2009-09-02 13:36:50

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 18րդ տարեդարձը։


18 տարի առաջ հռչակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը՝ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի եւ Շահումեանի շրջանի տարածքներուն վրայ։ Անկախութեան հռչակումը կատարուեցաւ ժողովրդային հանրաքուէի մը կազմակերպումէն ետք եւ ՜՜համաձայն Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն՝՝։

ԼՂ Հ.ի անկախութեան հռչակումը ազրպէյճանական լուծէն, նոր էջ մը բացաւ ՜՜Արցախեան Ազատամարտի Տարեգրութեան՝՝ մէջ։

1991-ի 2 Սեպտեմբերէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղը հանդէս եկաւ ՜՜իբրեւ ինքնուրոյն ու գերիշխան միաւոր՝՝ վերականգնելով՝ ՜՜պատմական արդարութենէն մաս մը, որ զլացուած էր շրջանի հայութեան, 1923-ին Խորհրդային Միութեան երբեմնի ղեկավար Ստալինի կամայական մէկ որոշումին պատճառով՝՝։

Ղարաբաղեան պայքարը, յայտնի է, 1988-ին սկսաւ Միացում կարգախօսով։ Անկախութեան հռչակումը մարտավարական հնարք էր այդ նպատակի իրագործման ճամբուն վրայ, եւ հետագայ իրադարձութիւնները՝ յաջորդաբար Շուշիի եւ Լաչինի ազատագրումը՝ ազրպէյճանական լուծէն, եկան անգամ մը եւս վերահաստատելու անքակտելի կապը Արցախի եւ Մայր Հայաստանի միջեւ։

Այսօր, ուրեմն, Արցախի հայկականութեան նկատմամբ յանձնառութեան, Արցախի անվտանգութեան պահպանման նկատմամբ յանձնառութեան վերականգնումի օրն է։











 








All the contents on this site are copyrighted ©.