորումը,նուիրուած՝ ՜՜ազգաբնակչութեան և զարացման թեմաներուն՝՝ որու ընթացքին կը քննարկուին ընտանեկան հարցերու վերաբերող խնդիրներու լայն շրջանակ։

ֆորումին կը մասնակցին Ռուսիոյ և Նոր Նախիջևանի հայոց թեմի առաջնորդը՝ Եզրաս եպս. Ներսիսեան, Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդը՝ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան և Հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը՝ Կարէն Նազարեան։

ֆորումի բացման օրը ՜՜ՄԱԿ-ի զարացման հիմնադրամի համագործակցութիւնը կրօնական կազմակերպութիւններու հետ՝՝ թեմայով բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Կարէն Նազարեան, իսկ յաջորդ օրը ՜՜Կրօնական կազմակերպութիւններու փորձի փոխանակումը՝՝ թեմայով՝ խօսեցաւ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան։



Ուքրանիոյ մէջ թողարկուած է ՜՜Սուրբ Խաչ՝՝ վանքին նուիրուած՝ յուշադրամ։

Այս տարի կը նշուի Ղրիմի մէջ գտնուող՝ հայկական ՜՜Սուրբ Խաչ՝՝ վանքի 650-ամեակը։ Այս առթիւ, Ուքրանիոյ ազգային դրամատունը ՜՜Ուքրանիոյ ճարտարապետական կառոյցներ՝՝ յուշադրամներու շարքի շրջանակէ ներս, թողարկած է արծաթէ յուշադրամ՝ նուիրուած XIV-րդ դարուն հիմնադրուած՝ հայկական ՜՜Սուրբ Խաչ՝՝ վանքին։





Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 3-5 տեղի կունենայ Եւրոպայի ընտրական իշխանութիւններու ընկերակցութեան 18-րդ ամենամեայ համաժողովը։



Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 3-5 տեղի կունենայ Եւրոպայի ընտրական իշխանութիւններու ընկերակցութեան 18-րդ ամենամեայ համաժողովը,''Ընտրական իրաւունքի դատական պաշտպանութիւնը'' գլխաւոր թեմայով,անոր կը մասնակցին աւելի քան 30 երկիրներու եւ տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու շուրջ 150 ներկայացուցիչներ։ Ներկայ պիտի գտնուին նաեւ սահմանադրական դատարաններու, դաշնային ընտրական դատարաններու եւ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովներու նախագահներ եւ անդամներ ու նաեւ փորձագէտներ։

Համաժողովը պիտի արծարծէ ՜՜Դատարաններու դերը ընտրական գործընթացներու մէջ,գոտծօն ընտրական իրաւունքի վերականգնման մեքանիզմները եւ դատական պաշտպանութիւնը, Ընտրական գործընթացներու մէջ ընկերաբանութեան կիրառման միջազգային փորձը, Ընտրական գործընթացի մասնակիցներու պարտականութիւնները, Ընտրողներու ճշգրիտ ցուցակներու կազմումը՝՝ եւ այլ թեմաներ։

Համաժողովի ընթացքին պիտի կազմակերպուի ընտրական սարքաւորումներու եւ ծառայութիւններու ցուցահանդէս։

Նշենք որ՝ Եւրոպայի ընտրական իշխանութիւններու ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1991 -ին եւ ունի 23 անդամ-երկիրներ։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.